31 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ամերիկեան «Կոլտման Սաքս» դրամատան ղեկավարներէն Սեմ Ֆինքըլշթայն խօսած է Թուրքիոյ մէջ ներկայ տնտեսական ճգնաժամին մասին` լուրջ մտահոգութիւններ յայտնելով գոյութիւն ունեցող իրավիճակին նկատմամբ:
Ֆինքըլշթայն «Պլումպըրկ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ միջազգային ներդրողները իսկապէս մտահոգ են Թուրքիոյ մէջ սկսած ճգնաժամով, եւ ատիկա արդարացուած է:
«Թուրքիոյ վրայ հիմա դրուած է բեռ մը` ամէն բան ճիշդ ընել, սակայն ինչպէս կ՛երեւի` ամէն բան սխալ կ՛ընեն», ըսած է «Կոլտման Սաքս»-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարը:
Ան շեշտած է, որ Էրտողան շարք մը բանիմաց եւ փորձառու տնտեսագէտներու փոխարէն նախընտրեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնը վստահիլ իր փեսային` Պերաթ Ալպայրաքին:
«Աւելի ուշ ալ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ դէմ հաւանական պատժամիջոցներու մասին լուրեր տարածուեցան: Այսինքն` ասիկա իրապէս վտանգաւոր կացութիւն է», ըսած է Ֆինքըլշթայն:
aztagdaily.com/archives/403236