Քաղաքական Անդրադարձ. Թուրքիան Ա՛լ Աւելի Կախեալ Կը Դառնայ Ռուսիայէն… Իսկ Հայաստա՞նը

06 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի որոշումով տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատուեցան Թուրքիոյ արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներ Ապտուլհամիտ Կուլիի եւ Սուլէյման Սոյլուի դէմ` ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընը ազատ արձակել մերժելու պատճառով («Սի. Էն. Էն.», 1 օգոստոս 2018): Իսկ միւս կողմէ, Թուրքիա Միացեալ Նահանգներէն պահանջեց յանձնել Անգարային ընդդիմադիր իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը, որպէսզի անոր դիմաց ազատ արձակէ ամերիկացի հոգեւորականը: Բան մը, որ մինչեւ օրս Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն: Թուրքիա տեսնելով, որ Արեւմուտքին հետ իր լծակները կը նուազին, իր աչքերը դարձեալ ուղղեց դէպի Արեւելք:

Էրտողան ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրներէն (Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ) պահանջեց, որ նկատի առնեն Թուրքիոյ անդամակցութիւնը իրենց կազմակերպութեան («Առ. Թի.», 31 յուլիս 2018): Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը (30 յուլիս 2018) Էրտողանին մօտիկ աղբիւրէ մը քաղելով իր տեղեկութիւնը` կը հաստատէ, որ ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրները գոհունակութեամբ ընդունած են Թուրքիոյ նախագահին առաջարկը: Ռուսական մշակութային հետազօտութեան կեդրոնի տնօրէն Եւկենի Պեխրեւսքի «Առ. Թի.»-ին յայտնած է, որ Էրտողան յուսախաբ եղած է Եւրոպական Միութենէն ու Միացեալ Նահանգներէն եւ այդ պատճառով ալ կը փորձէ բազմաշառաւիղ արտաքին քաղաքականութիւն մը վարել:

Անցեալ շաբաթ Ռուսիա Հայաստանի կառավարութեան 200 միլիոն տոլարնոց վարկ մը տուաւ, որպէսզի հայկական կողմը նորագոյն զինամթերքով եւ հակաօդային հրթիռներով սպառազինէ հայկական բանակը: Անշուշտ ասիկա նոր բան մը չէ, Ռուսիա եւ Հայաստան ռազմավարական դաշնակիցներ են, Ռուսիա ունի մօտ 5000 հոգինոց զօրք մը, որ տեղակայուած է Արմաւիրի, Արտաշատի, Մեղրիի եւ Զուարթնոց օդակայանին մէջ, ինչպէս նաեւ` Գիւմրիի 102-րդ ռազմակայանը, որ Հարաւային Կովկասի մէջ միակ ռուսական ռազմական խարիսխն է: Ռուսական սահմանապահ ուժերը գրեթէ ամբողջութեամբ իրենց հսկողութեան տակ առած են ներկայ հայ-թրքական սահմանը, ինչպէս նաեւ` Իրան-Հայաստան սահմանին մեծ մասը: Հայաստան նաեւ անդամ է Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, անոր տնտեսութիւնը եւ անվտանգութիւնը բաւական կախեալ են Ռուսիայէն:

Ըստ Մոսկուայի պետական համալսարանի դասախօս եւ թուրք-ռուսական յարաբերութիւններու մասնագէտ Քարիմ Հասսի, վերջին 20 տարիներուն ռուսական ռազմական օժանդակութիւնը Հայաստանին անցած է 720 միլիոն տոլարը: Ան նաեւ յայտնեց, որ ռուսական այս օժանդակութիւնները պէտք չէ ժխտական ազդեցութիւն ունենան Անգարայի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւններուն վրայ: Սակայն ռուսական անյայտ զինուորական աղբիւր մը «Ալ Մոնիթոր»-ին (31 յուլիս 2018) ըսաւ, որ Սոմալիի, Քաթարի, Սուտանի եւ մանաւանդ Նախիջեւանի մէջ թրքական ռազմակայաններ կառուցելու ծրագիրները խիստ մտահոգութիւն յառաջացուցած են Մոսկուայի մէջ, եւ այս պատճարով Ռուսիա իր ռազմական օժանդակութիւնը տրամադրեց Հայաստանին: Շատ հաւանաբար նաեւ Ռուսիա մինչեւ օրս զուսպ եւ համբերութեամբ մը հետեւի Երեւանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` մտահոգուելով, որ յանկարծ իրեն հանդէպ վստահութիւնը կը կորսուի Երեւանի նոր իշխանութիւններուն կողմէ: Եթէ Հայաստանը կորսուի, ապա Հարաւային Կովկասը նաեւ պիտի կորսուի Ռուսիոյ համար:

Միւս կողմէ` «Պիլկեսամ» հետազօտական կեդրոնի ներկայացուցիչ Էլնոր Իսմայէլ «Ալ Մոնիթոր»-ի (31 յուլիս 2018) հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանին տրամադրուած ռազմական օժանդակութիւնները երբեք չեն ազդեր թուրք-ռուսական յարաբերութեանց վրայ: Ըստ անոր, այսօր Ռուսիան ա՛լ աւելի կարիք ունի Թուքիոյ, որպէսզի քաղաքական միջոցներով լուծէ Սուրիոյ հարցը, սակայն Իտլիպի իրադարձութիւնները կրնան խանգարել այս «ռազմավարական յարաբերութիւնները»: Սուրիական աղբիւրներ «Մաստար» (30 յուլիս 2018) կայքին յայտնեցին, որ սուրիական բանակը համաձայնած է քրտական ջոկատներուն հետ յարձակելու Իտլիպի վրայ, բան մը, որ ահազանգի մատնած էր Անգարայի կողմնակից իսլամամէտ զինեալ խմբաւորումները այդ շրջանին մէջ: Սուրիական կողմին համաձայն, մօտ օրէն հաւանաբար բռնկի Ժըսըր Շուղուրի ճակատը, որուն նպատակն է ապահով դարձնել հիւսիսային Լաթաքիան եւ Իտլիպի շրջակայքը: Սակայն վերլուծաբանը կը հաւատայ, որ Ռուսիա չի կրնար խաթարել իր յարաբերութիւնը Թուրքիոյ հետ, եւ Թուրքիան, որ Արեւմուտքին կողմէ մերժուած է, իսկ Միացեալ Նահանգներու կողմէ` պատժամիջոցներու սպառնալիքին տակ, կարիքը ունի Ռուսիոյ, որ ազատէ զինք իր քաղաքական կղզիացումէն: Անգարա նաեւ կարիքը ունի Ռուսիոյ դերակատարութեան, որպէսզի Աֆրինը պահէ իր հակակշիռին տակ, մինչեւ որ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ քրտական հարցը Թուրքիոյ ի նպաստ լուծումի մի յանգի:

Հետեւաբար նախագահ Էրտողան ամէն ջանք պիտի թափէ, որ երկրին տնտեսութիւնը կայունացնէ, եւ անոր աչքերը ուղղուած են դէպի ՊՐԻՔՍ:

Սակայն ռուս-թրքական մերձեցումը մտահոգիչ է Հայաստանի համար, եւ ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Կուկունեանի արշաւանքի դասերը: Աւելի՛ն. վերջերս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի անընդունելի յայտարարութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դատական հարցով, թէ` «… վերջին օրերու իրադարձութիւններուն ընթացքը յստակ խախտում է այն դրական միտումին եւ կը հակասէ Հայաստանի նոր ղեկավարութեան կատարած անցեալի յայտարարութիւններուն», եւ` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ոչ համահունչ պատասխանը, որ` Ռուսիա պէտք չէ միջամուխ ըլլայ Հայաստանի ներքին հարցերուն, որոշ ճեղք մը կը յառաջացնեն երկու դաշնակիցներուն միջեւ, եւ այս ճեղքէն կրնայ օգտուիլ ոչ միայն Թուրքիան, այլ նաեւ` Ազրպէյճանը:

Վստահաբար ես այն դիրքին մէջ չեմ, որ Հայաստանի նոր իշխանութեան խրատ տամ, սակայն հայոց պատմութիւնը ուսումնասիրելը եւ մասնաւորապէս վերջին 100-ամեակէն դասեր քաղելը կարեւոր է: Դասեր, որոնց չենք ուզեր միշտ անդրադառնալ: Անոնք կը ցաւցնեն մեզ: Այսօր Հայաստան պէտք ունի ճկուն դիւանագիտութեան, սակայն` հաշուելով ամէն մէկ քայլ. ետդարձ չկայ: Ինչպէս Էտուարտ Հիթ կ՛ըսէ` «Դիւանագէտը այն անձն է, որ կը մտածէ երկու անգամ` նախքան լեզուն շարժելը»:

Yeghia.tash@gmail.com

aztagdaily.com/archives/403979

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail