2 Օ­գոս­տոս 1920. Դ­րօ յաղ­թա­կան մուտք գոր­ծեց ­Գո­րիս՝ թուրք- թա­թար եւ պոլ­շե­ւիկ տար­րե­րու խռո­վա­րա­րու­թիւ­նը ճզմե­լով Զան­գե­զու­րէն մին­չեւ ­Ղա­րա­բաղ Ն.

2 Օգոստոս 1920. Դրօ յաղթական մուտք գործեց Գորիս

2 Օ­գոս­տոս 1920 – Յուշատետր:

1920 թո­ւա­կա­նի այս օ­րը՝ 2 Օ­գոս­տո­սը օրհ­նա­բեր տա­րե­թիւ մըն է հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ Հա­յաս­տա­նի հա­մար։

2 Օ­գոս­տոս 1920ին, զօ­րա­վար Դ­րօ յաղ­թա­կան մուտք գոր­ծեց ­Գո­րիս՝ ­Ղա­րա­բա­ղէն Ե­րե­ւան վե­րա­դար­ձի իր ճամ­բուն վրայ, ­Զան­գե­զու­րի տա­րած­քին ապս­տամ­բու­թեան դրօշ պար­զած թուրք-թա­թար եւ պոլ­շե­ւիկ խռո­վա­րար­նե­րու միա­ցեալ ու­ժե­րուն դէմ իր յա­տուկ զօ­րա­մա­սով հե­րո­սա­կան կռիւ­ներ մղե­լէ եւ ­Հա­յաս­տա­նի հա­րա­ւը թշնա­մա­կան որ­ջե­րէն ա­զա­տագ­րե­լէ ետք։

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կար­ճա­տեւ կեան­քի ըն­թաց­քին ձեռք բե­րո­ւած կա­րե­ւո­րա­գոյն նո­ւա­ճում­նե­րու շար­քին իր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ար­ժէքն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ նո­րան­կախ մեր երկ­րին հա­յա­ցու­մը՝ Ե­րե­ւա­նէն մին­չեւ ­Նա­խի­ջե­ւան ու ­Զան­գե­զուր եր­կա­րող հա­րա­ւա­յին շրջան­նե­րը թուրք-թա­թար խռո­վա­րար տար­րե­րէն մաք­րե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րին յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կու­մը։

Դեռ գրո­ւած չէ սպա­ռիչ պատ­մու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի հա­յաց­ման։ Ա­ռա­ւե­լա­բար յու­շագ­րա­կան է­ջե­րու եւ պատ­մագ­րա­կան յղում­նե­րու ճամ­բով մե­զի հա­սած են տար­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ Հա­յաս­տա­նի հա­յաց­ման այդ ծրագ­րին՝ ա­նոր մտայ­ղաց­ման հե­ղի­նակ­նե­րուն, գործ­նա­պէս ի­րա­գոր­ծող­նե­րուն եւ գոր­ծադ­րու­թեան փու­լե­րուն մա­սին։ ­Յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տո­ւած է ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի եւ ­Ռու­բէն ­Տէր-­Մի­նա­սեա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ծրագ­րի յղաց­ման ու կազ­մա­կերպ­ման մէջ։ Իսկ ­Հա­յաս­տա­նի հա­յա­ցու­մը գործ­նա­պէս ի­րա­գոր­ծե­լու ա­ռու­մով՝ ընդգ­ծո­ւած է վճռո­րոշ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը զօ­րա­վար­ներ ­Սե­պու­հի, ­Գա­րե­գին Նժ­դե­հի եւ Դ­րո­յի։

Դ­րօ հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ հա­յոց ազ­գա­յին բա­նա­կի կազ­մա­ւոր­ման մէջ։ Դաշ­նակ­ցա­կան ա­հա­բե­կի­չի իր կրա­կի մկրտու­թե­նէն մին­չեւ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման զի­նո­ւո­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րի իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, Դ­րօ ան­ցաւ քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան գոր­ծի­չի կա­րե­ւոր ու­ղի։ Դ­րո­յի զի­նո­ւո­րա­կան տա­ղան­դին պսա­կու­մը ե­ղաւ ­Բաշ Ա­պա­րա­նի հե­րո­սա­մար­տը։ ­Պա­տա­հա­կան չէր, հե­տե­ւա­բար, որ Դ­րօ հան­դի­սա­ցաւ գլխա­ւոր հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը, ե­թէ ոչ գլխա­ւո­րը, նո­րա­կազմ հայ­կա­կան բա­նա­կին։

1919ին, երբ Ա­լեք­սանտր ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րով ամ­բող­ջա­ցաւ հա­յոց ազ­գա­յին բա­նա­կին կազ­մու­թիւ­նը եւ օ­րէնսդ­րա­կա­նօ­րէն հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ա­նոր կա­ռու­ցո­ւած­քը, մինչ այդ Ե­րե­ւա­նի զօ­րա­մա­սի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը ստանձ­նած Դ­րօ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Հայ­կա­կան Բա­նա­կի յա­տուկ զօ­րա­մա­սի հրա­մա­նա­տար։ ­Միա­ժա­մա­նակ՝ ան պա­հեց խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւո­րի իր հան­գա­ման­քը։ Այդ շրջա­նին քե­մա­լա­կան խլրտում­նե­րը սաստ­կա­ցած էին հան­րա­պե­տու­թեան հա­րա­ւը, սահ­մա­նա­յին գօ­տի­նե­րուն մէջ։ ­

Քե­մա­լա­կան­նե­րու եւ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թեան ղե­կին տի­րա­ցած մու­սա­ւա­թա­կանն­րու մի­ջեւ ամ­րապն­դո­ւած գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նոր փուլ թե­ւա­կո­խած էր՝ քե­մա­լա­կան­նե­րու եւ պոլ­շե­ւի­կեան ­Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ գաղտ­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հաս­տա­տու­մով եւ ­Քե­մալ-­Լե­նին հա­կա­հայ մեծ դա­ւադ­րու­թեան քայլ առ քայլ ձե­ւա­ւո­րու­մով։ Ա­հա այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, 1919ի վեր­ջե­րուն, Նժ­դե­հին յանձ­նա­րա­րո­ւե­ցաւ անց­նիլ ­Կա­պան, իսկ 1920ի սկիզ­բը Դ­րօ իր յա­տուկ զօ­րա­մա­սով ղրկո­ւե­ցաւ ­Զան­գե­զուր եւ ­Ղա­րա­բաղ։

Դ­րօ իր զօ­րա­մա­սով վճռո­րոշ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նի հա­յաց­ման, թէ՛ նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նը ներ­քին թշնա­մի­նե­րու խռո­վու­թեանց եւ ար­տա­քին ու­ժե­րու ներ­խուժ­ման դէմ պաշտ­պա­նե­լու ա­ռում­նե­րով։ ­Յատ­կա­պէս մու­սա­ւա­թա­կան նկրտում­նե­րուն դէմ ապս­տամ­բու­թեան դրօշ պար­զած եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան միա­նա­լու ո­րո­շու­մով զէնք բարձ­րա­ցու­ցած ­Ղա­րա­բա­ղի հա­յու­թեան օգ­նու­թեան հաս­նե­լու ճա­կա­տին վրայ՝ Դ­րօ բախ­տո­րոշ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ։

Դ­րօ ­Ղա­րա­բաղ կը գտնո­ւէր Ապ­րիլ 1920ի վեր­ջե­րուն, երբ ա­զե­րի­նե­րը ի­րենց իշ­խա­նու­թեան ղե­կը մու­սա­ւա­թա­կան­նե­րէն ա­ռին ու յանձ­նե­ցին ­Կար­միր ­Բա­նա­կի հա­մազ­գեստ հա­գած ի­րենց թրքա­մէտ գոր­ծիչ­նե­րուն։ Ատր­պէյ­ճա­նի խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը նոր թա­փով եւ այս ան­գամ ­Կար­միր ­Բա­նա­կի 11րդ ­զօ­րա­բաժ­նի զի­նակ­ցու­թեամբ ձեռ­նար­կե­ցին ­Ղա­րա­բա­ղի եւ Զան­գե­զու­րի ուղ­ղու­թեամբ ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի։

Այդ յար­ձա­կո­ղա­կա­նին նպաս­տե­լու նպա­տա­կով՝ նոյ­նինքն ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քին, ­Կար­սէն սկսե­լով եւ մին­չեւ երկ­րի հիւ­սի­սա­յին դար­պա­սը հաս­նե­լով, շարժ­ման մէջ դրո­ւե­ցան հայ եւ թա­թար պոլ­շե­ւիկ գոր­ծիչ­նե­րը, ո­րոնց մա­յի­սեան խռո­վու­թիւն­նե­րը ծանր անդ­րա­դարձ ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի վրայ քե­մա­լա­կան ար­շա­ւան­քը շղթա­յա­զեր­ծե­լու եւ կար­միր ­Ռու­սաս­տա­նի ճնշու­մը սաստ­կաց­նե­լու ա­ռում­նե­րով։

Օր­հա­սա­կան այդ օ­րե­րուն Դ­րօ դար­ձաւ ­Զան­գե­զու­րի եւ ­Ղա­րա­բա­ղի պա­հա­պան հրեշ­տա­կը։ Դ­րո­յի զօ­րա­մա­սին օ­ժան­դա­կու­թեամբ, ­Ղա­րա­բա­ղի հա­յու­թիւ­նը ե­րեք ա­միս շա­րու­նակ ան­հա­ւա­սար կռիւ մղեց թուրք-թա­թար եւ կար­միր բա­նա­կա­յին­նե­րու միա­ցեալ յար­ձա­կում­նե­րուն դէմ եւ յաղ­թա­կա­նօ­րէն ետ մղեց զա­նոնք։ ­Բայց աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան դա­սա­ւո­րում­նե­րը այն­պի­սին էին, որ ­Ղա­րա­բա­ղի հա­յու­թիւ­նը ի վեր­ջոյ ըն­դու­նեց խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւ­նը, թէեւ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս, եւ Դ­րօ իր զօ­րա­մա­սով բռնեց Ե­րե­ւան վե­րա­դար­ձի ճամ­բան։

Յու­լիս 1920ի վեր­ջե­րուն եւ մին­չեւ Օ­գոս­տո­սի ա­ռա­ջին օ­րե­րը, Դ­րօ յաղ­թա­կան կռիւ­ներ մղեց եւ օգ­նու­թեան հա­սաւ Ն­ժդե­հի ու­ժե­րուն, ո­րոնք կը դի­մագ­րա­ւէին թուրք-թա­թար եւ պոլ­շե­ւիկ խռո­վա­րա­րու­թիւն­նե­րը։

Այդ յաղ­թա­կան կռիւ­նե­րու պսա­կու­մը ե­ղաւ Դ­րո­յի մուտ­քը ­Գո­րիս՝ ներ­քին թշնա­մի­նե­րէ ա­զա­տագ­րուած ­Զան­գե­զու­րի մայ­րա­քա­ղա­քը, որ պոլ­շե­ւի­կեան գրգռու­թեանց հե­տե­ւան­քով թա­տե­րա­բեմ դար­ձած էր եղ­բայ­րաս­պան ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան։

azator.gr/?p=10842

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail