Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծման Առիթով Գիւմրի Կը Ժամանէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հետեւորդներու Մեծ Խումբ

24 սեպտեմբեր 2015

Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդանիստ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման առիթով Սեպտեմբեր 24-ին Գիւմրի կը ժամանէ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետեւորդներու մեծ խումբ:

Ըստ հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի փոխանցման` այդ նպատակով Գիւմրի կը ժամանէ Հռոմի Պապի ներկայացուցիչ, Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու ժողովի նախագահ, քարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին: Պապի ներկայացուցիչը առաջնորդանիստ եկեղեցին կ’օծէ տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Գրիգոր-Պետրոս 20-րդի համանախագահութեամբ: Օծման արարողութեան կը մասնակցին Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը, պապական նուիրակ արքեպիսկոպոս Մարեկ Սոլչինսքին, հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներ, վարդապետներ եւ քահանաներ, հայ կաթողիկէ համայնքներու ղեկավարներ, Անարատ Յղութեան հայ քոյրեր, Գթութեան միսիոներ քոյրեր:

Եկեղեցւոյ բակին մէջ արարողութեան համար կը տեղադրուին մեծ պաստառներ, որպէսզի այդտեղ հաւաքուած հաւատացեալները եւս կարենան հետեւիլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող օծման արարողութեան:

Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի հայ կաթողիկէներու առաջնորդութիւնը (կամ թեմը) ձեւաւորուած է 1991թ. Հռոմի Սրբազան Պապ Սբ. Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ եւ կը գտնուի անոր հովանաւորութեան ներքոյ` Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր-Պետրոս 20-րդ Կաթողիկոս Պատրիարքի հոգեւոր առաջնորդութեամբ:

Առաջնորդութեան ներկայ գլուխն է Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը:

Թէեւ Գիւմրին առաջնորդանիստ եղած է եւ Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը կը գտնուէր Գիւմրի, սակայն աւելի քան 90 տարի չէ ունեցած եկեղեցի: Սբ. Պատարագի մատուցումը եւ եկեղեցական միւս խորհրդակատարութիւնները տեղի ունեցած են առաջնորդարանի մատուռին մէջ: Մասամբ պահպանուած է քաղաքի հին կաթողիկէ եկեղեցին` կառուցուած 1843-1855թթ.` Ալեքսանդր վարդապետ Արարամեանի ջանքերով: Անիկա մասնակի աւերուած է 1926թ. երկրաշարժի ժամանակ, ապա դարձած ապաստարան անօթեւան ընտանիքներու համար, որոնց սերունդները այդտեղ կ՝ապրին մինչ օրս:

Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ կառուցման նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ միայն 2010 թուականին: Շինարարութիւնը մեկնարկեց Գիւմրիի Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ կենցաղի թանգարանի հարեւանութեամբ` անհատ բարերարներու եւ կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ համայնքի աջակցութեամբ: Ճարտարապետը Յակոբ Ճիւանեանն է: Եկեղեցին ունի զանգակատուն, աւանդատուն, ներքնայարկ, բարեկարգ բակ: Եկեղեցւոյ դիմացը մասամբ փակող հին շինութիւնը քանդուած է, բակը սալապատուած է, ետեւը` պատի վրայ, տեղադրուած է խաչքար: Սեպտեմբեր 21-ին, ձեռամբ Տ. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանի օծուած եւ տեղադրուած էին եկեղեցւոյ պղնձաձոյլ զանգերը, որոնք պատրաստած է գիւմրեցի քանդակագործ Արտուշ Պապոյեանը:

http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail