Ատրպէյճան կը Կազմակերպէ Իր Սեփական Սփիւռքը՝ Հայկական Սփիւռքին Հետ Մրցակցելու Համար

25 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

Տասնամեակներ շարունակ թրքական կառավարութիւնը չափազանցուած պատկերացում ունեցած է հայկական սփիւռքին մասին՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ համաշխարհային վիթխարի ուժ: Վերջին տարիներուն Ատրպէյճանը վարակուած է միեւնոյն վախով հայկական սփիւռքին նկատմամբ: Նախագահ Ալիեւ «հայկական սփիւռք»ը ներկայացուցած է իբրեւ Ատրպէյճանի ամենամեծ թշնամին: Հետեւաբար, Ատրպէյճանի ղեկավարները սկսած են վիթխարի միջոցներ ծախսել՝ տարբեր երկիրներու մէջ իրենց սեփական սփիւռքը ձեւաւորելու համար՝ իբրեւ «հայկական հզօր լոպպի»ի հակառակորդ:

Զարմանալիօրէն, մինչ Հայաստանի կառավարութիւնը ծրագիրներ կը մշակէ արտերկրէն հայերու հայրենադարձութեան համար, Ատրպէյճանը կը փորձէ ճիշդ հակառակը ընել՝ խրախուսելով ատրպէյճանցիներու տեղափոխումը նախկին խորհրդային երկիրներ, Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ՝ իր սփիւռքը ընդլայնելու համար…

Ատրպէյճանի Սփիւռքի հետ աշխատանքի պետական ​​կոմիտէի նախագահ Նազիմ Իպրահիմով վերջերս յայտարարած է, որ «համակարգող կեդրոններու ստեղծումը աշխարհի ատրպէյճանցիներու համար կը շարունակուի եւ ատիկա Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի առաջնահերթութիւններէն է… Ատրպէյճանի պետութիւնը հսկայական նիւթական պայմաններ ստեղծած է ատոր համար: Նախագահի հրահանգով, մենք կ՝աջակցինք մեր սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն ամբողջ աշխարհի մէջ: Այս գործունէութեան շնորհիւ, ատրպէյճանական սփիւռքը ոչ միայն պատշաճ կերպով կը պատասխանէ հայկական լոպպիին, այլեւ երբեմն կը յաղթէ անոնց»:

Անցեալ տարի Պաքուի պետական ​​համալսարանի շրջանաւարտ Սերգէյ Ռումեանցեւը յօդուած հրապարակեց OpenDemocracy.net կայքին մէջ՝ «Կեցցէ՛ ատրպէյճանական սփիւռքը» վերնագիրով, նշելով, որ «Պաքուն ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի զօրաշարժի ենթարկէ կամ նոյնիսկ ստեղծէ համաշխարհային ատրպէյճանական սփիւռք»: Ատրպէյճանական սփիւռքի հիմնական նպատակն է՝ հակազդել հայերուն Արցախեան հակամարտութեան մէջ: Ատրպէյճանի ղեկավարները հայկական սփիւռքը կը դիտարկեն «իբրեւ չափազանց ազդեցիկ եւ խիստ համախմբուած», ուստի «Ատրպէյճանի մէջ Իլհամ Ալիեւի իշխող վարչակարգին համար սփիւռքը կը հանդիսանայ քաղաքական լոպպիի հոմանիշ արտասահմանի մէջ»:

Ատրպէյճանցիները հայկական սփիւռքին մասին այնպիսի չափազանցուած տեսակէտ ունին, որ երբ անցեալ տարի Ռուսիոյ Գերագոյն դատարանը որոշեց չեղեալ համարել համառուսաստանեան ատրպէյճանական համագումարին արձանագրութիւնըը, «շատ (ատրպէյճանցի) մեկնաբաններ շտապեցին եզրակացութիւններ ընել հայկական դաւադրութիւններու եւ խարդաւանքներու մասին», գրած է Ռումեանցեւ: Ճշմարտութիւնը այն է, որ ատրպէյճանական կազմակերպութիւնը խախտած էր ռուսական օրէնքները: Հայերը ոչ մէկ կապ ունէին անոր փակման հետ:

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները այնքան տպաւորուած էին հայկական սփիւռքի քաղաքական ազդեցութեամբ, որ 2000-ականներու սկիզբը անոնք «այս նախագիծին մէջ ներդրած էին մեծ թիւով նիւթական եւ խորհրդանշական գումար: Անոնք փորձած էին հնարաւորինս արագ հնարել իրենց երեւակայած սփիւռքը», ըստ Ռումեանցեւի:

Ամէն ինչ սկսաւ, երբ Հէյտար Ալիեւ՝ ներկայ նախագահին հայրը, Խորհրդային Ատրպէյճանի ղեկավարն էր 1970-80-ականներուն: ան կազմակերպեց բազմաթիւ ատրպէյճանցի ուսանողներու կրթութիւնը Խորհրդային Միութեան զանազան համալսարաններու մէջ եւ խրախուսեց ատրպէյճանցիներու տեղափոխութիւնը դէպի տարբեր խորհրդային հանրապետութիւններ…

Մինչ 2016 Մարտ 16-ին, ատրպէյճանցիներու երկրորդ համաշխարհային քոնկրէսի իրականացումը, «արտասահմանի ատրպէյճանցիներու հետ աշխատանքի պետական կոմիտէն նկարահանած էր վաւերագրական ֆիլմ՝ «մենք 50 միլիոնանոց ազգ ենք» վերնագիրով», գրած է Ռումեանցեւ: Կոմիտէն յայտարարած է, որ 10 միլիոն ատրպէյճանցիներ կ՝ապրին աշխարհի մօտ 70 երկրի մէջ:

Ռումեանցեւ համոզուած է, որ արտերկրի մէջ բնակող ատրպէյճանցիները ամրակուռ խումբ չեն. զգալի տարբերութիւն կայ ատրպէյճանցի գաղթականներու մէջ. «ատրպէյճանական սփիւռքի աշխուժութիւնը կը սահմանափակուի յատկապէս ատրպէյճանցի գործարարներու եւ անոնց ընտանիքի անդամներու բաւական նեղ շրջանակով»:

Ռումեանցեւ պատմած է արտերկրի մէջ ատրպէյճանցիներու կազմակերպչական ջանքերու սկզբնաւորման մասին. «2001-ի Նոյեմբերին Պաքուի մէջ Հէյտար Ալիեւի նախաձեռնութեամբ իրականացաւ ատրպէյճանցիներու համաշխարհային հիմնադիր համագումարը: Յաջորդ տարի ստեղծուեցաւ արտասահմանի մէջ ատրպէյճանցիներու հետ աշխատանքի պետական ​​կոմիտէն, որուն մշտական ղեկավար նշանակուեցաւ Նազիմ Իպրահիմովը: Անոր առաջին ժողովը յանգեցուց եւս մէկ մարմինի՝ «Աշխարհի ատրպէյճանցիներու համակարգող խորհուրդ»-ի ստեղծման, ի հարկէ համաատրպէյճանական նախագահ Հէյտար Ալիեւի գլխաւորութեամբ: Յետագային, սփիւռքի կառուցման յաջողութիւնը կը չափուէր անով, թէ որքան կազմակերպութիւններ գոյութիւն ունին եւ ինչպէս միաւորել զանոնք մէկ կառոյցի մէջ»:

Ատրպէյճանցիներու համաշխարհային քոնկրէսը բաղկացած է տեղական/տարածաշրջանային մարմիններէ, այնուհետեւ ատրպէյճանական կազմակերպութիւնները տարբեր երկիրներու մէջ եւ, վերջապէս, Համաշխարհային քոնկրէսը, որ իր հրամանները կը ստանայ անմիջապէս Ատրպէյճանի կառավարութենէն:

Նախագահ Իլհամ Ալիեւ հպարտութեամբ յայտարարած է ատրպէյճանցիներու համաշխարհային քոնկրէսի վերջին համաժողովի մասնակիցներուն. «Եթէ հինգ տարի առաջ մենք ունէինք 336 սփիւռքեան կազմակերպութիւն՝ այժմ անոնց թիւը կը հասնի 416-ի»: 2015-ի չորրորդ Համաշխարհային քոնկրէսի պատուիրակները յայտարարեցին, որ գոյութիւն ունի նման 462 կազմակերպութիւն»:

Ատրպէյճանի պաշտօնական լրատուամիջոցները ատրպէյճացիներու մասնակցութեամբ քանի մը ձեռնարկ ամբողջ աշխարհի մէջ կը ներկայացնեն չափազանցուած ձեւով, կարծես թէ մեծ թիւով ատրպէյճանցիներ ընդգրկուած են ատրպէյճանամէտ գործունէութեան մէջ Եւրոպայի կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ իբրեւ աջակցութիւն Ալիեւի վարչակարգին։ Օրինակ, երբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 2006-ին այցելեց Պեռլին, քիչ թիւով ատրպէյճանցիներ բողոքի ցոյց իրականացուցին եւ հետեւեալ ուղերձը յղեցին նախագահ Ալիեւին. «Պարոն Նախագահ, Դուք կը վայելէք ամբողջ աշխարհի ատրպէյճանցիներուն աջակցութիւնը…»։

Ռումեանցեւ իր յօդուածը կ՝աւարտէ՝ նշելով, որ ատրպէյճանական սփիւռքը չի կրնար համեմատուիլ հայերու, հրեաներու եւ յոյներու դասական սփիւռքներուն հետ։ Արտերկրի մէջ ատրպէյճանական կազմակերպութիւններուն մեծ մասը «գոյութիւն ունի միայն թուղթի վրայ»։

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

yerakouyn.com/2018/07/25

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail