«Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Յարգեն Թուրքիոյ Օրէնքները» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

30 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ պէտք է յարգեն Թուրքիոյ օրէնքները:

Եըլտըրըմ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը կարծէ, թէ Անգարային սպառնալով` կրնայ ազդել թրքական արդարադատութեան վրայ:

«Թրամփ պէտք է հրաժարի Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու մասին յայտարարութիւններէն», ըսած է Եըլտըրըմ:

Թրամփ խոստացած է «մեծ պատժամիջոցներ» հաստատել Թուրքիոյ դէմ 2016-ին Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման աջակցելու համար մեղադրուող ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրենսընի ձերբակալութեան պատճառով: «Այդ անմեղ հաւատացեալ մարդը պէտք է անմիջապէս ազատ արձակուի», յայտարարած էր ան:

Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատման կարելիութեան մասին յայտարարած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսը:

aztagdaily.com/archives/403052

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail