Արամի Արձանին «Առեղծուածը» – Տարօն Տէր Խաչատուրեան

03 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Տարօն Տէր Խաչատուրեան

17 Յուլիսին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն ոչ շատ հեռու, բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրի հանգամանքով ճանչցուած ազգային հերոս, Դաշնակցական գործիչ ու ղեկավար Արամ Մանուկեանի արձանին: Առաւել քան վեց ամիսներէ ի վեր, շատ բան ըսուեցաւ այս արձանին մասին, անոր մտայղացումէն (concept) մինչեւ արձանի տեղադրման վայրին մասին, հասնելով արձանը պարուրած Եռագոյնի գոյներու (ան)հարազատութեան, եւ այլն:

Իրողութիւնը սակայն կը մնայ այն, որ նոյնինքն իր անկախութենէն 28 տարիներ ետք, հայրենի պետութիւնը եկաւ անդրադառնալու այս շեշտակիօրէն եզակի անհատականութեան եւ ղեկավարին՝ Արամ Մանուկեանի պետականակերտման գերմարդկային ջանքերուն եւ արդիւնաւէտութեան, եւ ըստ այնմ առաւ այն քայլերը, որոնց վերջերս հետեւեցանք առցանց եւ լրատուական միջոցներով:

Իսկապէս հոգեպարար երեւոյթ էր 17 Յուլիսին տեղի ունեցածը: Տեսնել Հայաստանի նորընտրեալ վարչապետն ու նախագահը, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ու խորհրդարանի նախագահը, ՀՅԴի ներկայացուցիչով ամբողջացնելով պատուոյ հիւրերու առաջին շարքը, պատկառելի ժողովուրդին ներկայացուցին Արամի արձանը: Բազմութիւնը (մեծաթիւ, բայց անշուշտ կրնար աւելին ըլլալ) եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու իր հարազատ որդիին, որ 1918ի Մայիսի նախորդող ամիսներուն, Թիֆլիսի Հայոց Ազգ. Խորհուրդին կողմէ Երեւան ուղարկուած լիազօր ներկայացուցիչի հանգամանքով, իր ջանքերով Երեւանի մէջ յառաջացուած Յատուկ Կոմիտէի անդամ ըլլալով, արդէն իսկ Ռուսերու նահանջով սկսած պետականութեան բացը գոցելու յատուկ աշխատանքի լծուած էր: Այս մասին առատ գրականութիւն գոյութիւն ունի, Արամի գործին՝ Վանէն Երեւան, Մայիս 28, ու մինչեւ իր անժամանակ մահը 1919ի Յունուարին, վարակուած տիֆով:

Ան այսօր պաշտօնապէս կը կոչուի Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր: Եւ այդ, անշուշտ արդարացիօրէն: Զարմանալին այն է, որ այս անուանումը «ձեռք ձգելը» տեւեց 28 տարի, եթէ զանց առնենք Հայաստանի Խորհրդայնացման տարիները: Ելլելով դէպքերու ընթացքէն, անշուշտ որ դաշնակցականօրէն գործած ազգային ղեկավարը, Հանրապետութեան Հիմնադիրը, փառաբանանքի պիտի չարժանանանար Հայաստանի խորհրդային օրերուն, սակայն պատճառ չկար որ սպասուէր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին, որպէսզի Արամի՝ Հիմնադիրի հանգամանքը պետականօրէն ճանաչուէր եւ շեփորահարուէր: Մի՛շտ կարելի է «աւելի լաւ է ուշ՝ քան երբեք» ասացուածքով առաջնորդուիլ: Բայց ինչո՞ւ այս աստիճան ժլատութիւն: Վասն ինչի՞:

Դաշնակցութեան համար, ինք իր զաւակներուն գովքը հիւսելը ո՛չ հաճելի է, ոչ ալ մաս կը  կազմէ իր նկարագիրին: Հաւանաբար այս պատճառով ալ Դաշնակցութիւնը ինքն իրեն չվերապահեց Արամը դնել պանթէոնի վրայ: Իսկ հիմա, որ առիթը ունեցայ վերջերս կարդալու 1920էն սկսեալ բոլշեւիկներու հակադաշնակցական մոլուցքին ահաւորութեան մասին, կ՛անդրադառնամ, թէ որքան ահեղ, վախազդու եւ կրաւորականէն ժխտականի անցնող մտապատկեր մը պէտք է ստեղծուած ըլլայ հայրենի ժողովուրդին մօտ՝ «յետադիմական», «ազգայնամոլ», «հակայեղափոխական», «ներքին թշնամի» «Դաշնակ»ներուն հանդէպ: Եթէ 70 տարի Արամ Մանուկեան կարելի չէր հայրենի ժողովուրդին ներկայացնել այնպէս, ինչպէս որ էր, Եռագոյնին ու «Մեր Հայրենիք»ին վերադարձով Երեւան, ժամանակը չէ՞ր որ Արամն ալ վերադառնար իր հոգեկան աքսորէն, մանաւանդ որ անոր աճիւնները երբեք չէին թողած քաղաքամայր Երեւանը: Հակառակ անոր, որ նախընտրելի պիտի ըլլար ամէն ինչ չբարդել վերանկախացած Հայաստանի մեր առաջին նախագահին, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ուսերուն, դժուար չէ խոկալ այն բոլոր մսխուած ազգային առիթներուն մասին, որոնք Հայաստանն ու Սփիւռքը կորսնցուցին այդ շատ բախտորոշ առաջին 7-8 տարիներուն ընթացքին: Ուրեմն, եթէ Դաշնակցութիւնը չէր ուզեր փառաբանել իր «տղան», ապա անցնող շաբաթ, հարիւր տարուան ուշացումէ ետք, Հայաստանը պաշտօնապէս եկաւ ըսելու, որ Արամը ի՛րն է, որ ան Արամով հպարտ է, եւ թէ առանց Արամի եւ անոր հետ աշխատած սերունդին եւ ժողովրդային զանգուածին, այսօր Հայաստան կրնար սոսկ ծանօթագրութեան մը վերածուած ըլլալ պատմութեան գիրքերու փոշոտ էջերուն մէջ:

Այնպէս, ինչպէս Պոլիվիան, Վենեզուելլան, Քոլոմպիան, Էքուատորը, Փերուն եւ Փանաման կ՛ըսեն, որ Սիմոն Պոլիվարը իրենցն է եւ հպարտ են իրմով կամ այնպէս, ինչպէս ի հեճուկս Ուոթըրլուի մէջ իր պարտութեան, Ֆրանսան կը պնդէ, որ Նափոլէոնը իր էութիւնն իսկ սահմանող անձն է եւ արժանի է թաղուելու Փարիզի Էնվալիտի (Les Invalides) դամբարանին մէջ, Արամն ալ Հայաստանի՛նն է:

Ուշադրութիւն, Էնվալիտ ըսելով կ՛առընչուինք Արամի հետ կապուած այլ գերզգայուն հարցի մը: Թէ ու՞ր պէտք է տեղադրուի կամ տեղադրուէր Արամի արձանը: Անկեղծ ասած, ներկայի վայրն ալ ինծի համար վատ չէ: Բայց արդեօք Արամի հետ կապուած որեւէ հարց «վատ չէ»ով կարելի՞ է սահմանել: Շատեր ըսին, որ անոր արձանը անպայմանօրէն պէտք էր ըլլար Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Հաւանաբար իրաւացիօրէն: Արդեօք դարձեա՞լ ժամանակի հարց է այդ: Հիմա կը հասկնա՞ք, թէ ինչո՛ւ Էնվալիտին ակնարկուեցաւ: Պետութիւն կերտած մարդը, Հանրապետութեան Հիմնադիրը, մայրաքաղաքի սիրտին մէջ ըլլալով՝ ամէն օր պիտի առթէ ազգային պարծանք, ինքնավստահութիւն, պարտականութեան գիտակցութիւն, ազգային պատկանելիութեան հրճուանք եւ անարդար ոսոխը յաղթահարելու ամէնժամեայ պատրաստակամութիւն:

Արձանի տեղադրման վայրէն անցնինք անոր մտայղացումին: Դարձեալ շատ մելան հոսեցաւ այս նիւթին շուրջ: Ոմանք Արամը պարուրող Եռագոյնին մէջ տեսան կնոջական հագուստի նմանութիւն մը (հասնելով մինչեւ հնդկական սարի տարազի օրինակին): Ուրիշներ նկատել տուին, որ Եռագոյնի գոյները «պաղ» էին: Տակաւին ուրիշներ արդարացիօրէն շեշտեցին, որ Խորհրդային Միութեան օրով կանգնեցուած Սասունցի Դաւիթի արձանին հետ «կը զգաս», սակայն Արամի արձանը հարազատօրէն քեզ հետ «չի խօսիր»…

Խղճի հանդարտութեամբ կարելի է ըսել, որ բոլոր մտահոգութիւններն ալ ունէին որոշ արդարացի բաժիններ, եւ, յիրաւի, կը մնային ու կը մնան միտք չարչրկող նիւթեր: Անտարակոյս, ճաշակները վիճելի են: Բայց իրողութիւնը կը մնայ այն, որ այս շուրջ 20 ոտք բարձրութեամբ արձանը քանդակուած է նաեւ օգտագործելով կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն բնական ժայռեր, որոնք, անշուշտ, հարիւր տոկոսով պիտի չհամապատասխանէին մեր դրօշի պաշտօնական երեք գոյներուն: Այսօր Արամը սլացիկ հասակով նստած է Երեւանի մայր հրապարակէն ոչ շատ հեռու, եւ բոլորին կը պարտադրէ իր քով երթալ ու իր հետ զրուցել ազգային հարցերու մասին, Հայաստանէն Արցախ ու Սփիւռք:

Հիմա Էնվալիտը, 20 ոտքը, եւ այլն, տեղ կու տան ուրիշ հարցի մը: Ինչպէս գիտէք, Արամը մահացաւ 1919ին, Երեւանի մէջ, իր ետին թողնելով իր կինն ու դուստրը: Տարբեր գործնական պատճառներով, իր կողակիցն ու աղջիկը երեք անգամ զինք կը թաղեն, այսպէս՝ իր աճիւնները երկու անգամ տեղափոխելով 1919ի առաջին թաղման վայրէն: Ասոնցմէ վերջինը 1929էն մինչեւ օրս Արամի գերեզմանը կը գտնուի Երեւանի Թոխմախի գերեզմանատան մէջ՝ անշուք եւ աննախանձելի վիճակի մէջ: Աւելին, Արամի Տան փողոց դիմակայող պատը (facade), ցարդ փրկուած է Երեւանի կեդրոնական պողոտաներէն մէկուն մէջ, սակայն անոր ճակատագիրը կը մնայ տակաւին վճռելի:

Վերադառնալով Էնվալիտի ու Նափոլէոնի, Պոլիվարի, ու այս պարագային ալ Արամին հետ կապուած այս երկու վայրերուն (տուն եւ գերեզման), արժէ այս մասին ալ բարւօք ու ազգային հպարտութիւն արթող լուծումներ գտնել, Արամը նոր սերունդներու սիրտերուն մէջ աւելի ցայտուն կերպով ներկայութեան վերածելու նպատակով:

Վերջապէս, իբրեւ դաշնակցական մարդ, զիս կը տագնապեցնէ այս բոլորին հետ կապուած մէկ այլ խորթ երեւոյթ: Արամի արձանին այս երեւոյթը ինծի համար, ճի՛շդ այդ է, երեւոյթ մըն է: Բո՛ւն հարցը կը կայանայ այնտեղ, ուր Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին կը շարունակուի ՀՅԴի աւանդին պատկանող եւ մեր պայքարի ամէնէն ցայտուն երեւոյթներն ու աշխատանքները Հայաստանի տարածքին ազգայնացնելու ու զանոնք իրենց դաշնակցական պարունակէն, – պիտի ուզէի հաւատալ,- ոչ դիտաւորեալ, այլ անգիտութեան վրայ հիմնուած՝ պարպելու ջանքին կամ ընթացքին մէջ: Օրինակները շատ են, սակայն միայն մի քանին կ՛արժէ յիշել հոս, Սարդարապատ-Մայիս 28, Արամ Մանուկեան, Ա. Հանրապետութեան պետականակերտման աշխատանք, Նեմեսիս, Գարեգին Նժդեհ-Զանգեզուր-Լեռնահայաստանի կառավարութիւն, Սփիւռքեան նորագոյն ցուցական պայքարի ընկալում, Արցախեան ազատամարտի ՀՅԴի դերակատարութիւն, եւ այլն:

Լա՛ւ է, որ Դաշնակցութեան գործերն ու իրագործումներուն ծնունդ տուող հերոսները կ՛ազգայնացուին: Անոնց ճիշդ տեղը հո՛ն է: Սակայն, Credit is due where it is deserved. Ակնկալուածը ՀՅԴի փառաբանանաքը չէ: Այս հերոսներն ու իրագործումները Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ու Ծրագիրին ծնունդն էին եւ արգասիքը անոր մարմիններու-ժողովներու որոշումներուն: Այս բոլորը, եւ շատ աւելին Դաշնակցութեան կենսագրութիւնն են, ընդելուզուած հայ ազգի պատմագրութեան հետ: Այս էջերու ճիշդ հասցէագրումն ու շաղկապումը, ինչպէս նաեւ արդար բնութագրումը պիտի նպաստեն նորանոր նկրտումներու աւելի հեշտ ստեղծման եւ արդիւնաւորման, ի սպաս մեր վեհ հայրենիքին:

Այսքան Արամի արձանի առեղծուածին մասին:

horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail