Նոր Հայաստանի կամ յեղափոխուած Հայաստանի որդեգրած սկզբունքներուն մէջ, կարեւորագոյն տեղ կը թուի գրաւել, ըստ երեւոյթին, Հայաստան-Սփիւռք կապերուն կամ փոխյարաբերութիւններուն՝ նոր թափ ու որակ, նոր ուղեգիծ, նոր տեսլական տալու գերխնդիրը…Վկայ՝ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի խօսքը «Արմէնփրես»ին ի պատասխան լրագրողներու տուած հարցին:
Մենք խօսում ենք ազգային միասնութեան մասին, խօսում ենք այն մասին, որ սա փոքր երկիր է, բայց մեծ ազգ՝ աշխարհով մէկ։ Շարժման օրերին մենք տեսանք, թէ ինչպէ՛ս էին աշխարհի տարբեր երկրներից մեր հայրենակիցներն ակտիւօրէն մասնակցում։ Ոմանք ակտիւ էին սոցիալական ցանցերում, ոմանք՝ անձամբ գալիս էին։ Հիմա հարց է ծագում, արդեօ՞ք Սփիւռքը իսկապէս նրա համար է, որ դրսից դրամ ուղարկի եւ որեւէ իրաւունքներ, մասնակցութիւն չունենայ երկրի զարգացմանը։ Ես կարծում եմ, որ դա բացարձակապէս սխալ մօտեցում է”:
Նոյնանման տեսակէտ արտայայտած էր նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Ցարդ Հայաստանի Հանրապետութեան վարիչները Սփիւռքէն ակնկալեցին գերազանցօրէն նիւթական միջոցներ, ներդրումներ, ամբողջովին անտեսելով Սփիւռքի (խօսքս առաւելաբար աւանդական սփիւռքի մասին է) գաղափարները, մտածողութիւնը, հոգեմտաւոր դաշտը, անոր տագնապներն ու մղձաւանջը ինչ կը վերաբերի անոր հայ մնալու, հայօրէն յարատեւելու խնդրին, անոր հողային Դատին, Պահանջատիրութեան, անոր կազմակերպչական հարցերուն, անոր վաղուան ու գալիքին, երբ օրէ ցօր կը խամրի անոր հայեցի ինքնութիւնը՝ լեզուն ու մշակոյթը, հայկականութեան բաղադրիչ տարրերը, հաւատքը….
Վկայ՝ Հայաստան-Սփիւռք վեց խորհրդաժողովները, որոնց Հռչակագիրները յաջորդաբար զիրար կրկնեցին քիչ տարբերութեամբ եւ մնացին ձայն բարբառոյ յանապատի…: Այդ խորհրդաժողովները դարձան կարծէք թատերական ներկայացումներ, ծիսակատարումներով եւ ցուցադրական հռետորաբանութեամբ, ընդունելութիւններով, բազմազան ելոյթներով, որոնք մատը արիւնող վէրքին վրայ չդրին, իսկ եթէ դրին շատ քիչերու կողմէ՝ անտեսուեցան ամբողջովին:
Վկայ՝ այն յոխորտանքը, արտայայտուած առաջին ՀՀ արտգործնախարարի (Վահան Փափազեանի) բերնով, որ «Մենք ոչ մէկ կարեւորութիւն կու տանք սփիւռքահայ մամուլին եւ հոն հնչած կարծիքներուն…»
եւ նման մօտեցումը արդէն ակներեւ էր, երբ Սփիւռքի մամուլին դոյզն կարեւորութիւն չտրուեցաւ ՀՀ կառավարութեան կողմէ, իմանալու համար գէթ թէ սփիւռքը՝ իր տարբեր հոսանքներով, ի՞նչ կը մտածէր, ինչո՞վ կը տուայտէր, ինչո՞վ կը մտահոգուէր, ի՞նչ խնդիրներով կ’ապրէր ան…
Արդեօ՞ք Հայաստանի անցեալ դարձած կառավարութիւնները բնաւ ջանք ի գործ դրի՞ն ճշմարտօրէն եւ ի խորոց ճանչնալու Սփիւռքը, որպէս մտածող, դատող, ստեղծագործող ազգային հաւաքականութիւն, որպէս հայրենազրկուած ու տարագիր հաւաքականութիւն, որ ունի Հողային Դատ յատկապէս, ոչ՝ որպէս հարուստներու եւ դրամատէրերու հասցէներ…., եւ ոչ միայն որպէս «Արի Տուն» ծրագրով սոսկ բաւարարուող հաւաքականութիւն…
Ժողովրդական լեզուով ըսած՝ Սփիւռքը գերազանցօրէն նկատուեցաւ ՀՀ իշխանութեանց կողմէ, որպէս կթան կով, որպէս նիւթական օժանդակութեան աղբիւր, որ պէտք է լիաբուռն տայ Հայաստանին, անհաշիւ ու անսակարկ, եւ փոխարէնը ոչինչ պահանջէ անկէ: Հրապարակ նետուեցաւ Հայաստանակեդրոն Սփիւռք լոզունգը, այսինքն՝ ամէն ինչ Հայաստանի համար, ինչ որ էական գործօն դարձաւ որ Սփիւռքը տակաւ կորսնցնէ՝ իր հայապահպանումի եւ հայակերտումի ամրոցներու հզօրութիւնն ու կենսունակութիւնը պահելու ամբողջանուէր կեցուածքն ու յանձնառութիւնը, փակէ իր կարեւորագոյն վարժարաններէն շատեր եւ իր համակ ուշադրութիւնը սեւեռէ Մայր Հայաստանին, տակաւ խրելով ինքնամոռացման ճահիճին մէջ:
Դժուար չէ կանխատեսել որ ինքնամոռաց Սփիւռք մը ի վերջոյ կը կորսնցնէ իր գոյութեան իմաստը, իր Պահանջատիրութեան դատը, եւ նոյնիսկ իր հայկականութիւնը…
Չենք ուզեր երբեք նսեմացնել անփոխարինելի արժէքը հայրենիքի տեղին ու դերին եւ քաջ գիտակից ենք, որ առանց հայրենիքի՝ ի զուր են սփիւռքի բոլոր ճիգերը հայապահպանման գծով եւ մանաւանդ կ’ըմբռնենք լիովին որ հայոց պատմութիւնը կը կերտուի միայն Մայր հողին վրայ, Արարատի հայեացքին ներքոյ եւ ոչ՝ սփիւռքի լպրծուն մայթերուն վրայ…
Բայց համոզուած ենք որ զօրաւոր սփիւռքը միայն կրնայ երկարաժամկէտ եւ ծրագրաւորեալ կերպով աջակից ու զօրակից ըլլալ Հայաստանին, իսկ զօրաւոր սփիւռքը վերակազմակերպուած սփիւռքն է, իր ընտրովի կայացած Ներկայացուցչական Մարմնով, որ կարենայ զայն ներկայացնել՝ բոլոր հարթակներու վրայ, որ կարենայ խօսիլ իր անունով լիիրաւ եւ լիազօր հանգամանքով:
Ո՛չ մէկ կուսակցութիւն, ոչ մէկ կառոյց կրնայ ներկայիս լիարժէք ներկայացնել սփիւռքը, եւ եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացուած է իր կառավարութեամբ, ո՞վ պիտի ըլլայ անոր հետ խօսող հասցէատէրը սփիւռքի մէջ…:
Ո՞վ է Սփիւռքը վերջապէս եւ ո՞վ իրաւասու է անոր անունով խօսելու: Սա մտածելու խնդիր է որոշապէս:
Ներկայիս, մեզի լաւատեսութիւն կը ներշնչէ ազգընտիր վարչապետ ունենալու պարագան, որուն մօտեցումը սփիւռքին վստահաբար պիտի ըլլայ ամբողջովին տարբեր նախկինէն:
Նոր Հայաստանի վարիչները վստահաբար աւելի արդիւնաւէտ պիտի օգտագործեն սփիւռքի հոգեմտաւոր, բարոյական, մասնագիտական, տնտեսական ներուժը, առանց արհեստական խոչընդոտներ ստեղծելու այդ գծով, եւ միաժամանակ գուցէ սատարեն որ վերակազմակերպուի սփիւռքը, իրենց հեղինակութիւնը եւ լծակները ի սպաս դնելով զայն ներկայացուցչական Մարմինով մը օժտելու անչափ էական գործին:
Քանզի, ինչպէս կը գրէ Փրոֆ. Երուանդ Հ. Քասունի, «Միայն Սփիւռքակեդրոն Սփիւռք մը կրնայ Հայաստանակեդրոն Սփիւռք ըլլալ», ինչ որ կը պարտաւորեցնէ Համասփիւռքեան Կեդրոնական Ժողովի մը գոյառումը…
Զուգահեռաբար, անոնք պիտի սերտացնեն բաղձալիօրէն Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կապերը, լուծեն վերջապէս դասական ուղղագրութեան վերադարձի գերխնդիրը, որ անչափ պիտի ամրապնդէր Հայաստան-Սփիւռք հոգեւոր-մշակութային կապերը, նոր իմաստ տար «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» ցարդ բովանդակազրկուած լոզունգին…
Սփիւռքը կենսական, ճակատագրական կարիքը ունի Հայաստանի ծնողական, հոգատար վերաբերմունքին, այնպէս ինչպէս Հայաստանը էական կարիքը ունի սփիւռքի որդիական զօրավիգին, նեցուկին: Համայն հայութեան ամբողջականացման իրագործումով միայն, մենք կրնանք յաջողութեամբ դիմագրաւել ներկայ մարտահրաւէրները եւ դառնալ հզօր ազգ ու հզօր երկիր:
Եւ ինչպէս անչափ իմաստալից կերպով կ’արձանագրէ Տոքթ. Մ. Ս. Գաբրիէլեան, դեռեւս 1912-ին՝ «Եթէ օր մը քաղաքակրթեալ հայ ժողովուրդ մը Արեւելքի մէջ գոյութիւն պիտի ունենայ, այն պիտի կրնայ ըլլալ շնորհիւ հզօր օժանդակութեանը, զոր արտասահմանի հայերը պիտի ընծայեն հայկական վերածնութեան այդ դժուար գործին համար**):
Յուսանք եւ սպասենք:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
**Մէջբերումը՝ Երուանդ Հ. Քասունիի «Լուսարձակի տակ» գիրքէն, էջ՝ 214
azadkhosk.com/khempakragan8201.html