Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=
12 ՅՈՒՆԻՍ 2018 – ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ:
Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած «Եգիպտոտի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերը» գիտաժողովի երկրորդ հանգրուանը աւարտեց իր աշխատանքները: Երկհանգրուան այս գիտաժողովի առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ Գահիրէի մէջ, 12 եւ 13 Ապրիլ 2018ին, իսկ երկրորդը՝ 29 եւ 30 Մայիս 2018ին Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:
Երեքշաբթի, 29 Մայիսի առաւօտեան պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, ՄԱՀԱԵՄի ներկայացուցիչ վերապատուելի Նշան Պագալեան եւ վեր. Հրայր Չոլաքեան, եգիպտահայ հիւրեր, Միջին Արեւելքի հայօճախներու պատմութեամբ հետաքրքրուող մտաւորականներ:
Կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց եւ նշեց. «Այս գիտաժողովներուն շարքին հինգերորդով հատած կ՛ըլլանք ծրագրուած շարքին կէսը։ Գահիրէի մէջ կայացած երեք նիստերու 10 զեկուցողներուն կու գան աւելնալու 7 նիստերու 26 ուրիշ զեկոյցներ»: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլոր մասնակիցներուն, ան նշեց որ մասնակիցներու «անձնական, ընտանեկան, հաւաքական-ազգային, թէ գիտական ենթահողէ բխած զեկոյցները չեն սահամանափակուիր լոկ գիտելիքի փոխանցումով: Այդ գիտելիքին մէջ կայ գնահատանք՝ իրագործուածին հանդէպ, պայքար՝ գոյատեւումի, ճիչ՝ աջակցութեան, կոչ՝ որոնումի, թելադրանք՝ խորաթափանց եւ այլատեսակ վերլուծումներու, մարտահրաւէր՝ գալիքի»: Ան աւելցուց թէ, այս հաւաքը ե՛ւ գիտաժողով է, ե՛ւ խորհրդաժողով, նաեւ՝ իւրօրինակ դրսեւորումը հայու տագնապին, որ միշտ կը դիմափոխուի, կը փոխակերպուի՝ ի դիմաց հայու գիտաքննական միտքին եւ յարափոփոխ միջավայրին: Գիտաքննական այդ միտքը հաւանաբար բնազանցական տագնապը կ՛ապրի ինքնութենական գոյութենութեան: Ան գիտաժողովին մեծագոյն բացական նկատեց «ներսփիւռքեան փոխյարաբերութիւններու տարածքը, որուն ռազմավարական կարիքը տակաւ կը շեշտուի, մանաւանդ երբ նկատի կ՛առնենք Միջին Արեւելքի այս հայօճախներուն նօսրացումն ու տկարացումը, որուն դիմաց համաշխարհայնացման հետեւանքով զօրացող անդրսահամանայնութիւնը եւ «սոֆթ» փաուըրը աներեւակայելի հնարաւորութիւններ կը յառաջացնեն: Ան հրաւիրեց ներկաները «առաւել ուշադրութեամբ խորհրդածելու եւ գործելու՝ շրջանի եւ ընդհանրապէս հայութեան անդրսահմանային, ներհայկական ցանցակալման, փոխջրդեղումի, զօրակցումի եւ փոխաջակցութեան առնչութեամբ»:
Դոկտ. Տագէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան, որ այս տարի եւս նիւթաբարոյապէս աջակցեցաւ այս գիտաժողովին իրականացման՝ աւելցնելով. «Խորքին մէջ, գրեթէ անկարելի էր երեւակայել – նկատի ունենալով դիմագրաւուած նիւթական դժուարութիւնները – այս գիտաժողովին կայացումը՝ առանց «Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան ամուր եւ վճռական թիկունքին»:
Վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք արտասահմանէն ժամանած հիւրերուն եւ լիբանանահայ ներկաներուն՝ ըսաւ. «Անգամ մը եւս, Սփիռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը մեզ կը հաւաքէ իր փեթակին շուրջ ծանօթանալու, վերյիշելու կամ ուսումնասիրելու նոր տարածաշրջան մը, երբ երկար տասնամեակներ շարունակ հայուն զարկերակը իր հիմնադիր ու ստեղծարար ազդեցութիւնը ունեցած է սփիւռքեան կեանքին վրայ տեղական սահմաններէն շատ անդին: Ասոր մէկ նմուշը տեսանք աւելի քան ամիս մը առաջ Գահիրէի մէջ, ուր վայելեցինք գաղութի առաջնորդարանին, միութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հիւրընկալութիւնն ու մտաւորական եւ ազգային ներդրումը։ …Մեր տարիներու գիտաժողովները կազմակերպուած են պատմութեան, քաղաքականութեան, աշխարհագրութեան, ժողովրդագրութեան, տնտեսագիտութեան, սփիւռքագիտութեան, լեզուաբանութեան եւ արուեստներու ուսումնասիրութեան մարզերու եւ անոնց հանդիպման կէտերու սերտողութեան նպատակով: Մեր լսած զեկուցումներուն մէջ թերեւս նուազ շեշտ դրուած է հոգեբանութեան, աստուածաբանութեան եւ մարդաբանութեան մարզերուն վրայ: Հոն, ուր երկու հայեր գիտաժողովի համար կը հաւաքուին, հոն կը ծնի նոր հայկական յուշահանդէս մը, պատմութիւն մը, ազգային նիւթերու քոնկրես մը, ներուժ մը: Իսկ երբ երկու հայեր «Հայկազեան»ի մէջ հանդիպին, անոնց փորձառութիւնը կը համեմուի տեղական ու օտար անձնաւորութիւններու եւ մշակուած միտքերու իւրայատուկ հարստութեամբ մը»:
Վեր. Հայտոսթեան գնահատեց կեդրոնին եւ աշխատակիցներուն ազնիւ ջանքերը, երախտագիտութիւն յայտնեց «Կիւլպենկեան» հիմնարկի Հայկական բաժինին, եւ բոլոր ներկաներուն՝ իրենց գործօն մասնակցութեան համար եւ բարեմաղթեց, որ «այս գիտաժաղովը ըլլայ օրհնաբեր, շինիչ եւ կողմնորոշուած դէպի ամուր ապագայ»:
Ապա խոհուն վերլուծութեամբ մը, «Արմինիըն Նեշընլ Ինսթիթիութ»ի (ANI) տնօրէն, վաստակաշատ ցեղասպանագէտ դոկտ. Ռուբէն Ատալեան «By the Nile and the sea, the currents and tides of modernity and the role of the Armenian Diaspora of Northeast Africa» վերնագրեալ դասախօսութեամբ բացառիկ խորութեամբ եւ վերլուծումով ներկայացուց Ափրիկէի վերջին երկու դարերու քաղաքատնտեսական եւ ընկերամշակութային համառօտ համապատկերը: Ան խորացաւ Ափրիկեան Եղջիւրի շրջանին վերիվայրումներուն, արդիականացման ներքին եւ արտաքին գործօններու շփումներէն յառաջացած ուժականութեան ու այդ «թոհուբոհ»ին մէջ շրջանի ժողովուրդներուն, հայ փոքրամասնութեան, պետական դէմքերու հակադարձութիւններուն ու կրած ազդեցութիւններուն: Քարտէսներով, փաստաթղթային լուսանկարներով ներկայացուած այս դասախօսութիւնը յառաջացուց այն ենթահողն ու միջավայրը, ուր լուսաբանուեցան յաջորդող 26 զեկոյցները:
Գումարուեցան եօթ նիստեր, որոնց ընթացքին զեկուցեցին Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Եգիպտոսէն, Եթովպիայէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն եւ Միացեալ Թագաւորութենէն ժամանած փորձագէտներ ու մասնագէտներ: Զեկոյցները խմբաւորուած էին ըստ բնագաւառներու. 1) Պատմութիւն մինչեւ Ի. դարասկիզբ, 2) Ցեղասպանութիւն, նպաստամատոյց եւ պետութիւն, 3) Եգիպտահայութիւնը 1940-80ականներուն, 4) Երիտասարդութիւն, ինքնութիւն, եգիպտահայութիւնը այսօր, 5) Կրթութիւն եւ ժառանգ, 6) Սուտանի հայօճախը, 7) Եթովպիոյ հայօճախը:
Հայրենի երիտասարդ պատմաբան Վահէ Սարգսեան լուսարձակի տակ առաւ Հայ-եգիպտական հնագոյն կապերը՝ հիմնուելով Վանի, Կարմիր Բլուրի, եւ Մեծամօրի մէջ պեղուած եգիպտական գտածոներուն վրայ: Փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեան բացայայտեց Վերին Եգիպտոսի Սպիտակ Վանքի որմանկարներուն հայկականութիւնը, որմանկարիչին անունն ու ժամանակը: Շուէտի արքայական թանգարանի աշխատակից Անն Կրոնհամար ներկայացուց Եգիպտոսի խտիւի նուիրակ եգիպտահայ Օհան Տէմիրճեանի շուէտական գործունէութիւնը եւ իբրեւ Շուէտի թագաւորի ներկայացուցիչ՝ Եգիպտոսի մէջ անոր գործունէութիւնը: ՀՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան ըրաւ պատմականը եգիպտահայ թեմին, զայն բաժնելով չորս հանգրուաններու: Եգիպտահայ պատմաբան Արմին Քրէտեան վերլուծեց Գահիրէի հայոց 1906ի եւ Աղեքսանդրիոյ հայոց 1911ի մարդահամարներուն տուեալները, ահազանգելով նաեւ արխիւային նիւթերու հանդէպ առկայ անհոգ վերաբերումը: Քալիֆորնիոյ Նորթրիճ համալսարանի տնօրէն, Ժամանակակից եւ դասական լեզուներու եւ գրականութեան բաժանմունքի հայագիտութեան բաժինի տնօրէն դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան ներկայացուց Փորթ Սայիտի գաղթակայանի հիմնումը եւ նկարագրեց գաղթականներուն կեանքը՝ անոնց այնտեղ կեցութեան շուրջ չորս տարիներուն ընթացքին: Փրոֆ. Հիլմար Քայզեր լուսարձակի տակ առաւ Գրիկերի (Գրիգոր Կէրկէրեան) ուղենշային ուսումնասիրութիւնները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ առարկեց, որ ցեղասպանագիտութիւնը միայն վերջերս հասաւ վերլուծական այն մակարդակին, որուն առաջին քայլերը առած էր Գրիկեր: Միննըսոթայի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Ճան Արմաճանի վերլուծեց Եգիպտոսի սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները՝ փոքրամասնութեանց եւ մարդկհային իրաւանց հանդէպ: Ան ընդգծեց անոնց ունեցած ազդեցութիւնը Եգիպտոսի հայօճախին վրայ: Եգիպտահայ մտաւորական Հայկ Աւագեանի «Արեւ» օրաթերթին մէջ Վահան Թէքէեանի լոյս ընծայած յօդուածներուն վերլուծութեան ու անոնց բովանդակային յախուռն ընթացքին խորաթափանց եւ արդիական ուսումնասիրութիւնը կարդաց դոկտ. Մարուշ Երամեան: Դոկտ. Գէորգ Եազըճեան ընդհանուր աժեւորում մը կատարեց եգիպտահայութեան վերաբերող խոր-հրդային արխիւներու գաղտնի փաստաթուղթերուն: Փրոֆեսէօր Վերժինէ Սվազլեանի եգիպտահայ հայրենադարձներու՝ Հայաստանին ունեցած նպաստին համապարփակ յօդուածը կարդաց դոկտ. Եազըճեան ի բացակայութեան փրոֆ. Սվազլեանի:
Հայաստանի Ազգային արխիւի վաստակաւոր հետազօտող Գոհար Աւագեան ծանրացաւ Գահիրէի Հայոց առաջնորդարանի արխիւի նիւթերուն վրայ, նաեւ ընդգծեց ընդհանրապէս սփիւռքահայ արխիւներու կարեւորութիւնը՝ հայագիտական մերօրեայ պրպտումներուն համար: «Նորավանք» գիտակրթական կեդրոնի գիտական քարտուղար Վահրամ Հովեան տուաւ պատկերը Եգիպտոսի հայ համայնքի մերօրեայ լրատուամիջոցներու վիճակին, բովանդակութեան, առաքելութեան, եւ գնահատականը կատարեց համացանցի վրայ անոնց ներկայութեան: Լիմի Չոլաքեան-Խունկանեան ներկայացուց Եգիպ-տոսի Հայ աւետարանական համայնքը՝ անդրադառնալով Ի. դարասկիզբի անոր կազմաւորման եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ համայնքի ներկայ իրավիճակին: Եգիպտահայ Թովմաս Զաքարեան՝ իբրեւ անդամը «Երիտասարդ Հայ»ի նմանակ եգիպտական «Հոկտեմբեր» պարբերականի խմբագրակազմին, ներկայացուց «Հոկտեմբեր»ը, անոր գաղափարախօսական ելակէտերը, անոր ձեռնարկող երիտասարդներուն մտահոգութիւնները: Իսկ Ժիրայր Դանիէլեան հակիրճ կերպով ներկայացուց «Հոկտեմբեր»ի պէյրութեան տարբերակ «Երիտասարդ Հայ»ը: Երկու ելոյթները զուգահեռներ գծեցին եւ ի յայտ բերին հայօճախներու մէջ երիտասարդ, նորարար, ըմբոստացող ալիքներուն իրարմէ անկախ եւ անջատ գոյութեան մը փաստը: Շահեկան էր սփիւռքագէտ, միջազգային համբաւի տիրացած Diaspora պարբերականի խմբագրակազմի անդամ դոկտ. Սօսի Գասպարեանի յառաջ քաշած տեսութիւնը. ան եգիպտահայերը նկատեց լուռ աշխարհաքաղաքացիներ՝ ժամանակակից Եգիպտոսի մէջ: Քննարկումներուն ընթացքին դոկտ. Գասպարեանի այս տեսութիւնը նկատուեցաւ ընդհանրական վիճակը նաեւ Սփիւռքի շարք մը այլ հայօճախներու հայութեան: Շահեկան էր երիտասարդ եգիպտահայ Ասփէ Ճիզմէճեանի նիւթը. ան քննարկեց ինքնութեան մտային թէ արուեստի ընկալման երեսակները՝ Եգիպտոսի հայօճախին մէջ: Նախկին հալէպահայ, ներկայիս եգիպտահայ ուսուցչուհի եւ հայերէնի դասախօս դոկտ. Երամեան բարձրաձայնեց եւ տեսականացուց արեւմտահայերէնի ուսուցման խնդիրները՝ եգիպտահայ դպրոցին մէջ: Անոր ի պատասխան Հայկազեան համալսարանի դասախօս, կրթական մշակ Շաղիկ Խիւտավերտեան համեմատական զուգահեռներ գծեց լիբանանահայ դպրոցին առնչութեամբ եւ տուաւ անոր տեղին, դերին եւ բնոյթին հաւատամքը: Համալսարանական հայ ուսանողութեան եգիպտահայ համապատկերը ներկայացուց երիտասարդ հետազօտող, եգիպտահայ Այգ Զաքարեան:
Եգիպտահայ համալսարանական ուսանողութեան ուսումնական տուեալներուն հասանելիութիւնը առիթ տուած է Զաքարեանի, որ կատարէ նման հայագիտականօրէն հազուադէպ (թերեւս իր բնոյթով՝ առաջինը) ուսումնասիրութիւն: Ճարտարագէտ, դոկտ. Նայիրի Համբիկեան լուսարձակը բեւեռեց Սփիւռքի շինարարական ժառանգին վրայ, եւ մեկնելով եգիպտահայ փորձէն (ուր եգիպտահայ պատկան իշխանութիւնները գործնապէս լծուած են վերականգնելու եգիպտահայ անցեալի ժառանգը)՝ ան նկարագրեց եգիպտահայ առկայ հնագոյն գերեզմանատան վերականգնումի եւ բարեկարգումի աշխատանքները: Համբիկեան ընդգծեց, որ սփիւռքահայ աւանդը Մար Մինայի գերեզմանատունով կարելի է դրսեւորել նաեւ շինարարական թէ շօշափելի փաստերով: Դոկտ. Համբիկեան նաեւ շահեկան տեսաբանական դրոյթ մը ներկայացուց սփիւռքահայ աւանդին ու ժառանգին մասին: Փրոֆ. Արմաճանի ներկայացուց Հիւսիսային Սուտանի եւ Եթովպիոյ սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները՝ փոքրամասնութեանց եւ մարդկային իրաւանց հանդէպ, ու ընդգծեց անոնց ունեցած ազդեցութիւնը Եթովպիոյ եւ Սուտանի հայօճախին վրայ: Երիտասարդ արխիւագէտ Աննա Աւագեան Հայաստանի Ազգային արխիւի նիւթերու հիմամբ ներկայացուց Սուտանի հայ համայնքի պատմութիւնը՝ ԺԹ. դարավերջէն մինչեւ մեր օրերը: Դոկտ. Արտակ Մաղալեան ներկայացուց Եթով-պիա այցելած հայ ուղեգիրներուն ճանապարհորդական գիրքերը, նոթերը եւ արժեւորեց զանոնք: Փարիզի ՀԲԸՄի Նուպարեան մատենադարանի երիտասարդ եւ աշխուժ տնօրէն դոկտ. Պորիս Աճէմեան իր զոյգ դասախօսութիւններով ներկայացուց հայերու աւանդը Եթովպիոյ, մանրամասնեց Եթովպիոյ կայսերական ֆանֆարի Երուսաղէմի Արարատեան որբանոցի սաներուն մասին, եւ մանրամասնեց, թէ ինչպէս Եթովպիան՝ իբրեւ ուղղափառ երկիր, եթովպահայերուն համար նկատուած է հայրենիք եւ թէ ի՛նչ քաղաքականութեամբ Եթովպիոյ կայսրերը ներգրաւած էին հայերը պետական ծառայութեան համակարգին մէջ: Շահեկան էր նաեւ Ռուբինա Սվաճեան-Քինկուէլի զեկոյցը իր հօր՝ արքայական ոսկերիչ Պետրոս Սվաճեանի մասին: Սվաճեան ներկայացուց անոր հաստատուիլը Եթովպիա, եւ թէ ինչպէ՛ս ան ստացած էր կայսեր պաշտօնական արտօնագիրը՝ ոսկերչական արտադրամաս հիմնելու մասին:
Գիտաժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում եւ ընդհանուր արժեւորում, ուր կարեւոր նկատուեցան նման գիտաժողովներու անհրաժեշտութիւնը, անոնց յառաջացուցած խթանը՝ նմանատիպ ուսումնասիրութիւններու եւ նման գիտաժողովներու համար անհրաժեշտ նիւթաբարոյական աջակցութիւնը:
Նիստերէն մէկուն աւարտին ներկայացուեցան վերջին երեք տարիներուն Հայկական Սփիւռքին նուիրուած արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն լոյս տեսած խումբ մը գիրքեր, որոնցմէ ոմանց հեղինակները ամփոփ գիծերու մէջ մանրամասնեցին իրենց երկերուն որոշ երեսակները:
Գիտաժողովի տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան ունկնդիրներ, սփիւռքի նախարարութեան երկու պաշտօնատարներ, եգիպտահայ, Միջին Արեւելքի հայօճախներու ժամանակակից պատմութեամբ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ուսումնասիրութեամբ զբաղող փորձագէտներ, հետազօտողներ, մտաւորականներ, շաղախուեցան նոր մտածումներ, հաստատուեցան նոր ծանօթութիւններ եւ յարաբերութիւններ, որոնք կը ծառայեն սփիւռքագիտութեան:
Գիտաժողովը նաեւ իւրօրինակ երախտիք եւ ճանաչում էր Ափրիկեան Եղջիւրի հայութեան կատարած հայկական եւ մարդկային ճիգերուն:
Կեդրոնի կազմակերպած վերջին հինգ տարիներու գիտաժողովները Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Իրաքի եւ Եգիպտոս-Սուտան-Եթովպիոյ հայօճախներուն բեւեռուող լուսարձակներ են, որոնք նոր եւ հրատապ այժմէականութիւն կու տան Միջին Արեւելքի սփիւռքագիտութեան զարգացման, մղելով առնչուող հայութիւնը իր պատմութիւնը, դէպքերն ու զարգացումները շրջանի համապատկերով, Միջին Արեւելքի անդրսահմանային հայեցակարգով դիտելու եւ ընկալելու:
Բարերար Երջօ Սամուէլեանի նուիրատուութեամբ կեանքի կոչուած Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը շնորհակալ է «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժինին, որ նիւթական կարեւոր աջակցութեամբ մը գնահատեց գիտաժողովը:
Գիտաժողովին նիւթերը պիտի հրատարակուին յառաջիկային: Արդէն լոյս տեսած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայօճախներուն նուիրուած գիտաժողովի հատորները. շուտով կը հրապարակուի Յորդանանի գիտաժողովին նիւթերուն հատորը:
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆ
asbarez.com