25 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
««Ինչ ըսես` լսած ենք այդ առումով, բայց, ինչպէս կը տեսնէք, բոլորը կու գան-կ՛երթան, Դաշնակցութիւնը կը մնայ»:»»
Որեւէ խոչընդոտ չկայ, որ ՀՅԴ-ն մտնէ այս ընտրապայքարին մէջ, բայց վերջնական որոշումը պիտի տայ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը. Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն պիտի մասնակցի՞ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն:
«Մասնակցութեան հարցը կը լուծէ Գերագոյն մարմինը, որովհետեւ շատ խնդիրներ կան` այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ ձեւով պիտի երթանք ընտրութեան` մասնակցութեան նախկին ձեւաչափո՞վ, թէ՞ ինչ որ նոր ձեւաչափով: Ներկայիս պայմանները կը թելադրեն նաեւ համապատասխան քաղաքական տեղի ու դերակատարութեան ճշդում: Ի վերջոյ, ատիկա քաղաքական լուրջ ընտրութիւն է: Ստեղծուած իրավիճակը Գերագոյն մարմինը կը վերլուծէ եւ կ՛ըսէ իր վերջնական որոշումը», ըսաւ Ռուստամեան:
Դիտարկումին, թէ ի՞նչ պիտի փոխուի ընտրական հոլովոյթին մէջ, կ՛ենթադրուի, որ ՀՀԿ-ն թեկնածու չառաջադրէ, ան արձագանգեց, որ ստեղծուած է նոր քաղաքական իրավիճակ: «Երեւանն ալ այդ քաղաքական զարգացումներուն թատերաբեմը եղած է: Եւ, վստահաբար, այս նոր իրողութիւնները պիտի պարտադրեն նաեւ նոր մօտեցումներ ամէն քաղաքական ուժի, որ իր մարտավարութիւնը ճշդէ, քարոզչութեան ձեւերն ու մեթոտները մշակէ, եւ, վստահաբար, ընտրութիւնները պիտի անցնին բոլորովին նոր` այլ մթնոլորտի մէջ, որ, կը կարծեմ, շատ աւելի ժողովրդավարական պէտք է ըլլայ: Չեմ գիտեր` հանրապետականները իրենք կ՛որոշեն` մասնակցին, թէ` չէ: Բայց նախկին ձեւերով` վարչական, ելեւմտական ® Ի դէպ, մենք նախորդ ընտրութիւններուն չմասնակցեցանք այդ պատճառաբանութեամբ, որովհետեւ երբ Ազգային ժողովի նախորդ ընտրութիւնները տեղի ունեցան, մենք գնահատեցինք, որ տեղի ունեցած է համատարած ընտրակաշառքի երեւոյթ, եւ ատիկա, բնականաբար, շատ սահուն պիտի անցնէր Երեւանի ընտրութիւններուն: Եւ քանի որ այնտեղ ալ քաղաքական մակարդակը աւելի ցած է, քան հանրապետական ընտրութիւններու մակարդակը, այդ պատճառով չմասնակցեցանք», նշեց Ռուստամեան եւ աւելցուց, որ այդ երեւոյթները նկատի ունենալով, նոր ընտրական միջավայր պէտք է ըլլայ, եւ ատիկա աւելի քաղաքական ու ազատ ընտրութիւններ կ՛ենթադրէ:
Ռուստամեանի կարծիքով` յեղափոխական ալիքի վրայ եկած իշխանութիւնը պէտք չէ կրկնէ նախորդներուն սխալները, որովհետեւ իրենք տեսած են անոնց ճակատագիրը: «Այսքանը բաւարար է` ենթադրելու, որ ընտրութիւնները պէտք է բարձր որակով կազմակերպուին», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն քի՞չ առիթներ ունի, ինչպէ՞ս ինքը` Ռուստամեանը, կը գնահատէ այդ առիթները, պատգամաւորը ըսաւ. «Այդ կարծիքները, ըսեմ, միշտ եղած են, մեզի համար նորութիւն չեն: Որեւէ իրադարձութիւն, որ տեղի կ՛ունենայ, բոլորը կը կարծեն, որ Դաշնակցութեան գործերը աւարտած են: Ինչ ըսես` լսած ենք այդ առումով, բայց, ինչպէս կը տեսնէք, բոլորը կու գան-կ՛երթան, Դաշնակցութիւնը կը մնայ»:
aztagdaily.com/archives/402458