Տարօրինակ;
Զարմանալի…
Կան երեւոյթներ, դէպքեր, միջոցառումներ որոնց համար կըսենք զարմանալի է.
Նաեւ կան որոնց համար կըսենք Տարօրինակ է.
Իսկ ինչ՞ Պիտի ըսենք եթէ երկուքը միասին են թէ Զարմանալի միեւնոյն ժամանակ Տարօրինակ.
Հանդիպեցայ ՛՛աֆիշներու՛՛ տարբեր տեղեր եւ նաեւ համացանցի մէջ թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100 Ամեակի առթիւ տեղի պիտի ունենայ Համերգ Երեւանի Օփերայի Արամ Խաչատուրեանի անուան սրահին մէջ եւ այդտեղ կար բնականաբար հեռախօսահամար որպէսզի եթէ տոմս առնողներ ցանկութիւն ունենան երթան եւ ըմբոշխնեն համերգը որտեղ պիտի երգէր Գառնիկ Սարգիսեան Արազ նուագախումբի ընկերակցութեամբ.
Մինչեւ այստեղ ոչ զարմանալի բան կայ ոչ ալ Տարօրինակ
Զարմանալին այն էր որ Ազդակ օրաթերթի մէջ կարդացի այսպիսի վերնագիր մը
(ՀՄԸՄ Լիզպոնի Գործողութեան 35-ամեակը Երեւանի Մէջ Կը Նշէ Գառնիկ Սարգիսեանի Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Ելոյթով)
Կարդացի յօդուածը եւ զարմացայ թէ այն միեւնոյն համերգի մասին էր ինչը տպագրուած էր աֆիշներու վրայ սակայն յայտարարութեան մէջ այնտեղ չէր նշուած թէ համերգը կը նուիրուի լիզպոնի գործողութեան 35 ամեակին.
Այսքանը զարմանալիի մասին
Տարօրինակը այն էր որ կը մտնես ճաշարան եւ կը պատուիրես Խոզի խորոված սակայն քեզ կը մատուցեն հաւու միս…
Եթէ մէկը լիզպոնի Տղոց արարքին խենթերէն է, այդ գործին հաւատացողն է, այդ կապակցութեամբ ինչ ձեռնարկ ալ որ ըլլայ ներկայ եղողն է սակայն հերու է Հ.Մ.Ը.Մ.-ական կեանքէն այդ աֆիշը կարդայ բնականաբար պիտի տոմս առնելու մասին չմտածէ.
Եթէ մէկը Լիզպոնի տղոց արարքը քննադատողներէն է, զինեալ պայքարի չհաւատացողներու փաղանգէն է սակայն Հ.Մ.Ը.Մ-ապաշտ եւ ամէն առիթի ներկայ եղող անհատ, այդ աֆիշը կարդալով տոմս կապահովէ սակայն միայն բանախօսին բեմ բարձրանալէ ետք կիմանայ որ այդ նուիրուած է Լիզպոնի Տղոց եւ առանց շշուկի կամացուկ սրահէն դուրս կուգայ վրդոված…
Թէ Զարմանալի թէ Տարօրինակ բնականաբար Ինձ համար եւ ոչ ընդհանուրին…
Եթէ նախօրօք իմանայի որ այդ նուիրուած է Լիզպոնի գործողութեան 35-Ամեակին կարելի էր Պատանի Սիմոն Եահնիեանին եւ իր քրոջ համար տոմսեր առնէի որպէսզի իրենք իրենց աչքով տեսնէին եւ զգային այն բարձր գնահատականը որ կը Վայելէ իրենց Հօրեղբայրը եւ չորս ընկերները…
Բարեւս տուի անցայ գնացի
www.aztagdaily.com/archives/402877
Տարօրինակ;Զարմանալի…Կան երեւոյթներ, դէպքեր, միջոցառումներ որոնց համար կըսենք զարմանալի է. Նաեւ կան որոնց համար…
Posted by Zareh Yahniyan on Sunday, July 29, 2018