23 Հուլիսի 2018 – Յուշատետր:
Արցախեան Ազատամարտի յաղթանակով պսակումը ամրագրող վերջին ու վճռորոշ քայլերէն մէկը արձանագրուեցաւ Յուլիս 23ի այս օրը, քսանեւհինգ տարի առաջ, երբ աւելի քան տասը օր տեւած բուռն ճակատումներէ ետք, հայ ազատամարտիկները ջախջախիչ պարտութեան մատնեցին ատրպէյճանական զօրքը եւ յաջողեցան իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել Դաշտային Արցախի ազերիաբնակ Աղդամ քաղաքը։
18րդ դարուն հիմնուած եւ 1993ին մօտաւորապէս 40 հազար ազերի բնակիչ ունեցող քաղաքը, իր ազատագրումէն ետք, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչական բաժանման մէջ իր տեղը գտաւ Ակնայ անուանումով՝ մաս կազմելով Ասկերանի վարչատարածքային շրջանին։
Մանի մը տարի առաջուան տուեալներով՝ ռմբակոծումներու եւ դիրքային կռիւներու հետեւանքով աւերուած Ակնայ մէջ ներկայիս կ’ապրին շուրջ 5 հարիւր վերաբնակեցուած հայեր։
Արցախեան պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, Աղդամը իսկական պատուհասը դարձած էր ինչպէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտի, նոյնպէս եւ Ասկերանի, Մարտունիի ու Մարտակերտի հայութեան։ Ատրպէյճանական բանակը մեծաթիւ զօրք եւ հսկայական ռազմամթերք ու պատերազմական սարքեր կեդրոնացուցած էր Աղդամի մէջ, ուրկէ շարունակաբար եւ անխնայ կը ռմբակոծուէին եւ կրակի տակ կը պահուէին հայկական դիրքերն ու շարժումները։
Հետեւաբար, երբ Մայիս 1992ին հայկական ուժերը հերոսական գրոհով ատրպէյճանական զօրքը նահանջի մղեցին եւ ազատագրեցին Լեռնային Արցախի անառիկ ամրոց Շուշին, ռազմականօրէն հայկական ուժերուն հայեացքը ուղղուեցաւ դէպի Աղդամ, որ անդրդուելի կը մնար արցախահայութեան ինքնապաշտպանական կորովը ամէն գնով խոցելու եւ ճզմելու իր ռազմական գրգռութեանց, հարուածներուն եւ անխնայ՝ ամէն կարգի զինատեսակներով հայկական թիրախներ կոծելու իր մոլագարութեան մէջ։
Ինչպէս որ Արցախեան Ազատամարտի ժամանակագիրները կը վկայեն՝ Շուշիի ազատագրումը թէեւ նուազեցուց, բայց ամբողջութեամբ առաջքը չկրցաւ առնել Արցախի քաղաքներուն եւ գիւղերուն, յատկապէս Լ.Ղ.Հ. մայրաքաղաք Ստեփանակերտին սպառնացող վտանգին: Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ռազմա-օդային ուժերն ու խոշոր տրամաչափի հրետանին կ’ընկալէր ոչ միայն իբրեւ իր զօրքերուն աջակցութեան միջոցի՝ մարտի դաշտերուն վրայ, այլեւ իբրեւ հայ բնակչութիւնը ահաբեկելու ազդու զսպամիջոցի: Պաքուի հաշուարկով հայոց խաղաղ բնակավայրներու դէմ ուղղուած բարբարոսական՝ օդային ու հրետանային գնդակոծութիւնները նպատակ ունէին ստիպելու խաղաղ ու շինարար կեանք ապրող հայ մարդոց լքելու իրենց հօրենական հողերը:
Այդ ընդհանուր տրամբանութեամբ ալ, երբ ազատագրուեցաւ Շուշին, Ատրպէյճանի ռազմական ղեկավարութիւնը հսկայական քանակութեամբ հրետանի կեդրոնացուց Աղդամի շրջանին մէջ, այդ շարքին նաեւ «Գրադ» համակարգներ եւ հեռահար ծովային գնդացիրներ: Աղդամի մէջ կեդրոնացած թշնամական զօրքը, որ սեպի պէս խրուած էր Լ.Ղ.Հ. կեդրոնական շրջաններուն մէջ, ահարկու վտանգ դարձաւ Մարտակերտի ու Մարտունիի ինքնպաշտպանական ուժերուն համար:
Աղդամէն կատարուող ռմբակոծումներուն եւ ծանր գնդացիրներով գնդակոծումներուն հետեւանքով՝ բառացիօրէն աւերուած էին Ասկերանի, Մարտակերտի, Մարտունիի շրջանները: Յատկապէս ծանրագոյն կորուստներ ունեցած էր Ասկերանը, հիմնայատակ աւերուելով։ Աղդամցիները զինամթերքի պակաս չունէին, քանի որ Աղդամի մէջ կեդրոնացած էր նախկին Խ.Ս.Հ.Մ. պաշտպանութեան նախարարութեան Անդրկովկասի զինուորական շրջանի զինամթերքին պահեստը:
Նման օրհասական պայմաններու մէջ Աղդամի ազատագրումը եւ ազերիական կրակակէտներուն ճնշումը կենսական անհրաժեշտութիւն դարձած էին: Աղդամի վրայ ընդհանուր յարձակման վճռորոշ ռազմական գործողութիւնը տեւեց երեք օր: Յուլիս 23ին արցախեան զօրքերը, որոնք երկու կողմէ շրջապատած էին թշնամական քաղաքը, ստիպեցին ազերիական զօրքերուն պարպելու քաղաքը եւ հեռանալու:
Օրին Աղդամ ղրկուած ազերի սպայ մը, հետագային, իր յուշերուն մէջ նկարագրելով, թէ Աղդամը զարմանալիօրէն դիւրին անձնատուր եղաւ, գրած է.- «Բնակչութիւնը չէր ուզում, որ մենք նրան պաշտպանենք: Նրանք բոլորը փախան»:
Այսպէ՛ս ազատագրուեցաւ, 23 Յուլիս 1993ին, նախկին Աղդամ եւ այժմու Ակնայ քաղաքը եւ ապահովեց Ասկերանի շրջանի ու Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի անվտանգութիւնը: Անմիջապէս հնարաւոր դարձաւ Մարտունի-Աղդամ-Մարտակերտ ճամբուն օգտագործումը:
Ակնայ ազատագրման 25ամեակին նուիրուած այս հակիրճ անդրադարձով կ’արժէ խօսքը տալ Աղդամի վրայ հայկական գրոհի ռազմական գործողութեան վերաբերեալ փոխ-գնդապետ Տիգրան Դեւրիկեանի հետեւեալ վկայութեան.-
«1993ի ամրանը Լ.Ղ.Հ. ինքնապաշտպանութեան ուժերը մի քանի ուղղութիւններով սկսեցին Աղդամը շրջապատող յենակէտների լռեցման լայնածաւալ գործողութիւնը: Թշնամին քաղաքի մատոյցները սպասուածի չափ չէր ականապատել՝ մինչեւ վերջին պահը յուսալով, թէ ինքն է անցնելու յարձակման ու թերեւս միայն Շելլին էր բացառութիւն, որտեղ գրագէտ տեղադրուած ականադաշտներ կային: Աղդամի գործողութեան ժամանակ, ի թիւս այլոց, ինքնապաշտպանութեան ուժերի վեց սակրաւոր զոհուեց:
«Ընդհանուր յարձակմանը նախորդեցին դիրքային իրավիճակի բարելաւման դժուարին գործողութիւններ, որոնցից յիշատակելի են յատկապէս Աղդամ-Մարտակերտ սահմանագծում մղուած յաջող մարտերը, եւ կարեւոր բարձունքների գրաւումը։
«Յուլիսի 20ին ազատագրուեց Փոլադլուն, որը ճանապարհային կարեւոր հանգոյց էր: Թշնամին չէր հաշտւում Աղդամի կորստեան հետ, ինչի վկայութիւնը Շելլիի մարտերն էին, որտեղ մեր ականները թշնամուն նաեւ զրահատեխնիկայի կորուստներ պատճառեցին:
«Ուղտի մէջք» կոչուող բարձունքից թշնամին հրետակոծում էր Ստեփանակերտը: Չնայած` ինքնապաշտպանութեան ուժերի հրետանաւորների հակադարձ գործողութիւններին, թշնամին քաղաքին ու զօրքերին մեծ վնաս հասցրեց, քանի որ անհնար էր որոշել նրանց կայանքների տեղակայման ճշգրիտ վայրը: Աղդամի գրաւման հրետանային ապահովումը դժուարին աշխատանք էր. հրետանաւորները շուրջ մէկ ամիս հետախուզում էին իրականացնում:
«Հրետանու զգալի մասը դեռ Մարտակերտում էր, եւ հրետանաւորները կարողացան այդ կայանքները Կիչանում այնպէս տեղաբաշխել, որ կարողանային ե՛ւ հարուածել Աղդամին, ե՛ւ դիմագրաւել նաեւ Մարտակերտից հնարաւոր յարձակմանը:
«Դա բարդագույն գործողություն էր: …Թշնամուն մոլորեցնելու համար սակրաւորները սկզբում պայթեցրին Մարաղայի մօտի կամուրջը, ապա անցնելով դեռեւս լրիւ չազատագրուած ու կրակի տակ գտնուող տարածքով, պայթեցրին նաեւ Աղդամ-Մարտակերտ կամուրջը, որպէսզի Միր Բաշիրից սպասուող օգնութիւնը դանդաղէր եւ բնակչութիւնն ու զօրքը խուճապի մատնուէին: Իսկ Աղդամն ու Մարտունին միմեանց կապող կամուրջը համընդհանուր խուճապի պայմաններում թշնամին չէր կարողացել պայթեցնել:
«Առաջնահերթ խնդիրը «Ուղտի մէջքի» գրաւումն էր, առանց որի անհնար էր գրաւել Աղդամը: Սկզբում ազատագրուեց Շորբուլաղի բարձունքը, ապա աջ կողմում զարգացնելով յարձակումը եւ դիմելով թեւանցման` ինքնապաշտպանութեան ուժերը սկսեցին շրջապատել հակառակորդին:
«Աղդամի ազատագրման ժամանակ ինքնապաշտպանական ուժերը փայլուն կատարեցին իրենց առաջադրանքը։
«Այս գործողութիւնը վկայեց նաեւ, որ ե՛ւ ծրագրման ու կրակի կառավարման, ե՛ւ կրակային խոցման ասպարէզներում, կենտրոնական ենթակայութեան հրետանուց զատ, բարձր մակարդակի է հասել նաեւ ինքնապաշտպանութեան ուժերի գնդային հրետանին:
«152մ.մ. հրանօթների կրակից քաղաքում մեծ հրդեհ բռնկուեց: Մարտիկները յետոյ միայն հասկացան, որ վառւում էր Ադրբեջանի չորրորդ քաղաքը սնուցող հիմնական գազամուղը: Երբ բարձունքներն ազատագրուեցին, քաղաքը պարզ երեւաց:
«Թշնամին փորձեց օդից աջակցել ընկնող քաղաքի պաշտպանութեանը, բայց ապարդիւն: Աղդամի ազատագրման գործողութեան հակօդային պաշտպանութիւնն իրականացնում էին երեք «ՕՍԱ-ՕԿ» մարտական մեքենաները, որոնք այնպէս էին տեղակայուել, որ գործողութեան շրջագծերը՝ «օղակները» միմեանց մէջ էին:
Մարտակերտի կողմից Յուլիսի 21ին ինքնաթիռը եկաւ, մի կայանքը յայտնաբերեց ու նրա «օղակից» դեռ դուրս չեկած, միւս կայանքը խփեց: Իսկ յաջորդ օրը նոյն հաշուարկը նոյն հատուածում թշնամու ուղղաթիռ ոչնչացրեց»։
Ահա այսպէ՛ս վնասազերծեցինք «Գայլի որջ» Աղդամը։
azator.gr/?p=10730