ՀՄԸՄ Լիզպոնի Գործողութեան 35-ամեակը Երեւանի Մէջ Կը Նշէ Գառնիկ Սարգիսեանի Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Ելոյթով

28 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Երէկ, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու նախավերջին օրը, աշխարհի 26 երկիրներէն Երեւան եկած բազմահազար ՀՄԸՄ-ականներ Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 35-ամեակը նշեցին Գառնիկ Սարգիսեանի ազգային-յեղափոխական երգերու ելոյթով, որ տեղի ունեցաւ Օփերայի Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս տպաւորիչ ու եզակի ելոյթին բացման խօսքը արտասանեց եւ Լիզպոնի գործողութեան խորհուրդը փոխանցեց ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ, թէ Լիզպոնի հերոսները անմահութիւնը ընտրեցին իմացեալ մահուան ճամբով: Անոնք իրենց մահով կեանք տուին ազգին ու գաղափարին: Անոնք զէնքի ու զինեալ պայքարի դիմեցին ո՛չ թէ անոր համար, որ պայքարի այդ ուղին գերադասեցին պայքարի այլ ուղիներէ, այլ պարզապէս անոր համար, որ օրին պայքարի այլ ուղիները փակուած էին իրենց դիմաց:

Շարունակելով, Աւագեան հաստատեց, որ Լիզպոնի գործողութիւնը կը նպատակադրէր աշխարհին յիշեցնել հայուն դէմ գործուած անարդարութիւնն ու անիրաւութիւնը: Նաեւ, ան նպատակ ունէր հայութեան այլասերած զանգուածները արթնցնել եւ ազգային իրենց ինքնութեան կապել: Վերջապէս, Լիզպոնի հերոսները կը փոխանցէին «Յարատեւ կռիւ»-ի դաս մը, որ ուսանելի պիտի ըլլար արցախեան պայքարի ազատամարտիկներուն, հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հայկական բանակին եւ 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն համար:

Աւագեան ըսաւ, թէ Լիզպոնի օրերուն երազ էր անկախ Հայաստան ունենալը: Երազը սակայն իրականացաւ: Այսօր ալ երազ է նոր Հայաստան ունենալը` ժողովրդավարական իսկական կարգերով, բարգաւաճ տնտեսութեամբ եւ ընկերային արդարութեամբ: Երազ է Արցախն ու Նախիջեւանը տեսնել Հայաստանի կազմին մէջ, Ջաւախքը` իր տագնապները յաղթահարած, իսկ սփիւռքը` Հայաստան դարձած: Այս բոլորը երազներ են, որոնք սակայն իրականանալի են լիզպոնեան կամքով եւ համահայկական ճիգով: «Լիզպոնի տղաքը չեն մեռած, անոնք ողջ են, անոնք կը մեռնին միայն այն ժամանակ, երբ անոնց արեամբ շնչաւորուած միացեալ հայութեամբ միացեալ Հայաստանի գաղափարը մեր մէջ կը մեռնի», եզրափակեց Աւագեան:

Այնուհետեւ, «Արազ» նուագախումբին ընկերակցութեամբ, մէկուկէս ժամ ելոյթ ունեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերու անզուգական մեկնաբան` Գառնիկ Սարգիսեան, որ իր երգերով վերապրեցուց Լիզպոնի «խենթերը», գովքը հիւսեց արցախեան պայքարի նահատակներուն, վերակենդանացուց ազգային-ազատագրական կռուի մեր հերոսները եւ Հայաստանի ու Հայ դատի «անկեղծ զինուոր»-ները նուիրական դառնալու ուխտը կատարեց օփերայի բեմէն: Ներկաները, աւելի քան 1000 հանդիսականներ, ազգային վառ ապրումներով եւ ՀՄԸՄ-ական մեծ խանդավառութեամբ ընկերակցեցան Գառնիկի երգերուն եւ Լիզպոնի 35-ամեակը անմոռանալի երեկոյով մը նշեցին ազատ ու անկախ Հայաստանի պայծառ երկնակամարին տակ:

aztagdaily.com/archives/402877

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail