04 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ Սինկափուրի մէջ ԱՍԵԱՆ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու վեհաժողովի ծիրին մէջ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ունեցաւ հանդիպում մը:
Առաւօտեան ժամը 7:30-էն 8:10 երկարած հանդիպումի աւարտին Փոմփէօ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ ներքին գործոց եւ արդարադատութեան նախարարներուն դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները ցոյց կու տան, թէ Միացեալ Նահանգներ «շատ լուրջ են» պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի ազատ արձակման պահանջին մէջ:
«Պրանսըն, ինչպէս նաեւ թրքական կառավարութեան կողմէ արգելափակուած բոլոր ամերիկացիները պէտք է տուն վերադառնան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այդ անձերը երկար ատենէ ի վեր ձերբակալուած են եւ անմեղ են»:
Խօսելով հանդիպումին մասին` Փոմփէօ ըսաւ. «Կառուցողական ժողով մըն էր, եւ անշուշտ չենք սպասեր, որ բոլոր հարցերը մէկ ժողովով լուծուին, սակայն գործակցութեան եւ երկխօսութեան շուրջ համաձայնեցանք, ինչպէս նաեւ քննարկեցինք Մընպեժի ու Իտլիպի մէջ գործակցութեան ճամբու քարտէսի ամրապնդման քայլերը եւ այլ հարցեր»:
Չաւուշօղլու իր կարգին յայտնեց, որ Փոմփէոյի հետ «կառուցողական» ժողովի ընթացքին քննարկած են Իտլիպի եւ Մընպեժի վերաբերեալ միացեալ քայլերու որդեգրման կարելիութիւնները:
Անդրադառնալով թուրք նախարարներուն դէմ որդեգրուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն` թրքական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ. «Մենք միշտ ալ դիւանագիտութեան, երկխօսութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան կողմնակից եղած ենք: Սակայն նաեւ շեշտեցինք, որ սպառնական ոճը եւ պատժամիջոցները որեւէ արդիւնք պիտի չտան: Անշուշտ, այդ հարցերը կարելի չէ լուծել մէկ հանդիպումով, սակայն համաձայնեցանք սերտօրէն աշխատիլ զանոնք լուծելու համար»:
aztagdaily.com/archives/403855