07 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կը հաղորդէ, թէ ի պատասխան ազրպէյճանական որոշ լրատուամիջոցներու, յատկապէս` «Հաքքին» կայքին մէջ հրապարակուած տեղեկատուութեան, թէ հայկական կողմը կը թաքցնէ գետնատնակի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումի մը պատճառով առկայ կորուստները, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակած է հերքում:
Նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ ինչպէս նախանցեալ օր, նոյնպէս ալ երէկ «արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ պահպանուած է յարաբերական կայուն իրադրութիւնը եւ որեւէ արտառոց պատահար տեղի չէ ունեցած: Իսկ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկատուութիւնը ընդունեցէ՛ք իբրեւ ապատեղեկատուութեան հերթական անյաջող փորձ»:
aztagdaily.com/archives/404218