Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերու» ուսումնասիրութիւններու կենտրոնի ստեղծման մասին

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀԱՒԱՏՔԻ եւ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ Հարցերու Մշտական Յանձնախումբ

Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=22039=

Ծրագիր, տեղեկութիւն: «Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերու»

Յայտարարութիւն

«Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերու» ուսումնասիրութիւններու կենտրոնի ստեղծման մասին

Հիմք ընդունելով նախորդ խորհրդաժողովներու` 08 սեպտեմբեր 2016-ի եւ 11 մարտ 2017-ի մասնակիցներու առաջարկութիւններն ու որոշումը՝ կը յայտարարենք «Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերու» ուսումնասիրութիւններու կենտրոնի ստեղծման մասին

Այդ առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր այն անձերուն, ովքեր մասնակից եղան նախորդ խորհրդաժողովներուն եւ օգնեցին ձեւաւորելու սոյն գաղափարն ու ծրագիրը:

Այդ անձերն են`
Լիյայ Աւետիսեան – գրող, հրապարախօս:
Աբգար Ափինեան – «երեւանի գրողներու միութեանէ նախագահ:
Մարի Բարսեղեան-խանճեան – գրող, հրապարախօս:
Ռուբեն Նահատակեան – պատմաբան, վերլուծաբան:
Անահիտ Ջոգոլակեան – լրագրող, արձակագիր, հրապարակախօս:
Մարինէ Վահրատեան – «վասպուրականի Նոր Սերունդէ Հկ-ի ղեկավար:
Մովսէս Նաճարեան – հայագէտ, լեզուագէտ:
Էրնեստ Գրիգորեան – Փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆէսոր:
Վլատիմիր Պետրոսեան – Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆէսոր:
Սերկեյ Սիմոնեան – հայագէտ, տոմարագէտ:
Յուլիա Գյուլոեան – Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Մշակոյթի հարցերով յանձնաժողովի նախագահ:
Սաիդա Օհանեան – Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւոր, ««Համշենուհի»» կանանց միջազգային միութեան նախագահ:

Արմէնակ Հարմանտայեան
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հաւատքի եւ Հայրենակցական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչ

17 Սեպտեմբեր 2017 թ.,
Երեւան

Noyan Tapan
Published on Sep 21, 2017

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail