Գլխագիր Շնորհակալութիւն Կարպիս փաշոյեանին եւ իր նման մտածողներուն․․․

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

«Կեցցէ չեկան որ մեզ դարձրեց դաշնակցական․․․»

Հ․Ե․Դ․

Լ․Ե․Մ․

Զ․Ո․Մ․

Ս․Ե․Մ․, եւ այլ Երիտասարդական թեւեր, մամուլ, ու այլ միջոցներ չէին կրնար այսքան ծանուցել Դաշնակցութեան որքան որ վերջերս այդ գործը կատարեցին փաշոյեանը եւ իր նման մարքս էնկըլս ստալինի գաղափարախօսութեամբ սնուած հերոսները․․․

Այն անհատները որոնք չէին գիտեր Հայ Յեղափոխական դաշնակցութեան մասին ձեր օգնութեամբ արդէն սկսած են պրպտել պատմութիւնը որը արեւի պէս յստակ է յարգելիներս․․․

դուք տակաւին կապրիք խորհրդային ժամանակահատուածի մէջ որտեղ տառեր ճանաչող մէկը կը կարդար «փրաւտա» օրաթերթը եւ միւսներուն բարձրաձայն կըսէր թէ տեսէք ինչ կըսէ ճշմարտութիւնը Դաշնակներու մասին եւ․ եւ ․ եւ․․․

Այսօր պատմութիւնը կը շողայ երկնքի մէջ թէ համացանցի, գետնի վրայ թէ այլուր, պարզապէս պէտք էր մարդկանց կայծ մը տալ որպէսզի բոռ բորէն իրականութիւնը եւ այդ կայծի համար շնորհակալ ենք ձեզ յարգելի հակադաշնակցականներ․․․

եթէ ձեր թարախը, մաղձը, ատելութիւնը եւ ամէն հիւանդագին երեւոյթները ուղղուած ըլլային որոշ Դաշնակցականներու ես այսօր ձեզ Շնորհակալութիւն չէի յայտնէր սակայն երբ զանազանել չէք գիտեր անհատը գաղափարէն դուք ինքնըստինքեան կը դառնաք այդ բոլոր որակաւորումներու եւ բնութագիրներու կրողը զորս կարտայայտէք դաշնակցութեան հասցէին․

Կրկին անգամ Շնորհակալութիւն

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Զարէհ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail