07 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 –
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան ԱԴԾ Սահմանապահ վարչութեան Արտաշատի սահմանապահ ուժերը ձերբակալած են հայ-թրքական սահմանը անօրինական կերպով հատած տղամարդ մը:
ՌԴ ԱԴԾ Սահմանապահ վարչութեան լրատուական ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախնական ստուգման իբրեւ արդիւնք՝ պարզուած է, որ սահմանախախտը Պանկլատէշի Ազգային Հանրապետութեան քաղաքացի է:
Ան՝ սահմանուած կարգով՝ փոխանցուած է ՀՀ իրաւապահ ուժերուն: Ներկայիս կ՝իրականացուին անհրաժեշտ քայլեր՝ դէպքի բոլոր մանրամասները պարզելու համար:
Յիշեցնենք, որ վերջին երկու շաբաթուան ընթացքին ասիկա հայ-թրքական սահմանը ապօրինի հատելու երրորդ դէպքն է: Առաջին անգամ Աֆղանիստանի քաղաքացիներ էին, երկրորդ անգամ՝ Թուրքիոյ:
yerakouyn.com/2018/08/07