30 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հակապետական գործունէութեան համար ձերբակալուած ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրենսընի գործով Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներով ճնշումի պարագային Միացեալ Նահանգներ կրնան «զրկուիլ անկեղծ դաշնակիցէ»: Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
«Մենք կապուած չենք Միացեալ Նահանգներուն, անոնք պէտք չէ մոռնան, որ այդպիսի վերաբերմունքի շարունակուելուն պարագային անոնք պիտի կորսնցնեն ուժեղ եւ անկեղծ դաշնակից մը` ի դէմս Թուրքիոյ», ըսած է երկրին ղեկավարը:
Ան աւելցուցած է, որ ամերիկացի պատուելիին արտայանձնումը չի քննարկուիր: Ինչպէս կը յայտնէ թրքական «Հապերթիւրք» օրաթերթը, Էրտողան Ուաշինկթընէն Պրենսընի գործին առնչութեամբ պատժամիջոցներու սպառնալիքը կոչած է «հոգեբանական պատերազմ»:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են 2016-ին ձերբակալուած ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրենսընի հարցը:
«Հապերթիւրք» նաեւ կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, թէ Թուրքիան պիտի դիմէ միջազգային իրաւարարութեան դատարան, եթէ Միացեալ Նահանգներ հրաժարին «Էֆև35» հալածիչներու մատակարարումէն:
Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ այն ժամանակ, երբ ամերիկեան զէնքը քրտական «ահաբեկչական խմբաւորումներու» ձեռքերուն մէջ է, Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ կը ստիպեն հրաժարիլ ռուսական «Էսև400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը գնելէ, հակառակ անոր որ Աթէնքի զինանոցին մէջ եւս կայ «Էս-300»ևներ:
«Այժմ մեզի սկսած են սպառնալ, որ պիտի չկարենան «Էֆև35»ևները տալ: Եթէ չտաք, կայ այնպիսի բան, ինչպէս միջազգային իրաւարարութիւնը, մենք պիտի դիմենք միջազգային իրաւարարութեան…», ըսած է Էրտողան:
aztagdaily.com/archives/403053