Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերուն Օգնութեան Հասած Ամերիկացի Երկու Կամաւորի Նուիրուած Ցուցահանդէս՝ Հայաստանի Մէջ

07 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենայ բացառիկ ցուցահանդէս՝ նուիրուած Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով Արեւելեան Հայաստան գաղթած եւ այնտեղ հաստատուած, հայոց որբերուն օգնութեան հասած 2 ամերիկացի ԵՄՔԱ-ի (Երիտասարդ Մարդկանց Քրիստոնէական Ասոցիացիա – Young Men’s Christian Association – YMCA) կամաւորականի (Ճոն Էլտըր եւ Ճէյմս Էրոլ) մասին: Ճոն Էլտըրը եւ Ճէյմս Էրոլը Հայաստան ժամանեցին 1918 Յունուարին եւ յայտնաբերեցին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները կը շարունակեն զգացուիլ երկար տարիներ եւ տարածուիլ Արեւելեան Հայաստանի թրքական զօրքերու իւրաքանչիւր յառաջխաղացմամբ: Ճոն Էլտըրի կողմէ հաւաքագրուած ապացոյցները կը բացայայտեն, որ Արեւելեան Հայաստանը զերծ չմնաց երիտթուրքերու իրականացուցած ցեղասպանութեան հետեւանքներէն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8-ին, ժամը 19:00-ին Ամերիկայի հայկական համագումարը, Ուաշինկթընի Հայկական Ազգային Ինստիտուտը (ANI) եւ «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը պիտի ներկայացնեն «Ամերիկեան օգնութիւնը 1918-1920 թուականներուն Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրերուն» պատմական լուսանկարներու եւ ժամանակակից փաստաթուղթերու վրայ հիմնուած բացառիկ ցուցահանդէսը:

Այս ցուցահանդէսը կը վերարտադրէ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին հայերուն բազում արհաւիրքներէն փրկելու Ճոն Էլտըրի եւ Ճէյմս Էրոլի գործադրած գերմարդկային ջանքերու պատմութիւնը՝ հիմնուած Էլտըրի անձնական օրագրին, անոր պահպանած բնօրինակ ծառայողական փաստաթուղթերուն եւ մակագրած լուսանկարներուն վրայ։

Խանդավառ կամաւորականներ Ճոն Էլտըրն ու Ճէյմս Էրոլը՝ նուիրուած անվերջ թուացող Առաջին համաշխարհային պատերազմին մասնակցող ու սարսափելի պայմաններու մէջ կռուող զինուորներու ոգին բարձր պահելու գործին, օրհասական պահերուն որպէս հերոսներ կանգնեցան նաեւ հայ ժողովուրդի կողքին:

Անոնք Երեւան ժամանեցին 1918 Յունուարին՝ «Երիտասարդ Մարդկանց Քրիստոնէական Ասոցիացիայի» (ԵՄՔԱ-ի) կեդրոն բանալու նպատակով, զոր կրցան հիմնել 1918 Փետրուար 11-ին։ Անոնք չէին կրցած պատկերացնել, որ առաջնագիծի իրավիճակի վատթարացումէն ետք մայրաքաղաքին մէջ մնացած միակ ամերիկացիները պիտի ըլլան՝ առանց արտաքին աշխարհին հետ կապի հնարաւորութեան։

Համաշխարհային Առաջին պատերազմը տակաւին մոլեգին էր, եւ Կովկասեան ճակատ հակաօսմանեան դաշնակից ուժերը կը նահանջէին։ Հայ ժողովուրդի գոյութիւնը մազէ էր կախուած, իսկ Նոյեմբեր 11-ի զինադադարին դեռ ամիսներ կային։

1919 Օգոստոսին՝ մինչ երկրէն հեռանալը, Էլտըրի ու Էրոլի պատասխանատուութեան տակ էին կը գտնուէին ամերիկեան օգնութեան ծրագրերու իրականացման գործընթացը, եւ նոյն թուականին արդէն Ամերիկայէն Հայաստան կ՚ուղարկուին հրատապ օգնութիւն եւ կամաւորականներ։ Յետագային էլտըր կը գրէ. «Մէկ տարի Երեւանի մէջ, այն ալ ինչպիսի՜տարի։ Եթէ մէկ տարի առաջ ինծի ոեւէ մէկը ըսած ըլլար, թէ բացի ԵՄՔԱ-ն գլխաւորելէ պիտի ղեկավարեմ նաեւ 7,500 աշխատակից ունեցող գործարաններ, 350 երեխայի օթեւան դարձած որբանոցներ ու 120 մահճակալ ունեցող հիւանդանոց, կը մտածէի, որ ան խենթ է»։

1918 Մայիս 26-ին, երբ Օսմանեան կայսրութեան ուժերը կ՚առաջանային դէպի Երեւան, Ճոն Էլտըրը գրած էր. «Երբեք չէք կրնար ըսել, թէ ի՛նչ կրնայ տեղի ունենալ։ Կը թուի, թէ վերջը մօտ է, ճոճանակը կը թեքուի միւս կողմ… Սարդարապատի մէջ երկօրեայ պատերազմէն ետք թուրքերը ամբողջութեամբ ետ էին շպրտուած»։ Յաղթելով վճռորոշ ճակատամարտերուն՝ երկու օր անց՝ 1918 Մայիս 28-ին, Հայաստանը անկախութիւն հռչակեց։

Միայն մարտերու աւարտէն ետք ի յայտ եկան կործանարար պատերազմի հետեւանքները. Էլտըրն ու Էրոլը, Երեւանո մնացած միակ ամերիկացիները, ականատես եղան պատմական իրադարձութիւններու ու սրտաճմլիկ մարդասիրական աղէտի։ Մէկ տարի անցաւ, մինչ մարդասիրական օգնութեան աշխատակիցներու նոր խումբը Երեւան հասաւ՝ թեթեւցնելու անոնց ծանր բեռը։ Այդ ժամանակ անոնց թափած ջանքերն ու ձեռքբերումները լեկենտային էին դարձած ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ ովկիանոսէն այն կողմ՝ Ամերիկայի մէջ։

Ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուած են 95 լուսանկարներ, որոնցմէ 64-ը Ճոն Էլտըրի լուսանկարներու հաւաքածոյէն են, 8-ն ժամանակակից արձանագրութիւններ ու փաստաթուղթեր են, իսկ 4-ն՝ քարտէզներ: Էլտըրի օրագրին 32 մէջբերումները, որոնք կը վաւերացնեն ներկայացուած լուսանկարներուն մէջ երեւող ապացոյցները, ինչպէս նաեւ ներածականն ու բացատրականը, լոյս կը սփռեն նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տարուան վրայ: Ցուցադրութեան ներառուած է լուսանկարներու ամբողջ շարք մը, որ կը պատմէ Էլտըրի` Հայաստան ապրած տարիներուն մասին, կը նշուին Ամերիկեան մարդասիրական օգնութեան մի քանի այլ աշխատակիցներ եւս:

Ցուցադրութեան ներկայացուող այլ ամերիկացիներէն են Թիֆլիսի մէջ ԱՄՆ-ի հիւպատոս Ֆ. Ուիլլոուպի Սմիթը, որ կ՚աջակցէր մարդասիրական օգնութեան աշխատակիցներու գործունէութեան, Ռոպերթ Մըք Տաուէլը, որ ռազմաճակատ էր, երբ թրքական ուժերը ներխուժեցին եւ ասպատակեցին Աղեքսանդրապոլը (Կիւմրին), դոկտոր Ճոն Մէյնը՝ Այովա նահանգի Կրիննել համալսարանի նախագահը, որ Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան օգնութեան կոմիտէին կողմէ ականատես եղաւ Հայաստանի մէջ տիրող սարսափելի իրավիճակին, միսիոնար Կրէյս Նեփփը եւ Ամերիկեան ԵՄՔԱ-ի երկարամեայ նախագահ Ճոն Մոթթը, որ իր ընկերոջ՝ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի խրախուսմամբ երիտասարդ ամերիկացիներ կ՚ուղարկէր, ուր զինուորներու թիկունքին քաղաքացիական աջակցութիւն ցուցաբերելու կարիք կար:

Ճոն Էլտըրը յատկապէս ուրախ էր ողջունելով իր նման ծնունդով Պենսիլվանիայէն երկու հոգի՝ Փիթսպուրկէն գործարար Յովարդ Յայնցը եւ Ամերիկեան Փաստաբաններու Ասոցիացիայի նախագահ Ուոլթըր Ճորճ Սմիթը, որ Հայաստան եկած էր Ամերիկեան նպաստամատոյց վարչութեան (American Relief Administration) կողմից: Երկուքն ալ նշանաւոր ընտանիքներէ էին: Սմիթ ամուսնացած էր Էլիզապէթ Տրէքսելի հետ, որուն հօրեղբայրը՝ դրամատան կառավարիչ եւ բարերար Էնթընի Տրէքսելը, հիմնադրած էր Ֆիլատելֆիայի Տրէքսել համալսարանը: Սմիթ դարձաւ հայ ժողովուրդի եռանդուն պաշտպանը:

Ցուցադրութեան տեղ գտած ապացոյցները յայտնուած են տարբեր մարմիններու համագործակցութեան շնորհիւ: Էլտըրի ընտանիքի ու ԵՄՔԱ-ի աշխատակիցներու թոյլատրութեան ու տրամադրած ապացոյցներուն շնորհիւ է, որ այս նուիրեալ մարդասէրներու պատմութիւնը չէ մոռցուած ամբողջ աշխարհի մէջ եւ յատկապէս՝ Հայաստանի: Կովկասի մէջ հակամարտութեան գագաթնակէտին, երբ մարդասիրական օգնութեան այլ աշխատողներ նախընտրեցին հեռանալ, Ճոն Էլտըր հրաժարեցաւ հեռանալէ, վախենալով որ օգնութեան ծրագիրներու դադարեցման պարագային տասնեակ հազարաւոր հայեր սովի կը մատնուին: Անոր կը վերագրուի 15,000 հայ որբերուն տրամադրուած օգնութիւնը:

Աւելին, ԵՄՔԱ-ի ցուցադրութիւնը կը յիշեցնէ այն մասին, որ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները կը շարունակէին զգացուիլ երկար տարիներ եւ տարածուիլ Արեւելեան Հայաստանի մէջ՝ թրքական զօրքերու իւրաքանչիւր յառաջխաղացմամբ: Ճոն Էլտըրի կողմէ հաւաքագրուած ապացոյցները կը բացայայտեն, որ Արեւելեան Հայաստանը զերծ չմնաց երիտթուրքերու իրականացուցած ցեղասպանութեան հետեւանքներէն: 1919 Յունուար 16-ին ան գրած էր. «Փախստականներու շրջանին հոլոքոստ [ու սպանդ] է տեղի ունեցած»:

Ցուցահանդէսին բացումը պիտի ըլլայ սահմանափակ՝ միայն հրաւիրատոմսերով, որուն ներկայ պիտի գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն պաշտօնեաներ, որմէ ետք այն կը ցուցադրուի մինչեւ Օգոստոս 25՝ ազատ մուտքով:

yerakouyn.com/2018/08/07/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail