Քանատա Պիտի Չփոխէ Իր Դիրքորոշումը Մարդու Իրաւունքներուն Առնչուող Հարցերուն Վերաբերեալ» Կ՛ըսէ Ֆրիլանտ

08 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Քանատան պիտի չփոխէ իր դիրքորոշումը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրին վերաբերեալ: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Քրիսթիա Ֆրիլանտ` անդրադառնալով Ռիատէն Քանատայի դեսպանը արտաքսելու Սէուտական Արաբիոյ որոշումին:

«Մենք կը շարունակենք մնալ նոյն դիրքորոշումին վրայ, որուն մասին յայտարարած ենք: Մենք հետագային ալ պիտի շարունակենք հանդէս գալ ի պաշտպանութիւն կիներու իրաւունքներուն եւ մտադիր չենք նահանջել», յայտարարած է նախարարը` աւելցնելով, որ Քանատան առաջին անգամը չէ, որ կը բարձրաձայնէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը:

Ֆրիլանտ ընդգծած է, որ Օթաուան «խորապէս մտահոգ է իր դեսպանին արտաքսումով` ի պատասխան թագաւորութեան մէջ ձերբակալուած գործիչներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար կատարուած քանատական կողմի յայտարարութեան»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քանատայէն տուն կանչած էր իր դեսպանը, իսկ Ռիատի մէջ Քանատայի դեսպանը նկատած էր անբաղձալի անձ մը, որ պէտք է 24 ժամուան ընթացքին հեռանայ երկրէն:

Սէուտական Արաբիա Քանատան ամբաստանեց իր ներքին հարցերուն միջամտութեան համար եւ սառեցուց Քանատայի հետ առեւտրական ու ներդրումային բոլոր նոր գործարքները: Սէուտական օդանաւային ընկերութիւնը եւս դադրեցուց դէպի Քանատա իր բոլոր թռիչքները:

Պահրէյնը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Սուտանը, Պաղեստինեան իշխանութիւնն ու Արաբական լիկան զօրակցութիւն յայտնեցին Սէուտական Արաբիոյ:

aztagdaily.com/archives/404325

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail