Սլաքներ. Կոտրել Կացինի Նման Կոթեր… Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

04 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի պատկերասփիւռի մէկ կայանի լրատուական յայտագիրէն` 1 օգոստոսին ի միջի այլոց հաղորդուեցաւ հետեւեալը. Հայաստանի բնակչութեան այժմու թիւը շուրջ 2,9 միլիոն է: Մանրամասնութիւններ` վերջին շրջանին, քաղաքներէ հեռացած են շուրջ 6 հազար բնակիչ, գիւղերէ` աւելի քան 3 հազար:

Նոյն օրը, «Ազդակ»-ի «50 տարի առաջ» սիւնակին մէջ կար Հայաստանէն լուրերու շարան մը, որոնցմէ մէկը կ՛ըսէր. 1968-ի յուլիսի վերջերուն, Հայաստանի բնակչութեան թիւը 2 միլիոն 340 հազար էր:

Մեկնաբանութիւն կ՛ուզէ՞ք…

***

31 յուլիսին, ՀԱՔ-ի մէկ ներկայացուցիչը` Զոյա Թադեւոսեան, մամլոյ ասուլիսի մը պահուն յայտարարած է, որ հայերս Արցախի մէջ Ազրպէյճանէն հող գրաւած ենք, եթէ կ՛ուզենք, որ Արցախի հարցը լուծում գտնէ, այդ հողերը պէտք է վերադարձնենք: Առարկողի մը` ան խրատած է «պատմութիւն սորվիլ»` շեշտելով, որ ինք պարզապէս կը յիշեցնէ եռանախագահներուն պաշտօնական տեսակէտը:

Արցախի պաշտօնական հակադարձութիւնը ծանօթ է. Թադեւոսեանը արդարօրէն որակուեցաւ դաւաճան, իսկ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարեց, որ ՀԱՔ-ի ներկայացուցիչին դէմ դատական հարց պիտի յարուցէ:

Ազրպէյճանին հող վերադարձնելու եւ այդ ճամբով խաղաղութեան հասնելու «տեսութիւնը» նորութիւն չէ: 90-ականներուն կար աւելին. Հայաստանի հարաւէն հողեր տալ Ազրպէյճանին` Արցախէն որոշ բաժիններ ունենալու փոխարէն: Առաջին դրօշակիրներէն էր Լեւոն Տէր Պետրոսեան: Արցախի մէջ «գրաւեալ հողեր» Ազրպէյճանին վերադարձնելու չնաշխարհիկ տեսակէտ մը արտայայտեց նաեւ նախորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան, հազիւ տարի մը առաջ…

Արձանագրենք գոնէ երկու կէտ. նախ` եթէ պատմութիւն սորվելու Զոյայի մը թելադրանքը ընդունինք, պէտք է սկսինք այն օրերէն, երբ Ստալին կոչուած բռնատէրը բոլորիս ծանօթ հաշիւներով Արցախն ու Նախիջեւանը յանձնեց Ազրպէյճանին: Սա ճշմարտութիւն մըն է արեւու տակ, որ թզենիի տերեւ մը իսկ չունի շուքի պատառիկ մը ունենալու համար: Յետոյ, մեր` հայութեան ամբողջ պայքարը միշտ ալ չէ՞ ուղղուած միջազգային կամայականութեանց դէմ, հաշիւներու, որոնց այսօրուան դրօշակիրները կը կոչուին… «համանախագահներ»:

… Ժամանակն է, որ Հայաստանի մէջ որդեգրուի օրէնք մը, եւ որքան կարելի է` շուտ, որ ծանրագոյն պատիժներուն արժանացնէ պատմական ճշմարտութեանց ու մեր իրաւունքներուն մասին կասկած յարուցող նմանօրինակ արտայայտութիւններու հեղինակները: Չի բաւեր ուրախանալ, որ Ֆրանսա կամ այլ երկիրներ պատիժի արժանի քրէական յանցանք կը նկատեն Ցեղասպանութեան ժխտումը:

Պէտք է իմաստութիւնը ունենալ նման ստրկամիտներու բեմ չտալու, եւ սա ո՛չ մէկ ձեւով կ՛ոտնակոխէ խօսքի ազատութեան սկզբունքը: Նման վարձկաններու մասին երկար խօսիլն ալ չ՛արժեր: Աւելի՛ն: Պէտք է կոտրենք մեր կացինին այս տեսակի կոթերը…

1 օգոստոս 2018

aztagdaily.com/archives/403694

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail