Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=
06 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ ազրպէյճանական դիրքերու ամրապնդման փորձերը բաւական նշանակալից իրադարձութիւն են եւ կը յուշեն Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ հետապնդուող ռազմական նպատակներու մասին, որոնք բարեբախտաբար կը գտնուին Հայաստանի իշխանութիւններուն ուշադրութեան ծիրին մէջ:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Նախիջեւան այցելութիւնէն ետք նկատելի եղան ազրպէյճանական ուժերու շարժումներ եւ տեղաշարժեր, որոնց ընդհանուր նպատակը քարոզչական չէ, այլ` ազրպէյճանական բանակին մարտունակութեան բարձրացումը:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը թէեւ ազրպէյճանական մամուլը կը ջանայ ներկայացնել յաղթանակ մը, բնաւ չեղաւ այն, ինչ որ Պաքուի իշխանութիւնները ջանացին վերածել: Այսինքն ոչ մէկ ձեւով նպաստեց ազրպէյճանական բանակին մարտունակութեան ամրապնդման: Ասիկա բաւական լուրջ խնդիր մըն է Ալիեւի իշխանութեան համար, որովհետեւ այսպէս կոչուած ազրպէյճանական տարածքներ գրաւած թշնամիին դէմ կռուելու բարոյահոգեբանական պատրաստութիւնը այնքան ալ նախանձելի մակարդակի վրայ չի գտնուիր:
Ուրեմն կարիքը կար նոր մարտադաշտի մը, որպէսզի ազրպէյճանցի զինուորին համար վերածուէր մղումի եւ խանդավառութեան կիրքեր հրահրող ազդակի մը: Նախիջեւան ասիկա կրնար կատարել` ըստ Պաքուի իշխանութիւններուն:
Եւ ահա յունիս 20-ին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց տեսանիւթ մը` Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան մէջ կատարուած գործողութիւններու մասին: Դրուագներէն մէկուն մէջ կը յայտարարուէր, որ հայկական Արենի գիւղը եւ Հայաստանի համար ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող մայրուղիին Երեւան- Եղէգնաձոր հատուածը փաստացիօրէն կը գտնուին ազրպէյճանական ուժերուն նշանակէտին տակ: Այս մայրուղին հայկական երկու մայրաքաղաքները` Երեւանն ու Ստեփանակերտը իրարու կը միացնէ ցամաքային ճամբով:
Տեսանիւթին մէջ նաեւ կը յայտարարուէր, որ ազրպէյճանական ուժերը հայկական շուրջ տասնմէկ հազար հեկտար հայկական տարածք գրաւած են եւ տեղակայած` նոր դիրքեր, ինչպէս նաեւ կառուցած են յիսուն քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհ մը:
Ազրպէյճանական այս յերիւրանքին հակադարձեցին հայկական բանակին եւ պաշտպանութեան նախարարութեան լիազօր մարմինները, թէ`
Առաջին.- Հայկական Արենին եւ մայրուղիին Երեւան – Եղէգնաձոր հատուածը հայեւազրպէյճանական սահմանէն 5200 մեթր հեռու է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ գնդացիրներէ չէ, որ կարելի է կրակի տակ առնել զանոնք, այլ պէտք է մեծ տրամաչափի զինատեսակներ, ինչ որ անպատասխան չի կրնար ձգուիլ, մանաւանդ որ 1400 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող հայկական դիրքերուն անմիջական նշանառութեան տակ գտնուող ազրպէյճանական կրակակէտերը շատ դիւրին հասանելի թիրախներ են:
Երկրորդ.- Այն տարածքները, որոնք ըստ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած տեսանիւթին, գրաւուած հայկական տարածքներ են, խորքին մէջ կը գտնուին ազրպէյճանական ծիրին մէջ եւ բնաւ հայկական տիրապետութեան տակ չեն եղած: Հետեւաբար բաւական ծիծաղելի էր ազրպէյճանական տարածքներ ազատագրելու մասին Պաքուի իշխանութիւններուն պնդումները:
Երրորդ.- Հայկական կողմը յստակացուց, որ բնաւ կրաւորական կեցուածքի մէջ պիտի չմնայ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ սահմանին վրայ ազրպէյճանական ուժերու տեղաշարժերուն նկատմամբ, եւ ասոր իբրեւ ապացոյց` անցեալ շաբաթավերջին հայկական դիրքերէ կրակ բացուեցաւ եւ կանխարգիլուեցաւ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ դիրքային ամրապնդման աշխատանքները` Նախիջեւան-Հայաստան սահմանային կէտերու վրայ: Այդ դիրքերէն մէկն ալ ամբողջութեամբ քանդուեցաւ:
Իլհամ Ալիեւ մայիս 16-ին Նախիջեւանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահ ՎասիՖ Թալիպովի հետ իր տեսակցութեան ընթացքին կատարեց թելադրանք` զգուշ ըլլալու հայկական կողմի ռազմական գործողութիւններուն հակադարձելու համար: Բայց երկար տարիներէ ի վեր այս ճակատը շատ հանդարտ եւ կայուն էր, եւ զինուորական ոչ մէկ լարուածութիւն ստեղծուած էր: Ասիկա անշուշտ չէր վրիպած Պաքուի իշխանութիւններուն ուշադրութենէն եւ ահա քաղաքական շահագործման լաւ նիւթի վերածուեցաւ` իբր թէ տարածքներու ազատագրմամբ ազրպէյճանական արժանապատուութիւնն ու եսը ամրապնդելու համար:
Եւ հայկական կողմին զգօնութիւնը ձախողութեան մատնեց ազրպէյճանական բաւական միամիտ այս գործողութիւնը:
aztagdaily.com/archives/399763