27 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմի վտանգը կը մեծնայ, եւ Ռուսիան ունի նախագահ Ալիեւին պատերազմէ ետ կանգնեցնելու բոլոր կարելիութիւնները. «Էխօ Մոսկվի» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկլոլ Փաշինեան:
Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանի մէջ ռուսական 102-րդ ռազմակայանը տեղակայուած է հանրապետութեան անվտանգութեան նկատառումներով, կը շարունակուի նաեւ ռուս սահմանապահներու կողմէ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ սահմանի պաշտպանութիւնը, քանի որ ատիկա շատ կ՛օգնէ Հայաստանին:
Փաշինեան յայտնած է նաեւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ յարաբերութիւնը աւելի դիւրին եղած է, քան ինչ որ ինք կը մտածէր, նաեւ վստահեցուցած է, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ զարգացնել կապերը Ռուսիոյ հետ:
Փաշինեանը` «Ժազիրա»-ին.
«Պատրաստ Եմ Դէմ Առ Դէմ Հանդիպելու Ալիեւին Հետ»
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ծաւալուն հարցազրոյց տուած է «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի յայտնի «Թոք թու Ժազիրա» յայտագիրին` անդրադառնալով երկրին մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան գործընթացին ու անոր հետեւանքներուն, փտածութեան դէմ պայքարին, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին ու Թուրքիոյ հետ փակ սահմաններուն: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, անգլերէնով հարցազրոյցը պիտի հեռարձակուի 28 յուլիսին:
Փաշինեանը «Ժազիրա»-ին ըսած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նպատակով պատրաստ է դէմ առ դեմ հանդիպելու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ: Ան յայտնած է նաեւ, որ Հայաստանը պատրաստ է առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ եւ հայկական կողմէն Թուրքիոյ հետ սահմանը երբեք փակ չէ եղած:
Վարչապետ Փաշինեան ըսած է, թէ երկրին մէջ իշխանափոխութենէն ետք հաւասար մրցակցային դաշտ ստեղծուած է պիզնեսի համար: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն պիզնես իրականացնել Հայաստանի հետ կամ Հայաստանի մէջ, կառավարութիւնը կ՛երաշխաւորէ որեւէ ներդրումի անվտանգութիւնը:
Փաշինեան. «Որոշ Մարդոց Կը Թուի, Թէ Մենք Կատակ Կ՛ընենք»
Երէկ տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուց կառավարութեան որոշման փոփոխութիւն, որով 2018-ի ամառնային զօրակոչի իրականացման ժամկէտը կ՛երկարաձգուի մինչեւ 11 օգոստոս 2018:
Վարչապետը մէկ դիտարկում ունէր: Ան նշեց, որ հրապարակային կերպով քննարկուած է բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ անոնց հետ կապուած անձերու զաւակներու` ժամկէտային զինուորական ծառայութեան մեկնելու հարցը: Կայ հարցադրում` արդեօք այդ նիւթը կ՛ուսումնասիրուի՞, թէ՞ ոչ: Վարչապետը հաստատեց, որ այդ նիւթը կ՛ուսումնասիրուի թէ՛ ոստիկանութեան, թէ՛ ընդհանուր դատախազութեան, թէ՛ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ:
«Ես ցաւով կ՛արձանագրեմ, որ, որոշ նախնական բացայայտումներու տուեալներով, զօրակոչի ոլորտին մէջ մենք կը շարունակենք ունենալ չարաշահումներ: Զարմանալի է, որ նման երկրի մը մէջ կրնան այդպիսի չարաշահումներ ըլլալ պաշտօնատար անձերու կողմէ: Ասիկա ուղղակի խայտառակութիւն է: Այդ ոլորտին մէջ մենք հետեւողական ու շարունակական պիտի աշխատինք` բոլոր չարաշահումները արմատախիլ ընելու համար: Զարմանալին այն է, որ այսքան քաղաքական յայտարարութիւններ կը հնչեն, այսքան կ՛ըսենք, կը բարձրաձայնենք, բայց որոշ ինչ որ մարդոց կը թուի, թէ մենք կատակ կ՛ընենք», ընդգծած է վարչապետ Փաշինեան:
aztagdaily.com/archives/402764