Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

03 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Սարգիս Արարատեան

Սարգիս Արարատեան, ծանօթ նաեւ` Շահնազարեան անունով, յայտնի հասարակական գործիչ եւ քիմիագէտ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է Նուխի (Կովկաս), 1 հոկտեմբեր 1884-ին կամ 1886-ին, իր նախնական ուսումը ստացած է նախ տեղւոյն hայոց ծխական վարժարանը, ապա ռուսական քաղաքային դպրոցը. իր քննութիւնը տուած է սպայից վարժարան մտնելու համար Թիֆլիսի պետական ուսումնարանին մէջ ու ապա` Ներսիսեան վարժարանին մէջ տուած է աւարտականի քննութիւն: Անցած է Ժընեւ եւ աւարտելով բնական գիտութեանց համալսարանը` վկայուած է իբրեւ գիտութեանց դոկտոր` մասնագիտութիւն ունենալով քիմիագիտութիւնը:

Պաշտօնավարած է նաւթային ընկերութեանց մէջ իբրեւ տնօրէն եւ նաւթի արդիւնաբերական ընկերութեանց խորհուրդի կողմէ նշանակուած է ներկայացուցիչ` իբրեւ քիմիագէտ, պետական թեքնիք ընկերութեան մէջ:

1903-ին յարած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան եւ եկեղեցական կալուածներու գրաւման ընթացքին անդամակցած է Նուխիի շրջանի բողոք կազմակերպող յանձնախումբին, հայ-թաթարական կռիւներու ատեն նոյն շրջանին մէջ կազմակերպուած ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ ստանձնած է ղեկավարի դեր:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին մասնակցած է կամաւորական շարժման ղեկավարութեան` նախ իբրեւ Կեդր. յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Քեռիի բանակին ու Վան արշաւող Արարատեան բանակին մէջ` սպայակոյտի անդամ: Նշուած բանակին հետ մտած է Վան: Վանի նահանջէն ետք ռուս կառավարութեան կողմէ իբրեւ մասնագէտ` հրաւիրուած է Պաքուի ռազմաարդիւնաբերական կոմիտէին բացած պատերազմական քիմիական արտադրութեանց գործարանի փոխտնօրէն եւ քիմիական բաժնի տնօրէն: Այս գործարանը Անդրկովկասի մէջ առաջինն էր:

1917-ին ռուսական յեղափոխութեան ընթացքին եւ անկէ ետք ունեցած է ամենալայն աշխուժ գործունէութիւնը հայ զանգուածներու եւ ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպութեան գործին մէջ` Պաքուի շրջանը: Պաքուի հերոսամարտին մէջ Ռոստոմի եւ Աբրահամ Գիւլխանդանեանի հետ ղեկավարած է ինքնապաշտպանութեան շարժումը:

Պաքուի ճակատագրական օրերուն, իբրեւ Պաքուի Ազգ. խորհուրդի անդամ, վարած է անգլիական բանակը Պաքու հրաւիրելու գործը եւ Պարսկաստան երթալով` յաջողած է զօրքը Պաքու բերել 3 օգոստոս 1918-ին, որուն շնորհիւ Պաքուն կրցաւ իր ինքնապաշտպանութիւնը շարունակել մինչեւ 15 սեպտեմբեր:

Եղած է լիազօր ներկայացուցիչ Պաքուի Ազգ. խորհուրդին` Թեհրանի մէջ, պարսիկ կառավարութեան եւ դաշնակից կառավարութեանց դեսպանատանց մօտ: Իսկ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ 1919-ին նշանակուած է Պարսկաստանի առաջին հայ դեսպանը, բայց մերժելով` վերադարձած է Հայաստան:

Հայաստանի մէջ յաջողաբար ստանձնած է ելեւմտական, առեւտրաարդիւնաբերական, պարենաւորման եւ վերջին ճակատագրական շրջանին ներքին գործերու նախարարութիւնները:

1919-ին Երեւանի մէջ կը մասնակցի ՀՅԴ կուսակցութեան Թ. Ընդհանուր ժողովին, կ՛ընտրուի Բիւրոյի անդամ:

5 օգոստոս 1919-ին մինչեւ 5 մայիս 1920 եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմտական նախարար` Ալեքսանդր Խատիսեանի ղեկավարութեամբ: 5 մայիս 1920-ին նշանակուած է պարենաւորման, հասարակական օգնութեան նախարար` Համօ Օհանջանեանի վարչապետութեան օրով, մնացած է այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ 23-24 նոյեմբեր 1920: 1920  սեպտեմբերէն մինչեւ նոյեմբերը եղած է ներքին գործերու նախարար:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք կը յաջողի Թիֆլիսի ճամբով անցնիլ Պոլիս, Փարիզ, Լոնտոն, ապա կրկին Պոլիս եւ անկէ 1922-ին` Պուքրեշ, ուր կը զբաղի իր մասնագիտութեամբ:

Արարատեան հանրային գործերու մէջ մասնակցած է ազգային համագումարներու եւ աչքի ինկող ազգային եւ կուսակցական բոլոր ձեռնարկներուն: Ռումանիոյ մէջ զանազան բեմերէ կատարած է բազմաթիւ բանախօսութիւններ` հասարակական ու քաղաքական նիւթերու մասին:

Գրական մարզի մէջ Արարատեան աշխատակցած է «Ազատամարտ»-ի, «Հորիզոն»-ի, խմբագրած է Թաւրիզի «Առաւօտ»-ը, Եւրոպայի Հայ ուսանողական միութեան օրկան «Ուսանող» պարբերականը, Պաքուի «Արեւ»-ը: Աշխատակցած է նաեւ արտասահմանեան զանազան պարբերաթերթներու:

Սարգիս Արարատեան կը մահանայ 1943-ին, Պուքրեշ:

Զօր. Քրիստափոր Արարատեան

Քրիստափոր Արարատեան, ականաւոր ռազմական գործիչ, ռուսական բանակի գնդապետ, հայկական բանակի զօրավար-հազարապետ, մասնակցած է Սարդարապատի, Էջմիածինի եւ Բաշ Ապարանի կռիւներուն, Սարդարապատի ճակատամարտին մէջ հայկական զօրաբանակի հրետանային զօրագունդի հրամանատար էր: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երկրորդ ռազմական նախարար, անկուսակցական:

Ծնած է 18 յունիս 1876-ին, Թիֆլիսի նահանգի Մցխեթ քաղաքը: Աւարտած է Թիֆլիսի զինուորական վարժարանը` ենթասպայի կոչումով, Փեթերսպուրկի Միխայլովեան հրետանային ուսումնարանը աւարտած է 12 օգոստոս 1896-ին, նաեւ` Մ. Ֆրունզէի անուան ռազմական ակադեմիային կից բարձրագոյն հրամատարական կազմի կատարելագործման դասընթացները:

Այստեղ ան ճանչցուած է լաւագոյն երեք ուսանողներէն մէկը: Աւարտական արարողութեան ժամանակ եղած է հեծելազօրային վաշտի հրամանատար:

Ընտրելով Կովկասեան հրետանիի զօրագունդը, 27 յուլիս 1899-ին կը ստանայ պորուչիկի կոչում:

1902-ին կը նշանակուի Կովկասեան երկրորդ զօրաբանակի հրետանային զօրագունդի հրամանատարի գլխաւոր օգնական: 25 օգոստոս 1902-ին կը ստանայ զօրագլուխի կոչում: Հետագայ տարիներուն քանի մը անգամ փոխած է ծառայութեան վայրը Կովկասեան հրետանային զօրագունդի շրջանակներուն` հիմնականին մէջ զբաղեցնելով ուսումնական խմբակի ղեկավարի կամ ռազմական դատարանի անդամի պաշտօններ:

1903 մարտին կը ստանայ Ս. Ստանիսլաւի 3-րդ կարգի մետալ` սուրով ու ժապաւէնով: 1 օգոստոս 1904-ին կը տեղափոխուի Սիպիրսք քաղաք` զբաղեցնելով այնտեղ զօրագունդի ուսումնական մասի ղեկավարի պաշտօնը, զուգահեռաբար զբաղեցնելով ռազմական դատարանի անդամի պաշտօն:

Ռուս-ճափոնական պատերազմը սկսելէն ետք կը խնդրէ տեղափոխել զինք առաջին գիծ, ուր հնարաւորութիւն կը ստանայ լիարժէքօրէն կիրարկել հրաձգային իր բոլոր գիտելիքները: 19 ապրիլ 1905-ին կը գործուղուի Հարպին` Գ. Մանչուրեան բանակի առաջին գիծի հրետանային զօրագունդ:

23 յունուար 1907-ին կը ստանայ աւագ սպայի կոչում, իսկ 10 մայիսին` զօրագլուխի կոչում: 30 յունուարէն 17 փետրուար զբաղեցուցած է զօրագունդի հրամանատարի պաշտօնակատարի պաշտօնը: 1 յունիս 1912-էն 18 օգոստոս զբաղեցուցած է զօրագունդի հրամանատարի պաշտօնակատարի պաշտօնը: 31 օգոստոս 1914-ին կը ստանայ փոխգնդապետի կոչում:

28 յունիս 1914-էն 28 յուլիս ուսանած է Ցարսկոյէ Սելոյի սպայական հրետանային դպրոցին մէջ, որ կ՛աւարտէ ժամանակէն շուտ ու կը մեկնի ռազմաճակատ: Այստեղ յաջորդ 5 ամիսներուն ընթացքին անոր շնորհուած են քանի մը մետալներ ու շքանշաններ: 9 սեպտեմբեր 1915-ին նշանակուած է զօրամիաւորումի հրամանատարի պաշտօնակատար: 24 սեպտեմբերին եւ անկէ ետք Արարատեանին կրկին շնորհուած են մետալներ` «Խիզախութեան համար»:

13 հոկտեմբեր 1916-ին զինք կը տեղափոխեն ռումանական ռազմաճակատ: Պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնէն ետք գիտակցելով, որ թրքական զօրքը կ՛օգտուի իրավիճակէն ու մուտք կը գործէ Հայաստան, Արարատեանը կը տեղափոխուի Կովկաս:

5 դեկտեմբեր 1917-ին նոր ռուսական իշխանութեան ու Օսմանեան կայսրութեան միջեւ կը ստորագրուի Երզնկայի զինադադարը: Թիֆլիսի հայկական Ազգային խորհուրդը փորձեր կը ձեռնարկէ ստեղծելու ազգային բանակ: Այդ միաւորումը թրքական բանակի դէմ կը մարտնչի մինչեւ 1918-ի սկիզբը` հետագային դառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին հիմքը: Հրամանատար կը նշանակուի զօր. Թովմաս Նազարբեկեանը, որ 5 յունուար 1918-ին Արարատեանը կը նշանակէ  հրետանային զօրագունդի երկրորդ զօրամիաւորումի հրամանատար: Այդ գունդը 4 մարտին անուանափոխուեցաւ հրաձգային հրետանային երկրորդ զօրագունդ: 5 ապրիլին զօրագունդը դարձաւ Երեւանի զօրաբանակի մաս, որուն հրամանատարն էր Մովսէս Սիլիկեանը: Արարատեանը կը դառնայ Երեւանի զօրաբանակի հրետանիի հրամանատար:

Սարդարապատի (մայիսի 21-29), Ղարաքիլիսայի (մայիսի 24-28) ու Բաշ Ապարանի  (մայիսի 21-24) ճակատամարտերուն հայկական բանակը կը յաջողի կասեցնել թրքական յառաջխաղացումը: Սարդարապատի յաղթանակը կարելի դարձուցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Ճակատամարտի ժամանակ Արարատեանը եղած է Սարդարապատի մէջ հրետանիի հրամանատարը, իսկ անոր ղեկավարած ստորաբաժանումը գերի վերցուցած է զինուորներու ամբողջ մէկ վաշտ` կազմուած թուրք ու գերմանացի զինուորներէ: Մօտենալով գերի ինկած վաշտին իր նժոյգով` Արարատեանը լսած է վաշտի հրամանատարին զեկոյցը կազմի մասին ու հրամայած` շրջուիլ ու կրակել թուրքերու ուղղութեամբ: Վաշտը միացած է հայկական ստորաբաժանումներուն:

7 հոկտեմբեր 1918-ին կը նշանակուի հայ-թրքական յանձնաժողովի անդամ, որուն նպատակն էր սահմանագծել հայ-թրքական համատեղ սահմանը. պայման մը, որ մատնանշուած էր 4 յունիսի Պաթումի պայմանագրով: Կը մեկնի Թուրքիա, ուր կը ստանայ թրքական մետալ` ի յիշատակ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Խալիլ փաշայի թրքական ռազմական ղեկավարութեան այցելութեան: Վերադառնալով Հայաստան` կը նշանակուի հայկական հրետանային զօրագունդի հրամանատար: Դեկտեմբերին իր ստորաբաժանումներով կը մասնակցի հայ-վրացական պատերազմին: 1919 յունուարին Արարատեանը կը վերադառնայ Թիֆլիսէն, ուր կը մասնակցէր հայ-վրաց-բրիտանական բանակցութիւններուն:

1919-ին սկիզբը Հայաստանի տարբեր ծայրերու մէջ կը բռնկին շարք մը ապստամբութիւններ` կովկասեան թուրքերով (ազրպէյճանցիներով) բնակեցուած շրջաններուն մէջ, ու այդ պայմաններուն մէջ վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունին կը հրաժարի իր պարտականութիւններէն: Վարչապետ կը նշանակուի Ալեքսանդր Խատիսեանը: Ռազմական նախարար Յովհաննէս Հախվերդեանը նոյնպէս լքեց կառավարութիւնը: 27 մարտին տակաւին չկազմաւորուած կառավարութեան կազմին մէջ Արարատեանը կը ստանայ զօրավար-հազարապետի կոչում ու կը նշանակուի Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական նախարար:

Նշանակուելով նախարար` Արարատեանը նախկին նախարար Յովհաննէս Հախվերդեանը հրաւիրած է որպէս խորհրդական, իսկ իր նախկին հրամանատար զօրավար Մովսէս Սիլիկեանը` որպէս օգնական:

7 յունիսին Դիլիջան գործուղման ընթացքին Արարատեանին ինքնաշարժը կողաշրջուած է, ու նախարարը տեղափոխուած է հիւանդանոց կրծքավանդակի լուրջ վնասուածքով ու երիկամային արիւնահոսութիւն ախտորոշմամբ, ուր ան բուժման ենթարկուած է մինչեւ 25 յունիս:

3 ապրիլ 1920-ին Արարատեանը հրաժարած է նախարարի պարտականութիւններէն` ստանձնելով ռազմական նախարարութեան հրաձգային ուժերու տեսուչի պաշտօնը: 22 մայիսէն Արարատեանը զբաղեցուցած է Երեւանի պաշտպանութեան գլխաւոր հրամանատարի պաշտօնը: Մինչեւ Կարսի գրաւումը թրքական զօրքերու կողմէ` ան զբաղեցուցած է տարբեր զօրամիաւորումներու հրետանիի հրամանատարի պաշտօնը: Արարատեանը գործուղած են Կարս` որպէս ռազմական հրամանատար, իսկ Սիլիկեանը` Պայազիտ: 30 հոկտեմբեր 1920-ին Արարատեանը գերի կ՛իյնայ թրքական բանակի ձեռքը: Բանտին մէջ գտնուած ժամանակ անոր քանի մը անգամ այցելած է զօրավար Քեազիմ Քարապեքիրը, որ առաջարկած է Արարատեանին` դասաւանդել ռուսական հրետանիի արուեստը թրքական ռազմական համալսարանին մէջ, սակայն ամէն անգամ մերժուած է:

Ալեքսանդր Միասնիկեանի միջնորդութեամբ, 1921-ի վերջը վերադարձած է Հայաստան` ըստ որոշ տեղեկութիւններու 1922-ին, զբաղեցնելով Հայկական ՍՍՀ հրետանիի հրամանատարի պաշտօնը:

1923-1925 թուականներուն` հայկական հրաձգային զօրամիաւորումի հրամանատարի տեղակալ, ապա ղեկավարած է ԵՊՀ եւ ՀԳԻ ռազմագիտական ամպիոնները:

Քրիստափոր Արարատեանը Հայկական ՍՍՀ ներքին գործերու կոմիսարին կողմէ 2 սեպտեմբեր 1937-ին, ուշ երեկոյեան, այլ սպաներու հետ միասին կը ձերբակալուի: Երեք ամիս բանտարկութենէ ետք, 10 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 5:00-ին Արարատեանը, զօրավարներ Տմիթրի Միրիմանովն ու Մովսէս Սիլիկեանը, գնդապետներ Աղասի Վարոսեանը, Ստեփան Օհանէսեանը, Յակոբ Մկրտչեանն ու Յարութիւն Յակոբեանը կը տեղափոխեն Նորքի ձոր (ներկայիս կենդանաբանական այգիի տարածք) ու կը գնդակահարեն, որպէս «ազգի թշնամիներու»:

Երկար տարիներէ ի վեր Ք. Արարատեանին կինը` Նինա Էյուպովան ծրարներ կը յանձնէր Պետական անվտանգութեան կոմիտէ իր ամուսինին տալու համար, չիմանալով, որ ամուսինը շատոնց արդէն սպաննուած է: 19 մարտ 1955-ին հարազատներուն յանձնեցին Արարատեանի մահուան վկայականը, ուր նշուած էր, որ իբր թէ ան մահացած է 16 փետրուար 1943-ին սրտի կաթուածէ: Յաջորդ տարի, 18 յուլիս 1956-ին, Հայկական ՍՍՀ Գերագոյն դատարանը չեղեալ կը համարէ Արարատեանին դէմ 16 նոյեմբեր 1937-ին որոշումը, որուն շնորհիւ յայտնի դարձած է անոր մահուան իրական թուականը:

aztagdaily.com/archives/403669

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail