Յորդանանի Հայկական Դպրոցին Փակումը Չեղարկուած է

Յորդանանի միակ հայկական Լ. Իւզպաշեան-Գ. Կիւլպէնկեան Ազգ. վարժարան

27 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՍՓԻՒՌՔ:

Յորդանանի միակ հայկական Լ. Իւզպաշեան-Գ. Կիւլպէնկեան Ազգ. վարժարանը պիտի չփակուի։ Այս մասին Յորդանանէն կը յայտնէ Մարալ Ներսէսեան։

Հասարակական ցանցերու մէջ տարածուած դպրոցի փակման վերաբերեալ մտահոգութիւններու ահազանգին իբրեւ արդիւնք՝ Յուլիս 25-ի երեկոյեան, Յորդանան ժամանած են Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան Տնօրէն, Ժողովի ատենապետ, Հոգեշ. Տէր Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեան եւ դիւանապետ, Հոգեշ. Տէր Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան։

«Ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ Հայոց Պատրեարքարանի աջակացութեամբ եւ Յորդանանի համայնքի օգնութեամբ՝ փակման որորշումը փոխուեցաւ, եւ արդէն Վարժարանը սկսած է աշակերտներու արձանագրութեան աշխատանքները»,- գրած է Մարալ Ներսէսեան։

Ան յոյս յայտնած է, որ անհրաժեշտ քայլեր պիտի առնուին հզօրացնելու համար համայնքը եւ պատրաստելու հզօր սերունդ։

yerakouyn.com/2018/07/27/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail