Ռոպերթ Քոչարեան Եւ Եուրի Խաչատուրով «Մարտ 1»-ի Հարցով Հարցաքննութեան Կանչուած Են. Քոչարեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուած Է

27 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Յատուկ քննչական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է:

Յատուկ քննչական ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «1-2 մարտ 2008-ի ժամանակահատուածին, Երեւան քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ, Հայաստանի Հանրապետութեան Յատուկ քննչական ծառայութեան մօտ քննուող քրէական գործով նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեան հիման վրայ, 26 յուլիս 2018-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնաթող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգրքի 300.1-ին. յօդուածի մասով` այն բանի համար, որ ան, այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ, տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը»:

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանին միջնորդութիւն ներկայացուած է նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանաւորումը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու համար:

Այլ փոխանցումով մը, Հայաստանի Հանրապետութեան Յատուկ քննչական ծառայութիւնը տեղեկացուցած է, թէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրով «Մարտի 1»-ի գործով` վկայի կարգավիճակով երէկ այցելած է ծառայութեան կեդրոն:

aztagdaily.com/archives/402778

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail