«Սասնայ Ծռեր»ու Անդամներ Սերգէյ Կիւրեղեանն եւ Տիգրան Մանուկեանը Ազատ Արձակուեցան

03 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ :

«Սասնայ ծռեր»ու անդամներ Սերգէյ Կիւրեղեանի եւ Տիգրան Մանուկեանի խափանման միջոցը Օգոստոս 3-ին փոխուեցաւ «Ծառուկեան» խմբակցութեան 3 պատգամաւորներու անձնական երաշխաւորութեամբ: Ըստ NEWS-ի՝ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շէնգաւիթի նստավայրէն կը յայտնեն, որ անոնք դատարանի դահլիճէն ազատ արձակուեցան:

Նշենք, որ անոնց համար անձնական երաշխաւորութիւն ներկայացուցած են Նայիրա Զոհրապեանը, Սերգէյ Բագրատեանը եւ Վահէ Էնֆիաջեանը, որոնք անձամբ ներկայացան դատարան:

Գործով դատախազը չէր առարկած խափանման միջոցը փոխելու ներկայացուած միջնորդութեան:

Յիշեցնենք, որ ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդի գրաւման փաստով 14 եւ 18 մեղադրեալներու մասերով երկու առանձին դատավարութիւն կ՛ընթանայ: Զինուած խումբի հիմնական մասը կը մեղադրուի գունդի տարածքը գրաւելու, պատանդ պահելու, ապօրինի զէնք-զինամթերք կրելու, փոխադրելու մէջ: Երէք ոստիկաններու սպանութեան համար կը մեղադրուին խումբի անդամներէն երկուքը:

yerakouyn.com/2018/08/03

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail