«Չենք Ուզեր Եւրոպական Միութիւն Մը, Որ Կը Ղեկավարուի Ֆրանսայի Կողմէ» Կ՛ըսէ Հունգարիոյ Վարչապետը

30 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան յայտարարեց. «Չենք ուզեր Եւրոպական Միութիւն մը, որ կը ղեկավարուի Ֆրանսայի կողմէ»:

Օրպան գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ մայիս 2019-ին տեղի ունենալիք Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւնները պիտի ըլլան «անկիւնադարձային»` աւելցնելով.«Երբեք այսպիսի անկիւնադարձային ընտրութիւններ չենք ունեցած»:

«Գերմանացիները պէտք է արթուն ըլլան: Գոյութիւն ունի ֆրանսական ըմբռնում մը, որուն իմաստը հիմնականին մէջ հետեւեալն է.«Ֆրանսայի Եւրոպայի ղեկավարութիւնը կը ֆինանսաւորուի գերմանական դրամներով»:

aztagdaily.com/archives/403054

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail