Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=
09 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ամէն տարի մեծ գումարներ կը ծախսէ աշխարհին համոզելու համար, որ ազրպէյճանցիները հանդուրժող մարդիկ են, որոնք կը յարգեն իրենց երկրին մէջ ապրող բոլոր փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները:
Անկախ անկէ, թէ Ազրպէյճանի լոպիիստները Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ որքա՛ն կեղծ միջկրօնական հանդիպումներ կը կազմակերպեն քրիստոնեայ եւ հրեայ ղեկավարները կաշառելու միջոցով, սակայն անկարելի է ծածկել ճշմարտութիւնը ազրպէյճանական անհանդուրժողականութեան մասին:
Ազրպէյճանի 10 միլիոն բնակչութեան 96 տոկոսը մահմետականներ են, որոնց մօտաւորապէս 65 տոկոսը շիա է, իսկ 35 տոկոսը` սիւննի: Պաքուի մէջ կ՛ապրին 15-20 հազար հրեաներ, մինչդեռ հոն հազիւ թէ հայ մնացած ըլլայ` արցախեան պատերազմի ժամանակ հայերու դէմ գործադրուած կոտորածէն եւ տեղահանութենէն ետք:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան` ամբողջ աշխարհի մէջ միջազգային կրօնական ազատութիւններու մասին վերջին (2017) ամէնամեայ զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճան խտրականութիւն կը բանեցնէ կրօնական որոշ խումբերու միջեւ, թէեւ երկրին օրէնքները կ՛արգիլեն կառավարութեան` միջամտելու անոնց գործունէութեան:
Ազրպէյճանի օրէնսդրութեան մէջ նշուած է, որ` «Կառավարութիւնը կրնայ լուծարել կրօնական կազմակերպութիւնները, եթէ անոնք կը յառաջացնեն ցեղային, ազգային, կրօնական կամ ընկերային թշնամանք. հաւատափոխութիւն այնպիսի ձեւով, որ «կը նուաստացնէ մարդու արժանապատուութիւնը» եւ կը խանգարէ աշխարհիկ կրթութիւնը…»: Պետական քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ` «Տեղական իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները եւ ուրիշները յայտարարած են, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ ֆիզիքական բռնութիւն կիրարկել կրօնական գործիչներու դէմ, նոյնիսկ` ձերբակալել եւ բանտարկել զանոնք: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, տարեվերջին բանտարկուածներու ընդհանուր թիւը եղած է 80 հոգի… Յունուարին եւ դեկտեմբերին դատարանները «Մահմետական միասնութիւն շարժման» առաջնորդները եւ Նարտարանի մէջ, 2015-ին, ոստիկանութեան գործողութեամբ ձերբակալուած միւսները դատապարտած են երկարաժամկէտ բանտարկութեան` բազմաթիւ գործիչներու կողմէ կեղծուած նկատուող մեղադրանքներով, որոնց շարքին` կրօնական ատելութեամբ եւ ահաբեկչութեամբ: Յուլիսին իշխանութիւնները աստուածաբան մը դատապարտած են երեք տարուան բանտարկութեան` արտերկրի մէջ իսլամութիւն ուսումնասիրելէ ետք կրօնական արարողութիւններ իրականացնելուն համար: Իշխանութիւնները ձերբակալած, տուգանքի ենթարկած կամ զգուշացուցած են բազմաթիւ մարդիկ` կրօնական չարտօնուած հաւաքներ կազմակերպելու մեղադրանքով: Ըստ կրօնական խումբերու, կառավարութիւնը կը շարունակէ մերժել կամ յետաձգել արձանագրութիւնը փոքրամասնութիւններու կրօնական խումբերու, որոնք կը նկատուին «ոչ աւանդական»` խանգարելով անոնց կրօնական արարողութիւնները եւ տուգանքի ենթարկելով մասնակիցները: Անցեալին արձանագրուած խումբերը, որոնք կառավարութեան պահանջով դարձեալ արձանագրուած են, կը շարունակեն խնդիրներ ունենալ այդ հարցով: Իշխանութիւնները թոյլատրած են որոշ խումբերու` ազատօրէն աշխատիլ, սակայն ուրիշներ կը նշեն դժուարութիւններ` իրենց կրօնը դաւանելու փորձերուն մէջ»:
Ասկէ անկախ, ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան, «Կրօնական տեղացի մասնագէտները հաղորդած են, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ փակել մզկիթները` զանոնք վերանորոգելու պատրուակով, սակայն կ՛ըսեն, որ իրական պատճառը այն է, որ կառավարութիւնը մտահոգ է, որ մզկիթները կը ծառայեն իբրեւ ծայրայեղական տեսակէտներու տարածման վայրեր: Կառավարութիւնը շարունակած է վերահսկել կրօնական նիւթերու ներկրումը, տարածումը եւ վաճառքը: Դատարանները տուգանքի ենթարկած են բազմաթիւ անձեր` կրօնական նիւթերու անթոյլատրելի վաճառքի կամ տարածման յանցանքով, թէեւ որոշ անձեր բողոքի միջոցով ջնջել տուած են իրենց տուգանքները: Կառավարութիւնը հովանաւորած է երկրին մէջ տեղի ունեցող դասընթացքները` կրօնական հանդուրժողականութեան նպաստելու նպատակով եւ պայքարած է կրօնական ծայրայեղականութիւն համարուող երեւոյթներու դէմ»:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ` «Կրօնական գրականութեան ապօրինի արտադրութեան, բաշխման կամ ներկրման պատիժը կրնայ ընդգրկել տուգանք` 2900-էն մինչեւ 4100 տոլար կամ մինչեւ երկու տարուան ազատազրկում` առաջին յանցանքի, եւ 4100-5300 տոլար տուգանք կամ երկուքէն հինգ տարի ազատազրկում` հետագայ յանցանքներու համար»:
Հակառակ այն հանգամանքին, որ Ազրպէյճանի սահմանադրութիւնը «որոշ դէպքերու պարագային թոյլ կու տայ այլընտրանքային ծառայութիւն», երբ զինուորական ծառայութիւնը կը հակասէ անհատական հաւատքին, սակայն չկայ այլընտրանքային ծառայութիւն թոյլատրող օրէնսդրութիւն, նաեւ` կրօնական հիմքերով, եւ ուրեմն զինուորական ծառայութենէ հրաժարողը կը պատժուի բանտարկութեամբ, քրէական օրէնսգիրքով մինչեւ երկու տարի ժամկէտով կամ զինուորական պարտադիր ծառայութեամբ», կ՛ըսուի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
«Սեպտեմբեր 30-ին իշխանութիւնները ձերբակալած են 30 տղամարդ, որոնք խախտելով տեղական հրամանագիրը` ոտքով յառաջացած են դէպի Գեանջայի (Գանձակ, Ա.) «Իմամզատէ» մզկիթը` նշելու աշուրան: Ոստիկանութիւնը քրէական գործ յարուցած է չորս անձերու նկատմամբ` անօրէնութիւններ գործելու եւ ոստիկանութեան դիմադրելու յանցանքով եւ` զանոնք նախնական կալանքի տակ պահած: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները յայտնած էին, որ ոստիկանութիւնը դաժանօրէն ծեծած է կալանաւորներէն շատերը», հաղորդած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Զեկոյցներ կային նաեւ ազրպէյճանական իշխանութիւններու անօրինական եւ տարօրինակ գործողութիւններուն մասին` ընդդէմ ընդդիմադիր խումբերու եւ անհատներու, որոնք կ՛ընկալուին իբրեւ արմատական մահմետականներ: Օրինակ, 2017-ի մայիս 31-ին «Շեքիի վերաքննիչ դատարանը ուժի մէջ պահած է սիւննի մահմետական Շահին Ահմետովի 880 տոլար տուգանքը` «ապօրինի» կրօնական հաւաք կազմակերպելուն համար: Ոստիկանութիւնը զայն ձերբակալած է աստուածաբան Սայիտ Նուրսիի գործերէն երեք ընկերներու համար բարձրաձայն կարդալու պահուն` ապրիլ 18-ի դաշտագնացութեան ժամանակ», հաղորդած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Վերջապէս, «Կրօնական տեղացի մասնագէտները հաղորդած են, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ փակել մզկիթները` զանոնք վերանորոգելու կամ վերականգնելու պատրուակով. անոնք կ՛ըսեն, որ կառավարութեան իրական շարժառիթը կրօնական ծայրայեղականութեան ընկալման հակազդելն է: Փակուէլէ ետք, մզկիթները կը շարունակեն փակ մնալ: Օրինակ, հին Պաքուի Աշուրպէյ մզկիթը, սալաֆիներու կողմէ պաշտամունքի սիրուած վայր դառնալէ ետք, իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ անիկա վերանորոգման կարիք ունի եւ փակեցին զայն 2016 յուլիսին»: Մինչեւ 2017-ի աւարտը մզկիթը տակաւին փակ էր` ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան:
Ի վերջոյ կը պարզուի, որ անդադար իբրեւ «հանդուրժողական» ծանուցուող Ազրպէյճանը այդքան ալ «հանդուրժողական» չէ: Անոր «մեղմ» օրէնքները կը մնան միայն թուղթի վրայ` անտեսուելով ոստիկանութեան եւ դատաւորներու կողմէ:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
aztagdaily.com/archives/400119