Դո՛ւք, Հայրենապաշտ «Խենթ»-եր (Լիզպոն 35-ամեակ) Ե.

01 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Որպէսզի կրօնաբոյր արտայայտութիւններէ մենք մեզ զերծ պահենք,
Որպէսզի չափազանցուած եւ ամբոխավարի մտքերէ ձերբազատ մնանք,
Որպէսզի ընդունինք պարզ ու ժուժկալ ըսելաձեւի հրամայականը,
Որպէսզի չտարուինք կարգ մը մարդոց սին ու տխուր վերագրումներուն պատասխանելով, չգործածեցինք պաշտել բառը եւ բաւարարուեցանք խորագիրով մը յստակացնել մեր համեստ կեցուածքը, ըմբռնումն ու հաւատարմութիւնը` յայտնելով, թէ` Լիզպոնի տղա՛ք, մենք ձեզ պիտի շարունակենք սիրել տասնամեակներ ամբողջ:

Այո՛, սա է իրականութիւնը անշպար, սա է մեր դաստիարակութիւնը անսեթեւեթ: Իրականութիւն, որ մենք ձեզմէ սորվեցանք, ատով հպարտացանք ու մեր կեանքին իմաստ տուինք: Դաստիարակութիւն, որուն կենդանի օրինակը դո՛ւք եղաք` ցոյց տալով յաղթանակի ուղին եւ յաջողութեան հասնելու գրաւականը:

Հայրենապաշտ «խենթ»-եր, Լիզպոնի տղաներ, դո՛ւք սիրեցինք Արարատն ու հայութիւնը այնպիսի մեծահոգութեամբ, որ վայրկեան մը իսկ չտատամսեցաք ձեր սրբազան կեանքը նուիրաբերել ազատագրական պայքարի զոհասեղանին:

Քաջ գիտէինք, ու կը մնանք այդ համոզումին կառչած, թէ դուք մարդասպաններ չէիք, կեանքէ դժգոհած սովորական երիտասարդներ, ինչ-ինչ ազդեցութիւններու եւ մոլութիւններու ենթակայ տղաներ չէիք, ընդհակառակը ունէիք մարդկային այնպիսի երազներ եւ ապրումներ, սիրոյ ու կարօտի ակնկալութիւններ, որոնց արժանի էին ձեզի նման հերոսներ:

Ինչպէս ամէն երիտասարդի ապրելակերպ ու հոգեվիճակ, դուք ալ ձեր կարգին կը դիմագրաւէիք կեանքի դառնութիւններն ու դաժան պարտադրանքները, ունէիք այն հրաշալի գիտակցութիւնը ծնողքին օգնելու, հարազատին թիկունք կանգնելու եւ ամենակարեւորը` ձեր երիտասարդի տարիքին, յուսահատիլ չէիք գիտեր, տոկալու ներքին ուժը ամբարած էիք, ճակատագրին ենթակայ չէիք, այլ դուք ստեղծած էիք ձեր կեանքի ճակատագիրն ու ճանապարհը: Ահա գաղտնիքը ձեր ուժին, մեծութիւնը ձեր հաւատամքին, ըմբռնումը` կեանքին:

Ո՛վ կը համարձակի ըսել, թէ դուք կեանքի բարիքներուն քաջածանօթ չէիք, կենսասէր չէիք, մարդկային տարրական հաճոյքներէ զրկուած կամ մոնազի կեանք կը վարէիք: Ո՛չ, դուք այս բոլորը տեսած ու ապրած էիք, նոյնիսկ դաս ալ կրնայիք տալ բոլոր անոնց, որոնք յափշտակուած կեանքի մակերեսայնութեամբ` յաճախ փորձ կը կատարէին փրկելու իրենց սեփական մաշկը, խեղճացած եւ տմոյն դիմագիծը:

Այդուհանդերձ, դուք գիտակից էիք ձեր առաքելութեան, լաւապէս ճանչցած էիք դուք ձեզ եւ, ստորադասելով կեանքի միջակութիւնն ու քարոզաբոյր խօսքերը, նետուեցաք պայքարի դաշտ` ստեղծելով ձեր գաղափարի տաճարը, սալայատակելով Արարատին հասնելու ճանապարհը:

Եւ դուք ձեր աստուածամերձ խոյանքով ջրդեղեցիք հայոց պատմութեան ոսկեայ էջերը, եղաք պատմակերտ ու հրաշագործ, դարձաք ազատատենչութեան անկրկնելի ռահվիրաները:

Այո՛, դո՛ւք, Լիզպոնի առասպել տղաներ, պիտի պաշտենք ձեզ առ յաւէտ:

22 յուլիս 2018

aztagdaily.com/archives/403196

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail