25 սեպտեմբեր 2015
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ճէյմս Ուորլիք (ԱՄՆ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ Փիեռ Անտրիւ (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քարփրչիկ տարածած են յայտարարութիւն մը, ուր իրենց լուրջ մտահոգութիւնը կը յայտնեն քաղաքացիական բնակավայրերու ուղղութեամբ ականանետներու եւ ծանր զինատեսակներու օգտագործման առնչութեամբ:
«Նման զէնքերու կիրառումը հակամարտութեան մէջ անընդունելի լարուածութիւն կ՛առաջացնէ: Մենք մեր խորագին վշտակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներու ընտանիքներուն` միջազգային սահմանի եւ շփման գիծի երկու կողմերուն վրայ եղած կորուստներուն առնչութեամբ: Մենք կողմերուն հնարաւոր ամենաազդեցիկ խօսքերով կը դիմենք` խուսափելու քաղաքացիական անձերու հետ տեղի ունեցող դժբախտ դէպքերէն: Կողմերը Ժնեւեան համաձայնագիրով պատրաւորուած են պաշտպանելու ոչ զինծառայողներու անվտանգութիւնը»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Համանախագահները ափսոսանք յայտնած են, որ դէպքերը տեղի ունեցած են Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու ծրագրաւորուած հանդիպման նախօրէին: «Մենք կ՛ակնկալենք նախարարներէն լուրջ քննարկումներ բռնութեան աւելացման, ինչպէս նաեւ խնդրի բանակցային կարգաւորման շուրջ խնդիրներու վերաբերեալ: Քանի որ մենք անկարող ենք յստակօրէն հասկնալու, թէ ուրկէ ծագած է բռնութիւնը, քանի որ ամէն կողմ կը մեղադրէ միւսը, կողմերը պէտք է աշխատին ԵԱՀԿ հետաքննութեան մեքանիզմի շուրջ, ինչպէս քննարկած էին նախագահները: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ կողմերուն հետ ամենաբարձր մակարդակով` թուլացնելու լարուածութիւնը եւ յառաջընթաց արձանագրելու տեւական եւ խաղաղ կարգաւորման հարցով»,- կը նշուի յայտարարութեան եզրափակիչ հատուածին մէջ:
Հակառակորդի կրակոցներէն Տաւուշի մարզի Բերդաւան համայնքին մէջ Սեպտեմբեր 24-ին զոհուած է 2 քաղաքացի, 2-ը` վիրաւորուած: Զոհուած քաղաքացիներն են`1974 թուականին ծնած Սոնա Ռեւազեանը եւ 1921-ին ծնած Շուշան Ասատրեանը: Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Տաւուշի մէկ այլ սահմանամերձ` Պառաւաքար համայնքին մէջ հակառակորդի կրակոցէն զոհուած է 83-ամեայ Պայծառ Աղաջանեանը:
www.yerakouyn.com