Ալֆորվիլի Մէջ Հանդիսաւոր Բացում Մեսրոպ Մաշտոցի Կիսանդրիին

19 սեպտեմբեր 2015

Ալֆորվիլի «Փլաս տը լ՚Էօրոփ»ի վրայ գտնուող եւ ամբողջովին վերաձեւաւորուած զբօսայգիին մէջ, ուր 100-րդ տարելիցի նշումներու ծիրէն ներս՝ Մայիսին արդէն Կապոյտ Խաչի կողմէ տնկուած էր ծառ մը Ցեղասպանութեան զոհ հայ կիներու յիշատակին, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19-ի առաւօտեան ալ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի կիսանդրիին պաշտօնական բացումը, հոծ բազմութեան ներկայութեան:
mesrob-mashdots.-lousavorjpg՝արձանագործ Արիստակէս Նեվշէհիրլեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոն
Արարողութեան կը մասնակցէր Ալֆորվիլի ծերակուտական քաղաքապետ Լիւք Գարվունաս, պա­տօնական բազմաթիւ անձնաւորութիւններու, հայկ­կան կազմակերպութիւններու պատասխանատուներու կողքին: Նախ խօսք առաւ կիսանդրիին հեղինակը ց, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել այս ծրագիրը: Խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ երբեք պէտք չէ մոռնալ անցեալը, բայց նաեւ հարկ է նայիլ դէպի ապագայ:

Ապա խօսք առաւ Լիւք Գարվունաս, որ յիշելէ ետք թէ իր գլխաւորած քաղաքը 100ամեակին առթիւ 20 ձեռնարկ կազմակերպած է կամ առնուազն գործակցած՝ անոնցմէ ոմանց, շեշտեց Ցեղասպանութեան ողբերգութեան յիշատակը փոխանցելու կարեւորութիւնը, անդրադարձաւ Ալֆորվիլ քաղաքի 130րդ տարեդարձին եւ այդ 130 տարիներուն մէջ հայկական կարեւոր նեկայութեան:

Ն.Յ.

http://www.yerakouyn.com/?p=89786

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail