ԾՐԱԳԻՐ – Նազարէթեան Անահիտն ու իր ամուսինը կ’ապրին իրենց երկու անչափահաս թոռնիկներուն հետ

Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=

Նազարէթեան ընտանիք – Շիրակի Մարզի Հառիճ Գիւղ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

«Յոյս Հայաստանի եւ Արցախի երեխաներուն» եւ Ռատիօ ԵԱՆ ընկերակցութեան աջակցութեամբ ու բարերար ՎԱՐԴԳԷՍ ՎԱԳՕ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՆՈՒԻՐԱՏՒՈՒԹԵԱՄԲ, 24 Դեկտեմբեր 2014-ին յաջողեցանք իրագործել նոր ծրագիր մը:

Նազարէթեան Անահիտն ու իր ամուսինը կ’ապրին իրենց երկու անչափահաս թոռնիկներուն հետ, Շիրակի Մարզի Հարիճ Գիւղին մէջ: Ընտանիքին նպաստելու ձեւը որոշեցինք տիկին Անահիտին հետ՝ անոնց նուիրելով մէկ կաթնատու կով եւ 30 հաւ: Ի դէպ, կովը արդէն իսկ կը գտնուի Նազարէթեան ընտանիքին մօտ:

Ռատիօ ԵԱՆ-ը եւ «Յոյս Հայաստանի եւ Արցախի եր»խաներուն» ընկերակցութիւնները շնորհակալութիւն կը յայտնեն «ՆՈՅՅԱՆ ՏԱՊԱՆ»-ի տնօրէնութեան, թղթակից ԱՐՏԵՄ-ին, Արա Հարմանտայեանին, Հայկ Յարութիւնեանին եւ իր ընկերակիցներուն, ինչպէս նաեւ Արմանուշ Նիազեանին, իրենց աջակցութեան համար:

«Յոյս Հայաստանի եւ Արցախի երեխաներուն» ընկերակցութիւն

Արմենակ Հարմանտայեան

Փարիզ 28/12/2014

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail