Թրքական Լրատուամիջոցներ «Պատմական» Կ՛որակեն Հայ-Թրքական Կապերու Մասին Փաշինեանի Յայտարարութիւնը

30 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, թէ Երեւան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու, լայն արձագանգ ստացած է թրքական մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն մէջ:

Փաշինեանի յայտարարութեան անդրադարձած են թրքական թէ՛ ընդդիմադիր եւ թէ իշխանամէտ լրատուամիջոցները:

Արդարեւ, թրքական լրատուամիջոցներուն մէկ մասը Փաշինեանի յայտարարութիւնը «պատմական» որակած է: Այս շեշտադրումը արտացոլուած է հրապարակումներու վերնագիրներուն մէջ, ինչպէս օրինակ՝ «Հայաստանէն Անակնկալ Յայտարարութիւն Թուրքիոյ Մասին», «Կարեւոր Ուղերձ Թուրքիային՝ Պատրաստ Ենք Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Հաստատելու» եւ «Հայաստանի Վարչապետ Փաշինեանէն Պատմական Կոչ՝ Թուրքիոյ»:

Լրատուամիջոցները նշած են, թէ Հայաստանի վարչապետը շեշտած է, որ սահմանը փակուած է Թուրքիոյ կողմէ, իսկ հայկական կողմէն անիկա բաց է, ինչին իբրեւ հետեւանք՝ Թուրքիա՛ն է, որ սահմանը բանալու որոշում պէտք է կայացնէ:

Կարգ մը լրատուամիջոցներ նաեւ անդրադարձած են վարչապետին այն խօսքերուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի հակամարտութեան բանակցութիւններուն եւ Ատրպէյճանի մէջ հայկական յեղափոխութեան կրկնութեան հաւանականութեան: Թուրք յայտնի քաղաքական գործիչ եւ Պոլսոյ Շիշլիի շրջանի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւս, Փաշինեանի յայտարարութիւնը «պատմական կարելիութիւն» որակած է՝ գրելով. «Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան յայտնած է, թէ պատրաստ է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու: Հայաստանի մեկնած ձեռքը, դիւանագիտական տեսանկիւնէն պէտք է դիտել որպէս պատմական կարելիութիւն: Վերջապէս, մեր ձեռքը նաեւ եղբայրական Ատրպէյճանի ձեռքն է»:

horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail