Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ Համաժողովն Ամփոփեց Իր Աշխատանքը

Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=

01/06/2018 – hayernaysor.am:

Յունիս 1-ին Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովն ամփոփեց աշխատանքը «Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ հայ լրագրութիւնը» թեմատիկ նիստով, որ վարեցին «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան (Լիբանան), «Ծաղիկ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Տունայեան, (Լիբանան), «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան (Չեխիա):

«Հայկական օրակարգի խնդիրները հայութեան ու Հայաստանին ուղղուած ներկայի մարտահրաւէրներու ու սպառնալիքներու լոյսի ներքոյ» թեմայով ելոյթ ունեցաւ «Լուսաւոր Աւետիս» լրատուական կայքի թղթակից Տիգրան Փաշաբեզեան (Ֆրանսա): Ան նշեց, որ համահայկական օրակարգն ամբողջացնելու ժամանակն է եւ առաջարկեց գործի անցնիլ առանց աւելորդ շտապողականութեան: Թեմայի շուրջ ծաւալուած բուռն քննարկման արդիւնքով կարեւորուեցան ազգային գաղափարախօսութեան  եւ արժեհամակարգի մշակման եւ յստակեցման հետ կապուած հարցեր:

«Միաբան» տեղեկատուական հարթակի աշխատակից Եուլիա Գիւլոյեան (Ռուսաստան) ելոյթ ունեցաւ Մերձաւոր արեւելքի  եւ արեւմտեան Հայաստանի մէջ բնակող հայրենակիցներու հետ մշակութային կապեր հաստատելու անհրաժեշտութեան մասին:

«Հայտեղեկատուակեդրոն» տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Արմէն Տէր-Սարգսեան (Ռուսաստան) իր ելոյթին մէջ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Արեւմտեան Հայասատնի հայերու հիմնախնդիրները եւ ատոնց լուծման ուղիները Հայկական Հարցի լուծման միջոցով:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Օրեր» լրատուական կայքի գլխաւոր խմբագիր Աննա Կարապետեան (Չեխիա): Ան հանդէս եկաւ համաժողովի օրերուն հնչած ելոյթներու վերլուծութեամբ, նշեց որ համաժողովի ձեւաչափը  սպառած է եւ  քանի մը գործնական առաջարկ ըրաւ յետագայ համագործակցութիւնը առաւել արդիւնաւէտ շարունակելու համար:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի փոխտնօրէն Պապին Մուրադեան ներկայացուց Մայր Աթոռի տեղեկատուական կայքերը:

Ելոյթներով եւ առաջարկներով հանդէս եկան նաեւ Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան փոխնախագահ Գայեանէ Առաքէլեան, լրագրող Եուրի Կարապետեան (Ռուսաստան):

Ամփոփելով համաժողովի աշխատանքը` Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի նախագահ Շահան Գանտահարեան նշեց, որ համաժողովին մասնակցած է Հայաստանէն, Սփիւռքէն եւ Արցախէն 100-է աւելի լրագրող, որոնցմէ 40-ը գլխաւոր խմբագիր: Քննարկուած է 7 թեմա, ելոյթ  ունեցած է 30 մասնակից, յարակից ելոյթներով եւ առաջարկներով հանդէս  եկած է 50-է աւելի լրագրող: Զեկուցողը կարեւոր համարեց  կազմակերպական եւ բովանդակային ձեւաչափի մշակումը:

Սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան աշխատանքային խումբի անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու համար եւ նշեց, որ համաժողովը եւս մէկ հանգրուան հանդիսացաւ համահայկական տեղեկատուական հարթակ ստեղծելու ճանապարհին:

 

hayernaysor.am/cl/archives/284267

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail