Փոքրամասնութիւնները կը վայելեն կրօնքի ազատութիւնը

01.08.2018 – ԿՐՕՆԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:

Երկրի ազ­գա­յին եւ կրօ­նական փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը հա­մատեղ յայ­տա­րարու­թիւնով մը հրա­պարա­կեցին, թէ Թուրքիոյ մէջ գոր­ծող կրօ­նական փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու պաշ­տա­մունքի ազա­տու­թեան սահ­մա­նափա­կումներ կա­տարո­ւելու մա­սին լու­րե­րը բո­լորո­վին ան­հիմն են։ Յայ­տա­րարու­թիւնը ստո­րագ­րած են Յու­նաց Տիեզե­րական Պատ­րիար­քը, Հա­յոց Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանոր­դը, Հայ Կա­թողի­կէ Հա­մայնքի Վի­ճակա­ւորը, Հրէից Րա­բու­նա­պետը, Ասո­րի Ուղղա­փառ եւ Ասո­րի Կա­թողի­կէ, Քաղ­դէացի եկե­ղեցի­ներու հո­գեւոր առաջ­նորդնե­րը, հրեայ, հայ, յոյն, ասո­րի եւ հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքնե­րու աշ­խարհա­կան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը։ Հրա­պարա­կուած յայ­տա­րարու­թիւնը իս­կոյն շրջա­նառու­թեան դրո­ւեցաւ «Անա­տոլու աժանս» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան կող­մէ եւ արա­գօրէն տա­րածո­ւեցաւ ու ար­ձա­գանգ գտաւ տե­ղական եւ օտար մա­մու­լի մէջ։

Ար­ձա­գանգներ

Բնա­կանա­բար փոք­րա­մաս­նութեան հա­մայնքնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն այս ելոյ­թը դրա­կան ար­ձա­գանգ ու­նե­ցաւ կա­ռավա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րու եւ իշ­խա­նամէտ մե­տիայի մէջ։ Միւս կող­մէ ՀՏՓ կու­սակցու­թեան քրիս­տո­նեայ երես­փո­խան­ներ Կա­րօ Փայ­լան եւ Թու­մա Չե­լիք դա­տապար­տե­ցին կա­տարո­ւածը։

«Ակօս»ին տո­ւած բա­ցատ­րութեան մէջ Մար­տի­նի պատ­գա­մաւոր Թու­մա Չե­լիքի հա­մաձայն նոյ­նինքն նման հա­ղոր­դագրու­թեան մը հրա­պարա­կու­մը իսկ ապա­ցոյցն է մեր վրայ գոր­ծադրո­ւած ճնշումնե­րուն։ «Եթէ ազատ ենք ին­չո՞ւ հա­մար կար­գի­լուին հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րը։ Ին­չո՞ւ հա­մար տա­կաւին փակ է Յու­նաց դպրե­վան­քը։ Հա­յերը ին­չո՞ւ հա­մար չեն կրնար ընտրել իրենց պատ­րիար­քը»։

Տի­յապե­քիրի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան ալ «Թո­ւիթըր»ի իր գրա­ռու­մով դա­տապար­տեց հո­գեւո­րական­նե­րու այս յայ­տա­րարու­թիւնը։

Ի՞նչ եղաւ, ին­չո՞ւ եղաւ

Ինչ զար­մա­նալի է, որ քրիս­տո­նեայ եւ հրեայ հա­մայնքնե­րու առաջ­նորդնե­րուն աս ելոյ­թէն հա­զիւ քա­նի մը օր առաջ 19 Յու­լի­սին Սա­րըյէր Ար­մութլու թա­ղամա­սին ալե­ւինե­րու ժո­ղովա­րանը կ՚են­թարկո­ւէր շատ բիրտ սրբապղծու­թեան։ Ոս­տի­կան­ներ կը խու­ժէին աղօ­թատե­ղի՝ ջարդ ու փշուր կ՚ընէին այդ տե­ղի ալե­ւիական սրբան­կարնե­րը, կը մի­զէին սրբա­վայ­րին մէջ, հայ­հո­յանքներ կը գրա­ռէին պա­տերուն վրայ եւ ապա նաեւ կը ձեր­բա­կալէին սրբա­վայր վա­րիչ Զէյ­նեփ Եըլ­տը­րըմը։ Կա­տարո­ւածը տգեղ յար­ձա­կում մըն էր ուղղո­ւած սրբա­վայ­րի մը, բայց յայտնի է որ քրիս­տո­նեայ հո­գեւոր առաջ­նորդնե­րը նկա­տի չեն ու­նե­ցած այդ կա­տարո­ւածը եւ նա­խընտրած են հա­ճելի թո­ւիլ երկրի իշ­խա­նու­թեան։

Բո­լորո­վին անսպա­սելի պա­հուն ներ­կա­յացող այս յայ­տա­րարու­թիւնը բնա­կանա­բար կը յա­ռաջաց­նէ կարգ մը հար­ցումներ։ Թէ ին­չո՞ւ կամ ի՞նչ դրդումնե­րով կա­րիք զգա­ցուե­ցաւ նման յայ­տա­րարու­թեան։ «Ակօս»ի այս մա­սին զա­նազան շրջա­նակ­նե­րուն ուղղած հար­ցումնե­րը ընդհան­րա­պէս կը կեդ­րո­նանա­յին այն վար­կա­ծին, թէ ԱՄՆ պետ քար­տուղար Մայք Փենս վեր­ջերս ար­տա­սանած ելոյթնե­րէն մէ­կուն Թուրքիան քննա­դատած էր կրօն­քի ազա­տու­թեան վրայ ճնշում բա­նեց­նե­լու մե­ղադ­րանքով։ Ար­դա­րեւ կա­ռավա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րը այդ պայ­մաննե­րու տակ կա­րիքը զգա­ցած էին նման հեր­քումի մը, որ պի­տի գար ուղղա­կիօրէն խնդրին են­թա­կայ կող­մե­րէն։

Պէտք է նշել, որ Թուրքիոյ մէջ այ­լեւս մար­դիկ որոշ պատ­կե­րացում ու­նին խնդիր­նե­րու ինչ գետ­նի վրայ յա­ռաջա­նալու մա­սին, ար­դա­րեւ հո­գեւոր առաջ­նորդնե­րու այս տե­սակի ելոյթներն ալ ակնկա­լուած ազ­դե­ցու­թիւնը գոր­ծե­լէ հե­ռու մնա­լու դա­տապար­տո­ւած են։ Այս վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րէն ետք Նա­խագա­հի բամ­բեր Իպ­րա­հիմ Քա­լըն ըն­դունե­լու­թիւն մը սար­քեց ի պա­տիւ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հա­մայնքա­պետերուն։

agos.com.tr/am/hvotvadzi/21057/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail