Ռուսիան Կ՝ողջունէ Իւրաքանչիւր Հանդիպում՝ Ուղղուած Ղարաբաղի Հարցի Առաջընթացին. Մարիա Զախարովա

27 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսիան կ՝ողջունէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու իւրաքանչիւր հանդիպում, որ ուղղուած պիտի ըլլայ ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով առաջընթացի հասնելուն: Այս մասին, Յուլիս 27-ին, Պաքուի մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա: Այս մասին կը հաղորդէ Azatutyun.am-ը՝ վկայակոչելով TASS լրատուականը։

«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հանդիպումները կ՝իրականացուին տարբեր մակարդակներով: Մենք կ՝ողջունենք իւրաքանչիւր հանդիպում, որուն շուրջ կը համաձայնին Ատրպէյճանն ու Հայաստանը: Ամենակարեւորը՝ մենք կ՝ողջունենք, ձեռք բերուած որեւէ դրական արդիւնք»,- նշած է Զախարովա։

Ռուսիոյ դիւանագիտական գերատեսչութեան ներկայացուցիչը նաեւ ընդգծած է, որ Ռուսիան, իբրեւ միջնորդ երկիր ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով, հանդէս եկածց է արդիւնաւէտ եւ կառուցողական ու շատ լաւ կը հասկնայ այդ թեման:

Մարիա Զախարովա Պաքուի մէջ կը մասնակցի արտաքին քաղաքականութեան տեղեկատուական հարցերով Ատրպէյճանա-ռուսական խորհրդակցութիւններուն:

yerakouyn.com/2018/07/27

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail