03 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԹՈՒՐՔԻԱ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է ամերիկացի հոգեւորականը պատանդ պահելու պատճառով ԱՄՆ–իպատժամիջոցներու հետեւանքներուն:
Կարօ Փայլան Twitter–ի իր էջին մէջ գրած է. «Հոգեւորական Պրանսընը պատանդ պահելու հետեւանքով Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ սահմանեց Արդարադատութեան եւ Ներքին գործոց նախարարին դէմ:
Պատանդներու առեւտուրով զբաղելու ընթացքին Թուրքիան քաղաքականապէս եւ տնտեսապէս պիտի չտարբերի Սուտանէն»:
Նշենք, որ 2016–ի յեղաշրջման փորձէն ետք Իզմիրի մէջ ձերբակալուած է տեղի կաթոլիկ եկեղեցիներէն մէկու ամերիկացի հոգեւորական Կրէկ Պրանսըն` յեղաշրջման փորձի մէջ մեղադրուողներու եւ PKK–ի զինեալներու հետ կապեր ունենալու մեղադրանքով:
yerakouyn.com/2018/08/03