30 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ :
ԱՐԱԳԱԾԻ ՍՐԲԱՊԻՂԾՆԵՐԸ
Սեդօ Պոյաճեան
Քառագագաթ Արագածը մեր միւս սուրբ լեռն է։ Մինչ առաջինը՝ Արարատը իր երկու գագաթներով տակաւին կը մնայ բռնագրաւեալ, Արագածը ազատ է՝ անկախ հայրենիքի մէջ։
Արարատի նման Արագածը մեր պատմութեան պատգամաբերն է, մեր սրբավայրն է, ուր կը յաւերժանան մեր ազգային անկատար իղձերն ու ազգային արժէքները։ Հաւատարիմ այս խորհուրդին, Արագածի հարաւային գագաթին տեղադրուած են Արցախի համար զոհուած մեր ազատամարտիկներու յուշասալիկներ, որոնք կը յաւերժացնեն մեր նահատակ ընկերներու յիշատակը եւ Արցախի մէջ իրենց թափած արիւնը կը շաղախեն Արագածի հողին ու ժայռին։
Հոն համեստօրէն բարձրացած են յուշասալիկներ Պետոյի, Լեոնիդի, Հրաչի, Մանուկի, Թաթուլի եւ Արցախեան գումարտակի մը համար։
Այսօր այդ սալիկները չկան, քանդուած են, փշրուած են…։ Այս սրբապիղծ արարքը յայտնուեցաւ երէկ՝ Կիրակի օր։
Ամեն տարի, Յուլիս ամսուան վերջին կիրակին, Հ.Յ.Դ. Շուշիի Առանձին Գումարտակի վետերաններու համար Արագած լեռը բարձրանալու օր է՝ ի յիշատակ մեր զոհուած ընկերներուն։
Այս Կիրակի մեր վետերան ընկերները չտեսան այդ յուշասալիկները։ Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս գաղտագող վանդալներ հիմնովին քանդած ու կոտրած են յուշասալիկները եւ նետած են Արագածի անդնդախոր խառնարան…։
Պարզ է, այս վանդալները անունով հայեր են, աւելի ճիշդ՝ թրքանման եւ ազերիանման «հայեր»։
Այսպիսի մարդիկ կարող են հայհոյել Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ Այսպիսի մարդիկ կարող են հարուածել փորձել Դաշնակցութեան։ Այսպիսի մարդիկ դեռ կարող են ամէն ձեւի ստորնութիւններու դիմել՝ քանդելու համար մեր ազգային արժէքները, պղծելու համար մեր հերոսներուն յիշատակը։
Սակայն Դաշնակցութիւնը կը մնայ կանգուն, մեր ազգային արժէքները կը մնան աւելի պինդ, եւ մեր հերոսներու յիշատակը կը մնայ միշտ վառ։
Իսկ այսպիսի մարդիկ, ըլլան անոնք անցեալէն ժառանգ պոլշեւիկներ թէ ներկայիս բուսնող լիբերալներ, միշտ ալ կը ձախողին։ Մեր պատմութիւնը վկայ։ Անոնք կը ձախողին եւ կը նետուին պատմութեան աղբանոցը։
Ասոնց կը մնայ միայն մէկ մակդիր՝ Արագածի սրբապիղծներ
Seto Boyadjian