Հայաստանի Յեղափոխութենէն Ամիսներ Ետք Մարդոց Աչքերը Կը Շարունակեն Փայլիլ. «Ճումհուրիյէթ»

01 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթ:

ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Էրմենիհապեր», «Մարմարա».- Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը 31 Յուլիսին ամբողջ էջ մը տրամադրեց Հայաստանի վերջին անցուդարձերուն եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իրականացուցած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի ժողովուրդին մօտ ստեղծուած լաւատեսութեան ու ուրախութեան։

Թրքական ընդդիմադիր թերթի այս յօդուածին հեղինակն է Նազան Էօզճան, որ իբրեւ խորագիր ընտրած է՝ «21րդ Դարու Անարիւն Յեղափոխութիւնը»:

«Թէեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութենէն արդէն ամիսներ անցած են, բայց մարդոց աչքերը կը շարունակեն փայլիլ. բոլորը լի են յոյսով եւ ապագայի նկատմամբ հաւատքով: Երեւանցիները կը պատմեն, որ նախկին վախի մթնոլորտը արդէն անհետացած է: Մարդիկ կը ժպտին, մինչ նախապէս բոլոր զրոյցները միայն բողոքներ կը պարունակէին: Հիմա մարդիկ կը մտածեն, թէ ինչպէ՛ս կրնան լուծումներ գտնել», կը գրէ յօդուածագիրը։

Հեղինակը կ՛աւելցնէ, թէ քաղաքացիները նաեւ կը գիտակցին, որ փոփոխութիւնները մէկ ակնթարթի մէջ պիտի չիրականանան, բայց կը հաւատան, որ փոփոխութիւն իրականացնելու ուժը իրենց ձեռքերուն մէջ է:

Անդրադառնալով իշխանափոխութեան՝ Էօզճան կը գրէ. «Ամենակարեւորը՝ արիւն չթափեցաւ: 11րդ օրը, երբ Սարգսեան հրաժարական տուաւ, Երեւանի փողոցներուն մէջ եւ յատկապէս Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ամբոխները կը պարէին»:

Երեւանցի երիտասարդ մը պատմած է, որ օրեր առաջ նոր վարչապետը առանձին, առանց թիկնապահներու, քալելով անցած է այն սրճարանին մօտով, ուր ինք կ՛աշխատի: «Սովորական մարդոց նման», հիացմունքով աւելցուցած է ան:

Հեղինակը նկատած է նաեւ, որ յեղափոխութենէն ետք ժողովուրդը սկսած է առաւել յաճախ գնումներ կատարելու մանր եւ միջին առեւտրականներու խանութներէն, խուսափելով մեծահարուստներու պատկանող մեծ շուկաներէն:

Էօզճան զրուցած է նաեւ Ամերիկայի Հայկական համագումարի տարածաշրջանային վերլուծաբան, պոլսահայ Այլին Օզինեանի հետ, որ ներկայիս Հայաստան հաստատուած է։

Պատասխանելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը՝ Օզինեան յիշեցուց, թէ Հայաստան պատրաստ է սահմանները բանալու, բայց Թուրքիա շարունակ Հայաստանը կը քննադատէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ։ Հայաստանի մէջ ոչ մէկ կառավարութիւն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւն հաստատելու նպատակով «ցեղասպանութիւն» բառը պիտի վերցնէ օրակարգէն, կ՛ըսէ ան, աւելցելով, որ Փաշինեան դարձեալ առաջարկեց այն, ինչը կրնար առաջարկել, բայց այս հարցին լուծումը կախեալ է Անգարայէն եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն համար պայման է, որ Թուրքիա փոխէ իր դիրքը։

asbarez.com/arm/321469

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail