«ԱԿՕՍ» խմբագրական՝ Ուրկէ՞ ելաւ այս յայտարարութիւնը

03 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԿՐՕՆԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՏՈՒԿ ՀԱՐՑԵՐ:

Թուրքիոյ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու կրօնապետերուն համատեղ յայտարարութիւնը նախ եւ առաջ իրենց համայնքներէ ներս զարմանք ու շուարում յառաջացուց: Ի՞նչ պատահած էր որ հոգեւոր ու աշխարհական այսքան մեծ թիւով առաջնորդ նման յայտարարութիւն մը ստորագրած էին:

Ապա պարզուեցաւ թէ այս ելոյթը կատարուած էր ԱՄՆ նախագահ Թրամբի օգնական Մայք Փենսի պատուելի Պրանսընի մասին մեկնաբանութիւններուն իբր պատասխան: Կարգ մը հիմնարկներու վարիչներու համաձայն այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ «Թուրքիոյ մէջ պաշտամունքի ազատութիւն գոյութիւն չունի» խօսքը հերքելու համար:

Փենս, անհանգստութիւն պատճառող իր ելոյթին մէջ Պրանսընի ակնարկելով «Հաւատքին բերումով զուլումի ենթարկուած զոհ մը կայ, չենք կրնար անտեսել» ըսած էր:

Անշուշտ կարելի է այս նախադասութեան առարկել: Բայց անհասկնալի է այսքան մեծ թիւով համայնքապետի շարժման անցնելով «Մեր վրայ ճնշում չկայ» ըսելը:

Խնդիրները յայտնի են: Բազմաթիւ աղօթատեղիի դրան «ապահովութեան մտահոգութեամբ» ոստիկանական հսկողութիւն կայ: Հեյպելի կղզիի յունաց դպրեվանքը կը շարունակէ փակ մնալ: Հայեր չեն կրնար ընտրել պատրիարքը:

Ասորիներ կը պայքարին առգրաւուած իրենց կալուածներուն վերատիրանալու համար: Թէեւ պաշտամունքի արգելք մը չկայ, բայց ամէն ինչ համայնքապետերուն յայտարարութիւնը արդարացնելու առումով այդքան ալ մաքրամաքուր չէ:

Անգամ մը եւս կ’ապրինք 100 տարուայ ծանօթ սովորութիւններու կրկնութիւնը:

Ըստ երեւոյթի վարչական դիրքի մէջ ներկայացողները այս նիւթի դիմաց յարմար դատած են ելոյթով մը հանդէս գալ: Նման առաջարկ մը ստացողներըն ալ խուսափած են մերժելէ կամ անհաղորդ մնալէ: Կարգ մը շրջանակներէ այս մասին թելադրանքներ եղա՞ծ են կամ ոչ, չենք գիտեր: Յուսանք չէ եղած:

Սակայն իմացէք որ այս տեսակի յայտարարութիւնները ոչ թէ «ճնշումներու չենք ենթարկուած» ըլլալով կ’ընկալու, այլ «Եթէ չստորագրենք խնդիր կը ծագի» ըլլալով:

agos.com.tr/am/hvotvadzi/21066

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail