Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ. Վարչապետ Փաշինեան. «Այսօր Ձեռք Բերուած Պայմանաւորուածութիւնները Պիտի Նպաստեն Ետմ Արդիւնաւէտութեան Բարձրացման»

28 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը երէկ ելոյթ ունեցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի` ընդլայնուած կազմով նիստի ընթացքին: Ելոյթին վարչապետ Փաշինեան Ռուսիոյ վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ըսած է. «Մայիսին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական Բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին իմ ելոյթիս մէջ ես հաստատեցի Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը միջազգային պարտաւորութիւններու նկատմամբ` այդ կարգին Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) շրջագիծին մէջ: Նախանշեցի ԵՏՄ գործընկերներու հետ աշխուժ համագործակցութեան մեր պատրաստակամութիւնն ու շահագրգռուածութիւնը` նպատակ ունենալով ԵՏՄ-ի մասին պայմանագիրի հիմքը դրուած սկզբունքներու  կիրարկումով հասնիլ ապրանքներու, ծառայութիւններու, աշխատուժի եւ դրամագլուխի ազատ տեղաշարժին, ինչպէս նաեւ անդամ երկիրներու  ազգային տնտեսութիւններու արդիականացման ու մրցունակութեան բարձրացման: Նեղ կազմով նիստի ընթացքին մենք արդէն հարցերու լայն ծիրի շուրջ կարծիքներ փոխանակած ենք: Վստահ եմ, որ այսօր ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելը թոյլ կու տայ հետագային, հաշուի առնելով մեր երկիրներու առանձնայատկութիւնները, ապահովել Եւրասիական տնտեսական միութեան մարմիններու  կենսագործունէութեան համար անհրաժեշտ պայմանները»:

Վարչապետ Փաշինեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած նիստի որոշ հարցերու` թուային օրակարգի յառաջխաղացումը եղած է անոր խօսքի կարեւոր բաժիններէն մէկը, որմէ ետք խօսած է «Եւրասիական շաբաթ» տարեկան հաւաքի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ բարձր արհեստագիտութիւններու մարզին մէջ համագործակցութեան հարցերուն մասին: Վարչապետը ըսած է նաեւ, թէ ընդհանուր շուկան նոր լիցք պիտի հաղորդէ երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան եւ պիտի բարձրացնէ անդամ երկիրներու համարկումի մակարդակն ու մրցունակութիւնը:

Եզրափակելով խօսքը` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Կ՛ուզեմ յոյս յայտնել, որ այսօր ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները պիտի նպաստեն ԵՏՄ արդիւնաւէտութեան բարձրացման ու մեր երկիրներու հետեւողական զարգացման»:

Փաշինեանը` Մետվետեւին. «Լաւ Եւ Օգտակար Են
Մեր Յաճախակի Հանդիպումները»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին շրջագիծին մէջ  հանդիպում  ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւին հետ:

«Յարգելի՛ Նիկոլ Փաշինեան, այսօր Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստի շրջագիծին մէջ աւելի քան հինգ ժամ տեւած քննարկումներու ընթացքին կրցանք յաջողութեամբ արծարծել ո՛չ միայն մեր միութեան խնդիրները, այլ նաեւ երկկողմանի օրակարգին վերաբերող հարցերը, քանի որ միշտ կան քննարկելիք բաներ», ըսած է Մետվետեւ:

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Կը կարծեմ` Հայաստանի մէջ առկայ ներկայիս իրավիճակի եւ ընդհանրապէս մեր յարաբերութիւններու իւրայատկութիւններու ծիրին մէջ շատ լաւ եւ օգտակար են մեր յաճախակի հանդիպումները, որպէսզի ունենանք կարելիութիւն քննարկելու այն հարցերը, որոնք գոյութիւն ունին, այն հարցերը, որոնք կրնան գոյութիւն ունենալ մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Գործնականին մէջ այդ հարցերը գոյութիւն չունին, եւ կը կարծեմ, որ բազմիցս ըսած եմ` մեր յարաբերութիւններու ռազմավարութիւնն ու ընդհանուր գաղափարը հասկնալի է, այստեղ քննարկելիք շատ բաներ չկան, բայց կը կարծեմ, որ մեր այս հանդիպումները շատ օգտակար են, քննարկելու, թէ ինչպէ՛ս մեր յարաբերութիւնները բարձրացնենք նոր մակարդակի: Ուրախ եմ, որ վերջին 2,5 ամիսներուն ընթացքին ունեցած ենք տարբեր առիթներ քննարկելու բոլոր հարցերը: Ինծի համար ակնյայտ է, որ մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան շատ արդիւնաւէտ, եւ ես չունիմ կասկածներ, որ այս բնոյթը ո՛չ միայն պիտի շարունակուի, այլ նաեւ պիտի ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ»:

Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւնները, այդ կարգին` տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման ուղղուած շարք մը հարցեր, անդրադարձած տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ միասնաբար իրականացուող ծրագիրներու ընթացքին ու յառաջիկայ ընելիքներուն: Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են ԵՏՄ-ի շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը:

aztagdaily.com/archives/402933

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail