Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=
Հաղորդագրութիւն
Ուրբաթ 15 սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Նոյյան Տապան գործակալութեան սրահէն ներս տիղի ունեցաւ հիմնարքը՝ Ինքնութենէ հեռացած Հայերու ուսումնասիրութեան կենտրոնի
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀԱՒԱՏՔԻ եւ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ Հարցերու Մշտական Յանձնախումբ
ԾՐԱԳԻՐ – ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ:
Նախորդ խորհրդաժողովներու՝ 08 սեպտեմբեր 2016-ի եւ 11 մարտ 2017-ի, մասնակիցներու առած որոշումներու գործադրութեան ուղիները, հիմքերը ուսումնասիրելէ ետք, կը յայտարարենք սկիզբ աշխատանքային գործընթացի:
ՀԱՒԱՏՔԻ եւ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ Հարցերու Մշտական Յանձնախումբը հատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ հետեւեալ մասնակից անձնաւորութիւններուն, որոնք լուսաւորեցին մեր միտքերը:
Լիյա Աւետիսեան – Գրող հրապարախօս:
Աբգար Ափինեան – Երեւանի գրողներու միութեան նախագահ:
Մարի Բարսեղեան-Խանճեան – Գրող հրապարախօս:
Ռուբեն Նահատակեան – Պատմաբան, վերլուծաբան:
Անահիտ Ջոգոլակեան – Լրագրող, արձակագիր, հրապարակախօս:
Մարինէ Վահրատեան – Վասպուրականի Նոր Սերունդ-ի ղեկավար:
Մովսէս Նաճարեան – Հայագէտ, Լեզուագէտ:
Էրնեստ Գրիգորեան – Փիլիսոփայական Գիտութիւններու դոկտոր, Պրոֆեսոր:
Վլատիմիր Պետրոսեան – Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր:
Սերկեյ Սիմոնեան – Հայագէտ, Տոմարագէտ:
Ժողովականներու արտայայտած միտքերը մի քանի անգամ ուսումնասիրելէ ետք միասնաբար որոշեցինք ստեղծել հիմնարկութիւն մը:
15 սեպտեմբեր 2017-ին արդէն ստեղսուած է՝ Ինքնութենէ հեռացած Հայերու Ուսումնասիրութեան Հիմնարկ Կենտրոն, ֆրանսա:
Հարմանտայեան Արմենակ 17 սեպտեմբեր 2017 Երեւան