25 սեպտեմբեր 2015
Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան կրթական ծրագրին համաձայն` միջնակարգ դպրոցի 8-րդ դասարանին մէջ կը դասաւանդուի «Յեղափոխութեան պատմութիւն եւ քեմալիզմ» նիւթը: Համանուն դասագիրքը լոյս տեսած է 2014 թուականին եւ նախարարութեան որոշմամբ 5-ամեայ ժամկէտով ներառուած պիտի ըլլայ հանրակրթական ծրագրին մէջ, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Թրքական «Radikal» թերթի կայքի տեղեկացմամբ` այդ դասընթացքի ծիրէն ներս հայերը կը ներկայացուին որպէս «թշնամական ուժերու հետ համագործակցակցութեան մէջ մտած ազգային փոքրամասնութիւն»:
Թրքական դասագիրքին մէջ կը նշուի, թէ իբր հայերը արտաքսուած են միայն կովկասեան ճակատի մերձակայ բնակավայրերէն, քանի որ այդ ճակատին վրայ համագործակցած են հակառակորդ ռուսերու հետ ու թիկունքէն հարուածած թրքական բանակը:
«Հակառակ Թալէաթ փաշայի անձնական գրառումներէն («Evrak ı metruke») պարզ կը դառնայ, որ հայերը իրականութեան մէջ տեղահանուած են աւելի ընդարձակ տարածքներէ, բայց ողջ դասագիրքին մէջ կը գերիշխէ այն թեզը, թէ անոնք տեղահանած են միայն Կովկասեան ճակատին յարակից բնակավայրերու հայերը»,- նկատել տուած է «Radikal»-ը:
Դասագիրքին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը գոցելու եւ արդարացնելու փորձ կ՛ըլլայ. ցեղասպանութիւնը կը բնութագրուի որպէս տեղականութիւն` ռազմական իրադրութենէն յառաջացած անվտանգութեան նկատառումներով անհրաժեշտութիւն: Իսկ Ապրիլ 24-ին հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնը Սթամպուլի մէջ` կը ներկայացուի որպէս հայ յեղափոխական առաջնորդներու ձերբակալութիւն:
Ընդհանուր առմամբ, դասագիրքին մէջ հայերու մասին կը պատմուի որպէս դաւաճան, թշնամու կողմը անցած ու առաջին համաշխարհային պատերազմի իրադրութիւնը պատեհ առիթ դարձած եւ նախայարձակ եղած ազգային փոքրամասնութիւն:
www.yerakouyn.com