25 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Կրնայ առարկուիլ, թէ ո՞վ ըսաւ, որ Խանասորը մոռացութեան տրուած է, կամ չի յիշատակուիր, անոր մասին տեղեկութիւն չի փոխանցուիր, չ՛արժեւորուիր եւ այլն:
Փաստօրէն դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներ, իրենց պատանեկանի տարիքին իսկ, արդէն մօտէն իրազեկ կը դառնան մէկ կողմէ ՀՅ Դաշնակցութեան ողջ պատմութեան եւ միւս կողմէ` այդ պատմութեան մաս կազմող նշանաւոր դէպքերուն, դէմքերուն եւ մարտական-զինուորական աշխատանքներուն:
Ճիշդ է, որ սպիտակ անհաշուելի էջերու վրայ արձանագրուած են բազմաթիւ միտքեր ու վերլուծութիւններ այս արշաւանքին մասին, վեր առնուած եւ ընդգծուած է անոր յաւերժահունչ պատգամը, արժեւորուած` տուն տուող պատճառն ու հետեւանքը, զայն մտայղացողն ու թշնամիին վրայ թողած անոր ուժեղ անդրադարձը, այդուհանդերձ մեզ մտահոգողը, տարիներ շարունակ, եղած է այն, որ Խանասորայ արշաւանքին շունչն ու ոգին ամբողջ հայութեան սեփականութիւնը չէ դարձած պէս-պէս բացատրութիւններով:
Կը թուի, թէ ամէն պատեհ առիթի հարկ է լոյսին բերել այս եզակի արշաւանքին պատմական արժէքը, այն առումով, որ անոր պարփակած դաստիարակիչ խորհուրդը կը մնայ անժամանցելի, մանաւանդ մեր օրերուն, երբ վերանկախացած հայրենիքն ու ազատագրուած Արցախը կը դիմագրաւեն նոյնանման բնաջնջումի վտանգներ, ինչ որ օրին` 1890-ական տարիներուն կ՛ապրէր ամբողջ հայութիւնը:
Յիշեցնել է պէտք, որ տուեալ ժամանակի կենսագիրներ ու մասնակիցներ գրեթէ ամբողջականօրէն անդրադարձած են Խանասորայ արշաւանքին: Արշաւանք, որ տեղի ունեցած է աւելի քան 120 տարի առաջ, հայ կեանքի ամենադժուար օրերուն եւ տարիներուն: Արշաւանք, որ ցարդ պահած է իր թելադրականութիւնը, իմաստը, առաքելութիւնն ու հնչեղութիւնը:
Ահա գաղտնիքը անոր գաղափարական արժէքին եւ յեղափոխական աւանդին:
Եթէ երբեք Խանասորայ արշաւանքը շատեր ու անոնց կարգին, այսպէս ըսած, այլ կուսակցութիւններու անդամներ կը դիտեն իբրեւ լոկ դաշնակցական աքթ, եւ կամ սովորական մարտական գործողութիւն` ուղղուած քիւրտ Մազրիկ ցեղին, այլապէս փորձ կատարելով` դիտումնաւոր թէ անգիտակցաբար իր համազգային հնչեղութենէն պարպելու զայն, ապա, անոնք չարաչար սխալած կ՛ըլլան եւ տուրք տուած իրենց խաժամուժ մտածումներուն: Տեղին է ընդգծել, որ կան բազմաթիւ ոչ դաշնակցական մտաւորականներ, որոնք էապէս արժեւորած են պատուաբեր այս արշաւանքին իմաստը, մամուլով թէ հրատարակուած գիրքերով:
Փաստօրէն, կարմիր սուլթանի սանձազերծ ոճիրները ահ ու սարսափ սփռեցին Արեւմտահայաստանի ողջ տարածքին: 1895-1896 տարիներու սպանդները աւելի քան երեք հարիւր հազար անմեղ հայերու բնաջնջումին պատճառ դարձան:
Վանի հայութիւնը, շնորհիւ իր երեք կուսակցութիւններու միակամ կեցուածքին եւ ինքնապաշտպանական կռիւներուն, գէթ որոշ չափով կրցած էր փրկել տեղւոյն հայութիւնը: Բնականաբար, նման կեցուածք եւ համոզում անհաշտ աչքով պիտի դիտուէր զազիր թուրքին կողմէ: Ստեղծուած ջարդարար մթնոլորտին մէջ միջազգային քաղաքական միջամտութիւններ` յանձինս եւրոպական երկիրներու, տեղի պիտի ունենային, սակայն միշտ սուլթանական վայրագ վարքագծին գոհացում տալու միտումով:
Նման կացութիւններու իբրեւ հետեւանք Վանի մէջ մարտական գործողութիւններ վարած ֆետայիներուն ձեւով մը կը պարտադրուէր հեռանալ քաղաքէն, իբր թէ հաշտութեան եւ յաւելեալ արեան հեղումի կասեցման նպատակով:
800 յեղափոխականներ, որոնց գլխին էին արմենական Աւետիսեան, հնչակեան Մարտիկ եւ դաշնակցական Պետօ, կ՛որոշեն հեռանալ ու ապաստան գտնել պարսկական հողին վրայ: Բարբարոս թշնամիին բանակները կը հալածեն դէպի Վասպուրականի լեռներ հեռացող հայ մարտիկները: Անոնց օգնութեան կը հասնին, ինչպէս միշտ, քրտական ցեղախումբեր: Այս պարագային մազրիկ ցեղախումբը ուղղակիօրէն մասնակից կը դառնայ տղոց հալածանքին ու անոնց դէմ կռիւի մասնակցութեան:
Հայ յեղափոխականները մինչեւ վերջին շունչ կը մարտնչին, քաջաբար կ՛իյնան եւ իրենց սուրբ արեամբ կ՛ոռոգեն հայրենի լեռներն ու հայոց պատմութեան էջերը:
Ահա միասնականութեան ամէնէն վառ ու անգերազանցելի օրինակը, զոր ցոյց տուին հայ մարտունակ կամքի ֆետայիները: Միւս կողմէ, սակայն, հայութեան համար նման կորուստ շատ ծանր պիտի կշռէր. բարոյալքուած էր հայութիւնը, անճիտուած էր ազգային կեանքը, յուսահատած էր երիտասարդութիւնը:
Եւ ահա, դաշնակցական գաղափարական ու մարտական փաղանգի մեծագոյն ներկայացուցիչներէն Նիկոլ Դուման, ի տես այս վիճակին, կը յղանայ արշաւանք մը կազմակերպելու ծրագիրը` թշնամին իր որջին մէջ հարուածելու:
Փաստօրէն, ազգային յեղափոխական պատմութեան մէջ իր եզակի մտածումով եւ դերակատարութեամբ ծանօթ Նիկոլ Դումանի համար նման արշաւանք կը միտէր առաջին հերթին վերականգնել հայութեան բարոյահոգեբանական կորովը, լուծել վրէժը հարիւրաւոր յեղափոխականներու, պատժել թշնամին, որպէսզի չկրկնէ նման վատոգի ու դարանակալ արարք, բարձրացնել նախաձեռնութեան ոգին, ցոյց տալ հայ յեղափոխականի անկոտրում կամքի մեծութիւնն ու արիւնռուշտ թշնամին հարուածելու կարողութիւնը:
ՀՅ Դաշնակցութեան 1896-1897 Ռայոնական ժողովը կ՛որդեգրէր Նիկոլ Դումանի ծրագիրը, եւ անոր կը յանձնուէր զայն իրագործելու պատասխանատուութիւնը: Պէտք է նշել, որ այս արշաւանքին դէմ էին բազմաթիւ յեղափոխականներ, նկատի առած այլ առաջնահերթութիւններ, ուժերու եւ զինուորական ծախսի հսկայական պահանջը:
Այդուամենայնիւ, Քրիստափոր Միքայէլեանի նման հզօր անհատականութիւն, թեւ եւ թիկունք էր Նիկոլ Դումանին, հաւատալով անոր ռազմագէտի հանճարին:
Ինչպէս միշտ, Նիկոլ Դումանի ռազմական ու կազմակերպչական տաղանդը նաեւ այս աշխատանքին մէջ երեւան կու գար: Անոր անդուլ ճիգերուն, տիւ եւ գիշեր զէնք ու զինամթերք ապահովելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ աւելի քան 250 ֆետայիներու պատրաստութեան շնորհիւ արշաւանքի կազմակերպումը իր լրումին կը հասնէր:
25 յուլիս 1897-ի այգաբացին Արաուլ լերան լանջին հաստատուած ֆետայիներ տուին յարձակումի ազդանշանը: Խանասորի դաշտը վրանաքաղաքի վերածած քիւրտ մազրիկ ցեղախումբը ամբողջութեամբ անակնկալի եկած ահ ու սարսափի կը մատնուի: Ցեղապետ Շարաֆ բեկ հազիւ կրնայ փախչիլ` կնկայ հագուստով ծպտուած:
Աննման ռազմավար եւ խրոխտ ֆետայի Նիկոլ Դումանի պատգամը` ձեռք չբարձրացնել թշնամի մանուկի, կնկայ թէ երէցի, անվերապահ կը գործադրուի: Միւս կողմէ, սակայն, ֆետայիներու արձակած փամփուշտի տարափին տակ կը զգետնուին անհամար թշնամիներ:
Վրանաքաղաքը հրոյ ճարակ կը դառնայ, թշնամին սարսափահար կը փախչի: Արշաւանքը իր առաքելութիւնը լիարժէքօրէն կատարած էր, իսկ թշնամին` ըմբռնած հայ ֆետայիին պատգամը: Քիւրտին կամքը փշրուած էր պատերազմի դաշտին վրայ: Ինկած էին սուրբ նահատակներ:
Այսօր, երբ Հայաստան ու Արցախ շրջապատուած են զազիր թշնամի հորդաներով, որոնց գոյութեան իմաստը հայութեան բնաջնջումն է, երբ թրքութիւնը ամէն քայլափոխի իր բարբարոսութիւնը ցոյց կու տայ, երբ հայապատկան Նախիջեւանի սահմանին թուրք-ազերիական ոտնձգութիւնները անպակաս են, երբ Արցախի պաշտպանական դիրքերու դէմ դաւադրական յարձակումները յաճախ կը կրկնուին, երբ ազերին ուղղակի կը սպառնայ հայ պետականութեան եւ չի թաքցներ իր վայրագ միտումները, ահա, նման կացութիւններու դէմ-յանդիման, հայոց բանակի առաջնահերթ նշանաբանը պէտք է ըլլալ` հարուածել թշնամին իր որջին մէջ:
Այսինքն` հայոց բանակին վերապահել հակահարուած տալու կորովն ու առիթը, բարձր պահել հայ զինուորին ու սպայի նախաձեռնող ոգին, ուժ տալ զինուորական կազմակերպչական աշխատանքներու, ի հարկին յարձակողական մարտավարութիւն կիրարկել առանց երկմտանքի, անակնկալի բերել ոսոխը, տիրութիւն ընել ազգային արժանապատուութեան նուիրական զգացումին եւ հայութեան շնորհել նորօրեայ յաղթանակներու հրայրքը:
Կը մնայ հայ զինուորին ուսուցանել իր փառաւոր պատմութեան ամէնէն յատկանշական սխրանքներէն հանդիսացող Խանասորայ արշաւանքին շունչը:
22 յուլիս 2018
aztagdaily.com/archives/402360