«Հին»-էն Ու «Նոր»-էն Վեր Մէկ Հայաստան Կայ – ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ

04 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ

Բարի՛ լոյս, հա՛յ, հայրենի՛ք, Հայաստա՛ն,

Բարի՛ լոյս, Արարատեա՛ն աշխարհ,

Բարի՛ լոյս, Աստուա՛ծ, Արարա՛տ:

Երեք տարի առաջ, այսօր, ես առի կեանքիս մեծագոյն քայլը: «Գլխէս մեծ» քայլ, եւ այդ ալ` ի՜նչ քայլ, քայլ դէպի տուն:

Ինձ կանչող չեղաւ, ո՛չ հարազատ, ո՛չ ալ` ծանօթ ունէի, որ ինծի «արի տուն» ըսէին. այն, ինչ որ ունէի մինչեւ այդ օրը, գրեթէ ոչինչ էր, բացի` ծանօթներէ, լաւ ընկերներէ եւ ընտանիքէ. բոլորին կարծես «բարեւս տուի, անցայ, գնացի», կամ աւելի ճիշդ` եկայ… եւ անկեղծօրէն ըսեմ, որ զիս ետ քաշող զգացում մը չեղաւ, չգտայ մէջս:

Երեք տարուան մէջ բաւական մարդ դիմաւորեցի, ուրախ էին, բոլորս ուրախ էինք… նոյնքան մարդ ճանապարհեցի, շատեր ուրախ էին, որ տուն պիտի դառնան, շատեր տխուր էին, որ հայրենիքը պիտի լքեն, իսկ ես բարեբախտաբար միշտ ուրախ էի, որ գացողներուն մէջ չեմ:

Շատ բաներ, զորս չունէի մինչեւ Հայաստան գալս, ունեցայ, գտայ այստեղ` «օտարութեան» մէջ, շատ բաներ ալ կորսնցուցի: Ես ճակատս բաց, քիչ մըն ալ քիթս բարձր եկայ Հայաստան: Հպարտ էի, որ ստիպուած չէի եկած, ուրախ էի, որ իմ ընտրութիւնն էր, լաւ-գէշ իմ ուզածս էր, որ տեղի պիտի ունենար. հիմա ալ ուրախ եմ, քիչ մըն ալ ճակատս աւելի բաց է, որ քիթս գետին չեկաւ, ոչ ալ ամպերուն հասաւ:

Այստեղ գտայ այն, ինչ որ դասական սփիւռքի բոլոր սերունդներու ծնողներն ու նախնիները կորսնցուցած էին տարբեր թուականներու` հայրենիք, հող, ազգ:

Այն, ինչ կար ծննդավայրիս մէջ, հող ու հայրենիք չէր. նոյնիսկ ազգ չէր, այլ ազգէն ֆիզիքապէս բաժնուած, ինչպէս Սարգիս Զէյթլեան կ՛ըսէ` «մայր ցամաքէն բաժնուած կտոր» մըն էր, որ օր մը, ուզենք թէ չուզենք, «սառոյցէ կտորի մը պէս արեւուն տակ պիտի հալի»:

Չգտայ այստեղ նոյն ընկեր Սարգիսի «մայր մեղուի շուրջ» ըլլալու եւ աշխատելու գաղափարը. անկեղծօրէն ըսեմ, որ չզարմացայ, որովհետեւ պատմութեան ընթացքին մեզմէ անբաժան մեր «ազգային» ամէնէն վատ սովորութեան` ապերախտութեան իբրեւ հետեւանք, մենք «մայրը լացուցինք» այն բոլոր մեղուներուն, որոնք օր մը «մայր մեղու» պիտի դառնային, եւ մենք իրենց շուրջը պիտի հաւաքուէինք փեթա՛կ դառնալու համար:

Այսպէս, երեք տարի շարունակեցի չզարմանալ շատ մը բաներու, որոնց վրայ հիմնուած էր մեր բոլորիս մանկական ու պատանեկան հայրենասիրութիւնը եւ Հայաստանի ընկալումը. եւ ի վերջոյ, կորսնցուցի հետքը այն բոլոր կարծես երկնային ամպերու մէջ ձեւաւորուած հայկական ու ազգային երազներուս.

վերացաւ մէջս ձեւաւորուած զգացական Հայաստանը, դառնալով առարկայական Հայաստան` բայց այնպիսի «առարկայ», որ ճիշդ է, որ ո՛չ առաջինն ես, ո՛չ ալ վերջինը զայն ունեցող, բայց` ան միշտ նոր է, միշտ թանկ է, եւ անընդհատ, որքան ալ տաս ու նուիրես իրեն, այդքան ու աւելի պիտի բարձրանայ քեզմէ, այդքան եւ աւելի պիտի պահանջէ քեզմէ:

Սփիւռքահայու յատուկ հոգեւոր «հարստութիւն» մը կորսնցուցի այստեղ հաստատուելով` ձգտում, «յաւերժ» փնտռտուք…

Զգացում մը, որ անդադար կը յուշէ պատկանելիութեան մը մասին (եթէ ունիս զգացում), կը յուշէ, որ հայրենիք մը ունիս, պէտք է քուկդ ըլլայ, պէտք է բաժնես զայն, տե՛ղդ ունենաս այդտեղ:

Այդ բարձրեալին ձգտելու կախարդական զգացումը (կը կրկնեմ` եթէ ունիս) հարստութի՛ւն է իւրաքանչիւր սփիւռքահայու համար, եւ այդ ես կորսնցուցի, եւ այդ կորուստը կը զգաս, որովհետեւ ապրելակերպէդ ու ներաշխարհէդ բան մը անպայման կը փոխուի Հայաստան հաստատուելով:

Ըրի այնպէս, որ երբեք «սփիւռքահայ»-ու տեղ չդնեն զիս, գոնէ` իմ ներկայութեանս, ուրիշ աչքով չնային. միշտ մտածեցի եւ տակաւին կը մտածեմ, որ ես ոչ մէկ բան ունիմ տեղացիներէն աւելի, ոչ ալ պակաս, իր կարգին:

Ոչ մէկ անգամ մտածեցի եւ այսօր եւս չեմ մտածեր «հայաստանցի» դառնալու մասին, հակառակ անոր որ վստահ եմ, որ «հայաստանցի»-ն որպէս որակաւորում` դժբախտաբար քանի մը տեսակ կ՛օգտագործուի, որոնց մէկ մասը կը ծառայէ որպէս ոչ լաւ պիտակաւորում:

Ճիշդ է` շատ մը սովորութիւններ ու ապրելակերպի լաւ երեւոյթներ գիտակցաբար եւ շատ անգամ անգիտակցաբար դարձուցած եմ, կամ դարձած են նաեւ իմս, բայց վստահ եմ` որքան ալ իմ ներսի «հայաստանցին» մեծնայ, աւելի ներսը, տեղ մը, մէկ փոքրիկ անկիւն մը, սփիւռքահայու հպարտութիւնը երբեք պիտի չկորսնցնէ իր վեհութիւնն ու դերակատարութիւնը:

Այո՛, վեհութիւն է այս դարուս պահե՛լ սփիւռքահայու կերպարը ու իր հպարտութիւնը հայրենիքի մէջ, երբ մարդիկ գլուխ կը գովեն ու կը փորձեն իրենց «հայաստանցիութիւն»-ը, «հայրենասիրութիւն»-ն ու «հայութիւն»-ը ուրիշներուն ծախել օտար ափերու վրայ:

Ես աւելի մէկ բան ունիմ` այն ալ պատասխանատուութիւնն է, չյուսահատելու մարտահրաւէրին ընդառաջ երթալն է եւ զօրաւոր կամքի առկայութեան հարցով այլընտրանք չունենալը: Երեք տարի ըրի այնպէս, որ խուսափիմ մարդոցմէ, որոնք փորձեցին զիս ներկայացնել որպէս «հայրենադարձ երիտասարդի օրինակ». ես սորված էի կենդանի մարդիկը չդարձնել օրինակ, որովհետեւ մարդը միշտ սխալական է, եւ նոյն սկզբունքով միշտ օրինակ վերցուցի պատմութեան էջերէն «մաքուր» անցած մարդոցմէ:

Ինձմէ ի՞նչ օրինակ. հազարաւոր օրինակներ կան, իրե՛նք թող ծառայեն որպէս այդպիսին. ես տակաւին օդն ու հողը փոխած, յոգնած ու չարմատաւորուած բոյսի մը նման եմ, շատ ջրես, կը խեղդուիմ, չջրես, «կը մեռնիմ»:

Երեք տարի ատելութիւն տածեցի ու տակաւին կը տածեմ այն բոլոր անձերուն հանդէպ, որոնք, չեմ գիտեր ինչպիսի՛ «հայրենասիրութեան» իբրեւ արդիւնք, տարիներով Հայաստանի վարքն ու բարքը ոտնակոխ ըրին Հայաստանի պուտ մը ջուրին ծարաւ իսկական հայրենասէրներու առջեւ` իրենց ձախողութիւնն ու ձախաւերութիւնը ուրիշին վիզերուն փաթթել փորձելով:

Ատելութիւն տածեցի այն բոլոր անձերուն հանդէպ, որոնք բեմերու վրայէն ու բարձրախօսերու կամ տեսախցիկներու դիմաց նստած` հայրենիք, Հայաստան ու «քելէ, լաօ, էրթանք մըր էրկիր» քարոզեցին, բայց հայրենիք փոխադրել մտածողին «գործ չունիս» ըսին…

Յամենայ դէպս ինծի հետ այդպէս բան չպատահեցաւ, թերեւս` ճիշդ մարդոց դիմելուս պատճառով:

Երեք տարի այդ նոյն մարդիկ թեւ ու թիկունք կանգնեցան եւ այնպէս ըրին, որ քիթս երբեք չբարձրանայ եւ ամպերուն չհասնի` ուրիշներուն նման տգէտ քարոզներ կարդալով:

Այս ալ ըսեմ, որ երեք տարուան մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն տեսայ Հայաստանի մէջ: Հայաստանը նոյն Հայաստանն է, որ կար եւ այսօր իսկ կայ, վաղուան լինելութեան հարցը մեր ու գալիք սերունդի ձեռքերուն մէջն է:

Ո՛չ հին Հայաստանը առանձնապէս բան փսփսաց ականջիս, որ եթերային ու վերացական այս «նոր Հայաստան»-ի մէջ կորսնցուցի, ո՛չ ալ «նոր Հայաստանը» այնպէս ըրաւ կամ պիտի ընէ, որ «հին» Հայաստանին հանդէպ ինչ-որ բան փոխուի…

Ես այդ մէկ Հայաստանին համար եկած էի այստեղ ու այնպէս կ՛ապրիմ, որ այստեղ մէկ մնայ ան ու չբաժնուի վերացական ու իրական Հայաստաններու միջեւ:

Ատելութիւնս կը կիսեմ այսօր այն բոլորին հանդէպ, որոնք իրենց հոգեկան ու գիտակցական անգործութեան պատճառով չկրցան հաստատուիլ «հին» Հայաստանի մէջ, այսօր անոնք են, որ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու մխիթարանք կը փնտռեն նոր Հայաստանի մը հասկացողութիւնը ստեղծելով, մինչդեռ այն, ինչ պիտի գայ ուրիշներուն փնտռած «նոր» Հայաստանին մէջ, շատ աւելի վատը պիտի ըլլայ այն բոլորին համար, որոնք բարձր ազգային մղումներով ու հայրենասիրութեամբ խեղդուող հասարակութեամբ Հայաստան կը սպասեն տեսնել:

Այս վերջին տողերը քաղաքական նպատակներ երբեք չեն հետապնդեր, այլ այն է միայն, որ Հայաստանը մէկ Հայաստան է` իր որպէս պետութիւն կայացած ու չկայացած բոլոր միջոցներով ու լծակներով. «Հայաստանի համար մեռնող» բոլոր հայրենասէրները խաղաղ պայմաններուն միշտ պէտք է յիշեն, որ պետութիւնը այս օրերուն չի կայանար մեր մահով…

Հայաստանը կշտացած է իր գոյութիւնը միայն հոգեկան մխիթարանք ընկալող «ֆետայիներէն»: Հայաստանը այսօր Հայաստանի համար ու Հայաստանի մէջ ապրողներու պէտք ունի, անկախ իր «հին» ու «նոր» կարգավիճակէն: Մահուան գնով բան մը ընելը այդ նոյն բանին համար ապրելով է, որ կը սկսի…

28 յուլիս 2018
Կեդրոն, Երեւան

aztagdaily.com/archives/403801

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail