Ակնարկ. Միջազգային Փաստաթուղթերով Նշուած Հայկական Ամրագրումներ

23 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ:

Լրագրողներուն հետ վարչապետ Փաշինեանի ունեցած հանդիպումը շօշափեց հարցերու լայնածիր շրջագիծ:

Եթէ լուսարձակի տակ առնենք արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ վարչապետին կատարած պարզաբանումները, ապա այնտեղ կը նկատենք երանգային որոշ շեշտադրումներ, որոնք ընդհանուր գիծերու մէջ կը պահեն իր կատարած յայտարարութիւններու հետեւողականութիւնը:

Այսպէս. նախ բառացի մէջբերենք այս պարագային պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը պարզաբանող վարչապետին խօսքը. «Առանց Արցախի ժողովուրդի մասնակցութեան Արցախի հարցի լուծում չի կրնար կայանալ: Բոլոր փաստաթուղթերուն մէջ արձանագրուած է, որ վերջնական փուլին պէտք է Արցախը ներգրաւուած ըլլայ գործընթացին մէջ. եթէ մենք կը խօսինք վերջնական կարգաւորումի մասին, ուրեմն Արցախը պէտք է ներգրաւուած ըլլայ. մինչեւ այդ, պէտք է շարունակուին քննարկումները. ինչպէս Ստեփանակերտի մէջ յայտարարած էի ասուլիսի ժամանակ, մենք պատրաստ ենք բանակցելու Ազրպէյճանի նախագահին հետ. բանակցութեան նիւթ կայ. պէտք է ամբողջական նիւթերուն ծանօթանանք. բանակցութիւնը նոյնքան օգտակար է. պէտք է որոշակի վստահութեան մթնոլորտ ստեղծուի, որպէսզի հարցը կարգաւորուի: Մենք պատրաստ ենք ջանքեր գործադրելու մթնոլորտ ձեւաւորելու համար. անընդունելի է Պաքուի ռազմաշունչ հռետորաբանութիւնը. Հայաստանը չի խաթարեր մթնոլորտը»:

Այստեղ աւելի պարզ կը դառնայ իր վերջնական համաձայնութիւնը տալու արցախեան կողմին բացարձակ իրաւունքը: Նախապէս խօսուած էր Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձի անհրաժեշտութեան մասին եւ որոշ անմիջականութեան մղում փոխանցուած այդ առումով: Հիմա թէեւ վերջնական փուլին արցախեան կողմի ներգրաւուածութեան մասին հաստատում կը կատարուի կամ վերջնական կարգաւորման գործընթացին Արցախի ներգրաւման հրամայականին կ՛ակնարկուի, սակայն կարեւորագոյն պարզաբանում կը ձեւակերպուի եւ պայմանականութիւնը առաւել եւս կ՛ընդգծուի:

Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձը ենթադրել կու տար վերջնական համաձայնագիրի կնքումին համար եռակողմ ստորագրութիւն: Ենթադրաբար նաեւ, որ եթէ պաշտօնական Ստեփանակերտը ներկայացնող Արցախի Հանրապետութեան օրուան իշխանութիւնները իրենց համաձայնութիւնը տային քննարկուող փաստաթուղթին կամ համաձայնագիրի կէտերուն, այդ պարագային բանակցող Երեւանը եւս համադրելով իր քննարկումները Ստեփանակերտի հետ կը վերջնականացնէ իր դիրքորոշումը լուծման տարբերակին:

Վարչապետը կը շրջէ այս պատկերացումը կարեւոր յստակացումով մը: Պաշտօնական Երեւանի եւ պաշտօնական Ստեփանակերտի իրաւասութիւններէն վեր` Արցախի՛ ժողովուրդն է, որ առաջադրուած լուծման տարբերակին պէտք է տայ իր համաձայնութիւնը: Որովհետեւ վարչապետին բառերով` առանց Արցախի ժողովուրդի մասնակցութեան Արցախի հարցի լուծում չի կրնար կայանալ:

Արցախի մասին վարչապետին կատարած պարզաբանումներու ամբողջութիւնը նկատի ունենալով` բանակցային կամ առհասարակ կարգաւորման ճանապարհային քարտէսի հետեւեալ ուրուագծումը տեսանելի կը դառնայ:

Բանակցութիւնները կը շարունակուին` հիմնականին մէջ լուծման համար անհրաժեշտ մթնոլորտը ձեւաւորելու համար: Այդ մթնոլորտի ձեւաւորման համար անհրաժեշտ են միջազգային միջնորդներու մասնակցութեամբ կայացած պայմանաւորուածութիւններու յարգումը (ինչ որ կը կատարէ հայկական կողմը): Այդ մթնոլորտի ձեւաւորման չի նպաստեր Պաքուն, այլ ընդհակառակն` կ՛արգելակէ նման առաջադրանքներու իրականացումը հրադադար խախտելով, ռազմական պիւտճէ ուռճացնելով, ռազմատենչ հռետորաբանութեան թափ տալով: Հակառակ այդ բոլորին, հայկական կողմը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ առաջադրանքի կատարման համար իր ներդրումը ունենալու:

Այդ մթնոլորտի ձեւաւորումէն ետք Ստեփանակերտը կը ներգրաւուի բանակցութիւններուն իբրեւ բանակցող կողմ: Վերջնական փուլը չի նշանակեր անշուշտ համաձայնութեան ստորագրութիւն: Որովհետեւ բառակապակցութիւնները այստեղ յստակ են. Արցախը կը ներգրաւուի կարգաւորման գործընթացին: Գործընթաց է, որ կը սկսի սկզբունքով յանգելու համար վերջնական համաձայնութեան: Իսկ որեւէ վերջնական համաձայնութիւն չի կայանար առանց Արցախի ժողովուրդի մասնակցութեան, ժողովրդավարական կարգերով ղեկավարուող պետութեան մը համար առանց հանրաքուէի, առանց ժողովուրդի կամ արտայայտութեան:

Ի դէպ, վարչապետ Փաշինեանի կատարած այս երանգային շեշտադրումները միջազգային տարբեր փաստաթուղթերու մէջ ունին իրենց նշումները: Առ այդ, ի տարբերութիւն Պաքուի, Երեւանը նոյն լեզուն, նոյն մասնագիտական բառապաշարը, քաղաքագիտական նոյն ըսելաձեւերը կ՛օգտագործէ թէ՛ ներքին լսարանին համար եւ թէ՛ միջազգային տարբեր ատեաններուն մէջ:

Հրապարակուած փաստաթուղթերուն մէջ նշումներ կան անժամկէտ հանրաքուէի եւ այդ հանրաքուէի մասնակիցներու (այս պարագային գաղթականներու վերադարձով պայմանաւորուած) գործադրելիութեան հաւանականութիւնը անորոշ ձգող կէտերու մասին:

Այս շփոթը հայկական պարզաբանումներուն մէջ կը փարատի, երբ մտաբերենք վարչապետին կատարած նախորդ յայտարարութիւնը այն մասին, որ Արցախի ազրպէյճանական համայնքը արդէն մասնակից է բանակցութիւններուն: Անոնք ստացած են ազրպէյճանական քաղաքացիութիւն եւ մասնակցած արցախեան հակամարտութեան բանակցային կողմ համարուող Ազրպէյճանի նախագահի ընտրութիւններուն: Նախագահ Ալիեւ իրաւականօրէն զիրենք ամբողջովին կը ներկայացնէ արդէն: Ուրեմն պարզ է այստեղ Արցախի ժողովուրդի պատկերացումը եւ հանրաքուէով իր համաձայնութիւնը տալու արցախահայութեան կամքի ամրագրման վարչապետին կողմէ ընդգծուած հրամայականը:

aztagdaily.com/archives/402095

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail