Թրամփ.«Իրանի Հետ Առեւտուր Ընող Ոեւէ Մէկը Մեզի Հետ Առեւտուր Պիտի Չընէ»

08 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ յայտարարեց, որ Իրանի դէմ ամերիկեան նոր պատժամիջոցները երբեւէ սահմանուած պատժամիջոցներէն ամէնէն խիստն են` զգուշացնելով, որ Իրանի հետ համագործակցող երկիրները պիտի չկարենան համագործակցիլ Միացեալ Նահանգներու հետ:

«Նոյեմբերին անոնք պիտի բարձրացուին ա՛լ աւելի բարձր մակարդակի: Ոեւէ մէկը, որ առեւտուր կ՛ընէ Իրանի հետ, առեւտուր պիտի չընէ Միացեալ Նահանգներու հետ: Ես խաղաղութիւն կը խնդրեմ ամբողջ աշխարհի համար», գրած է ան «Թուիթըր»-ի վրայ:

Նախքան Թրամփի յայտարարութիւնը, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ողջունեց Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու վերականգնումը եւ եւրոպական երկիրներուն կոչ ուղղեց հետեւելու Միացեալ Նահանգներու օրինակին:

«Ես կոչ կ՛ուղղեմ եւրոպական երկիրներուն, որոնք կը խօսին Իրանը զսպելու մասին` միանալու այդ նախաձեռնութեան: Անցած է խօսքերու ժամանակը, եկած է գործերու ժամանակը: Այդպէս կը վարուին Միացեալ Նահանգները, այդպէս պէտք է վարուի Եւրոպան», ընդգծեց ան:

Գերմանական ինքնաշարժներու ընկերութիւններու խումբը յայտարարեց, որ անորոշ թուականով կը դադրեցնէ իրանեան ընկերութիւններու հետ «Մերսետես» բեռնատարներու միացեալ արտադրութիւն եւ վաճառքի նախագիծի իրականացումը:

aztagdaily.com/archives/404326

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail