07 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, թէ Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը կրնայ աղէտալի հետեւանքներու յանգեցնել: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Մետվետեւ «Քոմմերսանթ Էֆ.Էմ.» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է.«Ատիկա կրնայ հրահրել սարսափելի տագնապ, հասկնալի չէ, թէ ինչո՞ւ ատիկա անհրաժեշտ է»:
Ռուսիոյ վարչապետը նաեւ նշած է, որ Վրաստանի եւ Հարաւային Օսեթիոյ միջեւ 2008-ին տեղի ունեցած զինեալ տագնապը կարելի էր կանխարգիլել:
12 յուլիսին ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ դարձեալ հաստատած է կազմակերպութեան Վրաստանը դաշինքին մէջ ընդունելու մտադրութիւն` չյստակացնելով, թէ ատիկա ե՛րբ կրնայ տեղի ունենալ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին յայտարարած է, թէ Ռուսիան «չափազանց բացասական» կերպով պիտի վերաբերէր ՕԹԱՆ-ի հետագայ ընդլայնման, դաշինքին Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ անդամակցութեան:
aztagdaily.com/archives/404168